կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-04-25 20:06
Քաղաքական

Թորոնթոհայութիւնը քաղաքական դէմքերու ներկայութեամբ արժանվայել ձեւով ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակը

Թորոնթոհայութիւնը քաղաքական դէմքերու ներկայութեամբ արժանվայել ձեւով ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակը

Ապրիլ է, եւ աշխարհով մէկ կը նշուի Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակը: Ամէնուեք կը յիշուի Հայոց Եղեռնը, ամէուրեք կը հնչեն կոչեր՝ թուրքը դատապարտելու, արդարութիւնը վերականգնելու եւ մանաւանդ Արցախը չյանձնելու: Արդարեւ Թորոնթոհայութիւնն ալ քաղաքական դէմքերու ներկայութեամբ ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակը Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, Շաբաթ, 23 Ապրիլ 2022-ին, կէսօրուան ժամը 1-ի:

Թորոնթոյի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած պաշտօնական այս ձեռնարկով, թորոնթոհայութիւնը անգամ մը եւս եկաւ հաստատելու, որ ինք տէրն է իր դատին, տէրն է իր իրաւուքներուն, տէրն է Արցախին եւ առանց ընկրկելու պիտի շարունակէ պայքարը մինչեւ հասնի իր դատի արդար լուծման:

Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու երգեցողութեամբ ընթացք առաւ ձեռնարկը, ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն եւ բոլոր ցեղասպանութիւններու նահատակներուն յիշատակը:

Ձեռնարկին ներկայ էին նահանգային ու դաշնակցային քաղաքական դէմքեր, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, տարբեր քաղաքապետարաններու խորհրդականներ, հանրային դպրոցներու հոգաբարձուներ, նահանգային գալիք ընտրութիւններու թեկնածուներ, Հայաստանի, Յունաստանի եւ Լիբանանի դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, Թորոնթոյի հայ եկեղեցիներու հոգեւոր հայրեր, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Օրուան հանդիսավար Ռոզալին Յովհաննէս ողջունեց ներկաները Հայ Դատի յանձնախումբին անունով եւ իր խօսքին մէջ շեշտեց Հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպիչները պատասխանատուութեան ենթարկելու կարեւորութիւնը: Ան ըսաւ. «Ժխտման եւ ուրացման արարքը կը քաջալերէ յանցագործները, որ շարունակեն վարել ցեղասպանական քաղաքականութիւն տասնամեակներ շարունակ:

Ռոզալին նշեց նաեւ, որ Թուրքիան ոչ միայն կը մերժէ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, այլեւ մասնակցելով Արցախի դէմ 2020-ի պատերազմին, կը հաստատէ, որ հայ ժողոովուրդի բնաջնջումը մինչեւ այսօր կը շարունակէ մնալ առաջնահերթութիւն իր պետութեան կողմէ հովանաւորուող:

Ռոզալին խօսքի աւարտին ներկաներու ուշադրութեան յանձնեց Հայաստանի ու Արցախի սահմաններուն վրայ օրէ օր զարգացող բռնութիւնները Ազրպէյճանի կողմէ կիրառուած: «Ազրպէյճան կը շարունակէ իր բռնութիւնները եւ դեռ այլ պատերազմի մը սպառնալիքը որպէս միջոց կ’օգտագործէ թեթադրելու իր պայմանները Հայաստանի կառավարութեան հետ: Այսօր Արցախի Հանրապետութեան թուլացումը հայութեան համար անընդունելի է, այլ խօսքով կարմիր գիծ, որու հատումը առաջ պիտի բերէ անդառնալի աղէտներ», եզրափակեց ան:

Հայ Դատի յանձնախումբին խօսքը ներկայացուց Սարգիս Գըլըպոզեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Որպէս ժառանգորդներ Հայոց Եղեռնէն վերապրողներու, որոնց նախահայրերը զոհ գացած են 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան, խորապէս կը գիտակցինք անարդարութեան դիմաց լուռ ու անտարբեր մնալու վտանգները: Թուրքիան միտումնաւոր ձեւով դաւադրութեամբ մասնակցեցաւ Ազրպէյճանի հետ Արցախի դէմ 44-օրեայ պատերազմին՝ վարձկան ճիհատիստներ մարզելով, զինելով, որպէսզի գրաւեն դարերով հայութեամբ բնակեցուած տարածքները: Միջազգային հանրութեան լուռ արձագանգը Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի սադրանքներուն ազդակ հանդիսացան յետագայ նոր բռնութիւններու աշխարհի ողջ տարածքին»:

Գանատայի կառավարութեան անունով հանդէս եկաւ խորհրդարանի անդամ եւ Հարաւային Օնթարիոյ Դաշնակցային տնտեսական զարգացման նախարար Դոկտ. Հելենա Ճազէք, ապա հանդէս եկաւ երեսփոխան Արիս Պապիկեանը եւ ներկայացուց Օնթարիոյ նահանգի վարչապետ Տակ Ֆորտի խօսքը:

Ելոյթ ունեցան նաեւ Թորոնթոյի քաղաքապետ Ժոն Թորի, ինչպէս նաեւ Պրամպթընի քաղաքապէտ Փաթրիք Պրաուն: Խօսք առաւ նաեւ նահանգային 2022-ի ընտրութիւններու թեկնածու Ճանըթըն Թցաու:

Օրուան հանդիսավարը կարդաց Գանատայի պաշտօնական ընդիմութեան՝ Պահպանողական կուսակցութեան, Դաշնակցային եւ նահանգային Նոր դեմոկրատ եւ Ազատական կուսակցութիւններու յղած ուղերձները Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին առիթով:

Կառավարական ու քաղաքական դէմքերը իրենց արտասանած խօսքերով ու յղած նամակներով արտայայտեցին իրենց յարգանքը հայ ազգին ու հայ դատին, հաստատեցին, որ իրենք կը սրտակցին եւ հայ ժողովուրդի կողքին կը կանգնին Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ոգեկոչման առիթով:

Անոնք անդրադարձան հայ համայնքին հետ իրենց ունեցած երկար տարիներու բարեկամական սերտ յարաբերութեան, վկայեցին տասնամեակներ շարունակ հայ հատուածի կարեւոր դերին, նուիրուածութեան ու մեծ ներդրումին Գանատայի տարբեր նահանգներուն մէջ:

Անոնք հաստատեցին, որ հայ ժողովուրդի դէմ կատարուած ոճրագործութիւնը մարդկութեան դէմ ոճիր է, զոր պէտք է դատապարտել ու պահանջել, որ երբեք չկրկնուի նման չարիք մարդկութեան դէմ:

Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան Արամ Շահպազեանը մեկնաբանելով Գուսան Աշոտի «Յուշարձաններ» երգը, եւ Անուշ Գալուստեանը մեկնաբանելով Կոմիտասի «Անտունի»-ին: Երկու մեկնաբանութիւններն ալ յուզիչ ու հոգեպարար էի միաժամանակ:

Ոգեւորիչ էր նաեւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կրստերներու երգչխումբի մեկնաբանած Շարլ Ազնաւուրի «Քեզ համար, Հայաստան» երգը: Նշենք նաեւ, որ բոլոր երգերուն նուագակցութիւնը կատարեց Թալին Գըլըպոզեանը:
Ձեռնարկի աւարտին ներկաները համախմբուեցան Ցեղասպանութեան յուշարձանին շուրջ եւ հոգեւոր հայերու աղօթքէն ետք ծաղիկներ զետեղեցին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելով նահատակներու յիշատակին: