Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմը երէկ այցելեցին Պիքֆայա` շնորհաւորական տեսակցութիւն ունենալու համար Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ` իր գահակալութեան 25-ամեակին առիթով:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի ներկայացուց այցելութեան նպատակը, լրիւ կազմով ներկայանալու հանգամանքը եւ յանուն Լիբանանի Դաշնակցութեան շնորհաւորեց վեհափառը իր գահակալութեան 25-ամեակին առիթով:
Յ. Բագրատունի վեր առաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն ծանր պայմաններուն մէջ վեհափառ հայրապետին այդ օրերուն իբրեւ առաջնորդ ծառայութեան նուիրուածութիւնը, խիզախութիւնն ու ժողովուրդի կարիքներուն հասնելու նախանձախնդրութիւնը: Ապա յատուկ կերպով անդրադարձաւ վեհափառի 25-ամեայ բեղուն գործունէութեան` եկեղեցականէն հրատարակչական, միջազգայինէն համասփիւռքեան եւ համահայկական, եւ յատկապէս պահանջատիրական առումով Հայ դատի համընդհանուր գործունէութեան մէջ իր բերած մեծ աւանդին:
Վեհափառը իր կարգին գնահատանքով անդրադարձաւ Դաշնակցութեան կառոյցներու բոլորանուէր աշխատանքին, ծառայութեան ոգիի տարբեր դրսեւորումներուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն-Դաշնակցութիւն համագործակցութեան: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը շեշտը դրաւ նոյն ոգիով յատկապէս ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ ժողովուրդի զանազան կարիքներուն հասնելու հրամայականին վրայ` շեշտելով Ազգային առաջնորդարանի, կուսակցութիւններու եւ միութենական կառոյցներու համակարգուած աշխատանք իրականացնելու կարեւորութիւնը: Ապա վեհափառը գնահատեց տարբեր շրջաններու մէջ լիբանանահայութեան ի նպաստ տարբեր աշխատանքները, որոնք համահայկական զօրակցութեան բնոյթ ստացան: Ինչպէս նաեւ արժեւորեց նուիրատու այն անհատները, որոնք գիտակից ստեղծուած ճգնաժամային պայմաններուն` իրենց մասնակցութիւնը բերին օժանդակութեան աշխատանքներուն:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ նաեւ խորհրդակցելու լիբանանահայութեան առջեւ ծառացած խնդիրներուն եւ հետագայ աշխատանքները ծրագրելու մասին:
aztagdaily.com