կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-07-26 13:37
Քաղաքական

Հայաստանի Դեսպանին Հանդիպումը ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէին Հետ

Հայաստանի Դեսպանին Հանդիպումը ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէին Հետ

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեան Չորեքշաբթի, 24 Յուլիսի երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին հետ, անոր կեդրոնատեղիին մէջ, Կլենտէյլ։

Առաւել քան մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին կողմերը քննեցին Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ արծարծեցին Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան տարածքին մէջ ապրող հայութեան դերակատարութիւնը՝ այդ նախապատուութիւնները ջատագովելու ջանքերուն մէջ։

Հանդիպման սկիզբը, դեսպանը արտայայտեց իր խոր երախտագիտութիւնը եւ յարգանքը՝ Հայաստանի շահերը պաշտպանելու գործին մէջ ՀՅԴի որդեգրած դիրքորոշման նկատմամբ, որմէ ետք ան տեղեկութիւններ փոխանցեց մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ իր գործունէութեան մասին, որուն նպատակն է ամրապնդել Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգերու միջեւ յարաբերութիւնները։ Ան նաեւ մանրամասնութիւններ տուաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Հայաստանի խորհրդարանի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի Ուաշինկթըն կատարած այցելութիւններուն արդիւնքներուն մասին, յոյժ կարեւոր համարելով յատկապէս Մնացականեանի մասնակցութիւնը՝ կրօնական ազատութեանց պաշտպանութեան միջազգային համաժողովին, որ կազմակերպուած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ եւ Միրզոյեանի հանդիպումները Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսիին եւ Ծերակոյտի ղեկավար Միչ ՄըքՔանըլի հետ։

Դեսպան Ներսէսեան նաեւ դրուատեց ամերիկահայութեան կարեւր դերակատարութիւնը Հայաստանին յաւելեալ 40 միլիոն տոլարի աջակցութիւն ապահովելու (ներկայացուցած քոնկրեսական Ճեքի Սփիրի կողմէ), ինչպէս նաեւ Արցախի ապահովութեան նուիրուած (ներկայացուցած քոնկրեսականներ Պրետ Շըրմընի եւ Ճուտի Չուի կողմէ) առաջարկներուն վաւերացումը ապահովելու աշխատանքին մէջ։

Կողմերը նաեւ քննարկեցին Արցախի խաղաղութեան բանակցութեանց վերջին զարգացումները։

Դեսպանին կ՛ընկերանար Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան, հիւպատոսի խորհրդական Վարազդատ Պահլաւունի։

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի համաատենապետներ Աւետիք Իզմիրլեանի եւ տոքթ. Քարմէն Օհանեանի կողքին, խորհրդակցութեանց ներկայ էին նաեւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Լեւոն Կիրակոսեան եւ Մելքոն Մելքոնեան, ինչպէս նաեւ «Ասպարէզ» օրաթերթի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեան:

asbarez.com