կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-04-28 18:26
Աշխարհ

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-Ամեակը Գանատայի Մէջ Ոգեկոչուեցաւ առցանց

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-Ամեակը Գանատայի Մէջ Ոգեկոչուեցաւ առցանց

Գանատայի հայկական համայնքը եւս, նախաձեռնութեամբ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակը ոգեկոչեց առցանց տարբերակով, զոր սփռուեցաւ ընկերային ցանցերու հարթակներուն վրայ

(«Հորիզոն») – Հայ ժողովուրդը՝ Ի Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի, Ուրբաթ 24, Ապրիլ 2020-ին, ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ ամեակը եւ ճանաչումի ու պահանջատիրութեան սկզբունքով՝ խոնարհեցաւ Մեծ Եղեռնի սրբադասուած նահատակներու յիշատակին առջեւ, ի հեճուկս համաճարակին պարտադրած առցանց ձեւաչափի կիրարման:

Գանատայի հայկական համայնքը եւս, նախաձեռնութեամբ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակը ոգեկոչեց առցանց տարբերակով, զոր սփռուեցաւ ընկերային ցանցերու հարթակներուն վրայ:

Ոգեկոչման առցանց տարբերակը կ՚ապահովէր, որ Գանատայի հայ համայնքը մնայ համավարակի վտանգէն զերծ, միաժամանակ՝ հնարաւորութիւն ունենայ  ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու յիշատակը:

Ոգեկոչման Հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցան գանատացի պետական ու քաղաքական դէմքեր, համայնքի ղեկավարներ ու հոգեւոր առաջնորդներ, ցուցարուեցաւ վաւերագրական տեսերիզ՝ ցեղասպանութեան վերաբերեալ Գանատայի մարդասիրական գործունէութեան մասին, ինչպէս նաեւ ներկայացուեցաւ հայ երիտասարդութեան խօսքը։

Հանդիսավարն էր՝ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան անդամ Արիանէ Թասլաքեան:

Ուղերձով հանդէս եկաւ Գանատայի Վարչապետ Ճասթին Թրուտօ, որ խստօրէն դատապարտեց Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ անգամ եւս վերահաստատեց Գանատայի պետութեան հաստատ կեցուածքը այս ուղղութեամբ: Ան շեշտեց մարդկութեան դէմ գործուած այս ոճիրը յիշելու եւ յիշեցնելու կարեւորութիւնը, յարգելով Հայոց Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն նահատակներու յիշատակը: Ան նաեւ շեշտեց, որ աւելի քան հարիւր տարի առաջ գործուած այս ոճիրը պէտք է յիշեցնէ համայն մարդկութեան, որ անտարբեր ու լուռ չմնան ատելութեան, խտրութեան եւ վայրագութեան արարքներու դիմաց: Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ Գանատան երբեք պիտի չմոռնայ եւ միշտ պիտի յիշէ Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը:

Այնուհետեւ, Գանատայի Պաշտօնական Ընդդիմութեան եւ Պահպանողական Կուսակցութեան ղեկավար Անտրու Շիր իր ուղերձին մէջ վերահաստատեց իր կուսակցութեան վճռակամ դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ: Ան նշեց, որ 1,5 միլիոն նահատակներու աւանդը վերյիշելով, պէտք է դասեր քաղենք պատմութեան տխուր էջերէն եւ ճանչնանք զայն որպէս մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր եւ ցեղասպանութիւն: Շիր աւելցուց, որ Գանատայի Պահպանողական կուսակցութինը միշտ պիտի կանգնի Հայ ժողովուրդին եւ արդարութեան կողքին եւ պիտի ընէ իր կարելին, որ նման յանցագործութիւններ ճանաչում ստանան եւ երբեք չկրկնուին:

Գանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան իր ուղերձին մէջ նշեց, որ Ցեղասպանութիւնը ոճիր մըն էր, որ ուղղուած էր ոչ միայն հայութեան, այլեւ ողջ մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ: Ան ըսաւ, որ որպէս Պետութիւն, որպէս 20-րդ դարասկիզբի առաջին ցեղասպանութիւնը վերապրած ժողովուրդ, մեր պարտքը պէտք է ըլլայ հետեւողականօրէն պայքարիլ մարդկութեան դէմ իրագործուած ամենադաժան յանցագործութեան՝ ցեղասպանութեան բոլոր դրսեւորումներուն դէմ, ազգատեացութենէն մինչեւ բնաջնջում, անտարբեր լռութենէն, ատելութեան սերմանումէն մինչեւ ժխտում: Ապա, դեսպան Յարութիւնեան շեշտեց.- «Յիշատակի այս պահին` կը ցանկանայի վերահաստատել Հայաստանի եւ հայ ժողովրդի խորին երախտագիտութիւնը Գանատայի իշխանութիւններին եւ ժողովրդին` մեր պատմութեան ամենադաժան ժամանակահատուածում ցուցաբերած բացառիկ համերաշխութեան, եւ Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանաչելու եւ դատապարտելու համար»:

Յանուն ՀՅԴ Բիւրոյին, ուղերձով հանդէս եկաւ Բիւրոյի ներկայացուցիչը՝ Ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Ան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը նոյն վճռականութեամբ ու յանձնառութեամբ, այս տարի եւս կ’ոգեկոչէ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցը, հաստատուն մնալով ցեղասպանութեան համատարած ճանաչման, դատապարտման եւ հատուցման սկզբունքներուն: Ան նշեց, որ «ճանաչումը առաջին հանգրուաններէն մէկն է, արդարութեան վերականգման միջոցներէն մին, մինչ նպատակը՝ մեր իրաւունքներու ձեռքբերումը անհատական ու հաւաքական մակարդակներով, մանաւանդ՝ հողային պահանջատիրութեան ծիրէն ներս»: Ան գնահատեց Հայ Դատի նուիրեալ ծառայողներն ու երախտագիտութիւն յայտնեց Գանատայի պետութեան եւ ժողովրդին:

Յանուն Գանատայի ՀՅԴ մեծ ընտանիքին, ուղերձով հանդէս եկաւ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ընկ. Մհեր Գարագաշեան: Ան նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դեռ եւս կը շարունակուի, որովհետեւ ոճիրը կը մնայ անպատիժ ու անհատոյց, որովհետեւ Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդ թրքական պետութիւնը իր հիմերը նետած կը մնայ հայութենէն խլած հողերուն վրայ, որովհետեւ մեր դարաւոր բնօրանէն տարագրուած հայութեան յաջորդական սերունդներ դատապարտուած կը մնան մաշեցնող դանդաղ մահուան՝ կորսնցնելով ազգային ինքնութիւնն ու համրանք, եւ վերջապէս Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի, որովհետեւ Թուրքիան ու Ատրպէյճանը գրեթէ երեք տասնամեակներ, ձեռք ձեռքի տուած, Հայաստանը կը պահեն երկկողմանի պաշարման մէջ, իսկ Արցախեան հարցին կու տան թրքավարի լուծումներ, որ կը միտի հայութեան ի սպառ ոչնչացման: Ան մատնանշեց, որ այս տարի Հայոց Ցեղասպանութեան 105 ամեակին կ’ուղեկցի Սեւրի Ուիլսընեան դաշնագրի 100 ամեակը, որ հիմնաքարը պէտք է ըլլայ մեր նպատակաուղղուած պահանջատիրութեան ու դատին: Ան իր ելոյթը եզրափակեց, նշելով, որ ամենուրեք ու ամէն վայրկեան, ՀՅ Դաշնակցութիւնը ծառայութեան առաջին գիծին վրայ պիտի մնայ, յանուն հայ ժողովուրդի երազներուն իրականացման ու յաւերժական երթին:

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի անունով ելոյթ ունեցան յանձնախումբ Ատենապետը՝ Ընկ. Հրակ Տարաքճեանն ու Փոխ-Ատենապետը՝ Ընկ. Շահէն Միրաքեանը:

Հուսկ, ներկայացուեցաւ նաեւ հայ երիտասարդութեան խօսքը։ Ելոյթ ունեցան Արմէն Գարօ Ուսանողական Միութեան, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական ու Պատանեկան Միութիւններու ներկայացուցիչները:

Եզրափակիչ խօսքով ելոյթ ունեցաւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան: Ան ըսաւ, որ Հայկական Ցեղասպանութեան 105-ամեակին, անգամ մը եւս կը խոնարհինք մեր սրբադասեալ նահատակներուն յիշատակին առջեւ, մեր աղօթքներով կը դիմենք անոնց բարեխօսութեան եւ կ’ուխտենք աննահանջ շարունակել անոնց կտակին իրականացման պայքարի ուխտը։ Ան շեշտեց, որ նահատակներուն ժառանգորդներուս պարտքն է անոնց յիշատակը, հաւատքի խայծը անմար պահել մեր նոր սերունդներու սրտին ու կեանքին մէջ։ Սրբադասուած նահատակներուն կտակին տէր կը կանգնինք, երբ մեր մէջ ապրեցնենք եւ միասնական ճիգերով անոնց անաւարտ երազները իրականացնենք ու կենսագործենք։ Այդ պատգամը տարուէ տարի կը վերանորոգուի ու մեր հոգիներուն մէջ այսօ՛ր ալ կը հնչէ նոյն ուժգնութեամբ, Ապրիլ 24-ին եւ տարուան իւրաքանչիւր օրը, եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը։

Նշենք, որ հանդիսութիւնը յագեցած էր գեղարուեստական յայտագրով, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան Էլի Պէրպէրեանն ու Վաղօ Ադամեանը: