Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակին նուիրուած ելոյթներու ծիրէն ներս, Կիրակի, 17 Ապրիլ 2022-ին, Քսանթիի մէջ գործող «Թրակիոյ արուեստի եւ աւանդութեան» հաստատութեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ քաղաքական ոգեկոչական ձեռնարկը, համակազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբին, Քսանթիի Թաղային խորհուրդի եւ Ա. Մակեդոնիոյ ու Թրակիոյ միջթաղային խորհուրդին: Ելոյթը կը հովանաւորէր շրջանի մարզպետարանը:
Ներկայ էին Առաջնորդական փոխանորդ եւ շրջանի հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս Ծ. վրդ. Սաղտըճեան, Քսանթիի մետրոպոլիտի ներկայացուցիչը, հելլէն կառավարութեան կողմէ Գաւալա նահանգի երեսփոխան պրն. Մաքարիոս Լազարիտիս, փոխ մարզպետը, քաղաքապետը, զօրաբաժինի ու ոստիկանութեան ներկայացուցիչները ու քաղաքական այլ դէմքեր: Ներկայ էին նաեւ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ Զապէլ Այվազեան, ինչպէս նաեւ Ա. Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ կառոյցներու ներկայացուցիչները:
Բացման խօսքը կատարեց տիկ. Մարիա Պարոնեան: Ան անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան շրջանէն մինչեւ 44-օրեայ արցախեան պատերազմի ժամանակաշրջանը տիրող կացութեան եւ շեշտեց, թէ հայութիւնը պիտի շարունակէ իր խաղաղ պայքարը ճանաչցման ու արդարութեան հատուցման համար:
Յաջորդաբար, օրուան հանդիսավարը կարդաց նաեւ Հ.Հ. դեսպանութեան ուղարկած ողջոյնի խօսքը:
Յայտագիրի ընթացքին, խօսքեր արտասանեցին հելլէն խորհրդարանի կողմէ Գաւալայի երեսփոխան պրն. Մաքարիոս Լազարիտիս, Քսանթիի փոխմարզպետ պրն. Քոնստանտինոս Քուրթիտիս եւ Քսանթիի քաղաքապետ պրն. Մանոլիս Ցելեփիս:
Օրուայ բանախօսն էր Համալսարանի հանրածանօթ դասախօս եւ աշխարհաքաղաքական հարցերու հմուտ վերլուծաբան պրն. Իոաննիս Մազիս, որ իր ներածականին մէջ խօսեցաւ տարածաշրջանային ու աշխարհագրական մեթոտաբանութեան մասին, քարտէսներով ցոյց տուաւ հին եւ նոր տիրող կացութիւնները, որոնք ստեղծուած են աշխարհի մէջ, եւ մանաւանդ հիմա՝ Ուքրանիոյ պատերազմի մեկնարկէն ետք, ապա յայտնեց, թէ այս պատերազմը շատ լուրջ եւ ճգնաժամային է, որ պիտի փոխակերպէ ամբողջ աշխարհը:
Հասնելով հայկական հարցին ան ըսաւ, թէ Հարաւային Կովկասը կարեւոր մաս մը կը կազմէ աշխարհաքաղաքական դաշտին վրայ, ուր դժբախտաբար Հայաստանը եւ ալ աւելի դժբախտ Արցախը մասնիկն են այդ շրջանին:
Ի միջի այլոց, ան հարցական դրաւ՝ ներկայիս Հայաստանը ի՞նչ պէտք է ընէ. մինչեւ Ուքրանիոյ պատերազմը իր աւարտին հասնի կարելի չէ պատասխան տալ: Բայց դժբախտաբար, շարունակեց ան, Հայաստանի գոյութիւնը դժուար հարց մըն է, լուծումը՝ ալ աւելի: Հայաստան կը նայի դէպի Արեւմուտք, բայց արեւմուտքը չի կրնար անոր պաշտպանել:
Յաջորդեց գեղարուեստական բաժին, որուն ընթացքին Կոմիտասի չորս ստեղծագործութիւններ մեներգեց Վասիլիքի Ցիաքիրուտի, Անասթասիա Վաֆիատուի դաշնակի ընկերակցութեամբ:
Ելոյթէն առաջ կատարուեցաւ գոհաբանական աղօթք Յովհաննէս Ծ. վրդ. Սաղտըճեանի կողմէ ու դափնեպսակներու զետեղում քաղաքի յուշակոթողին առջեւ՝ շրջանի քաղաքական, զինուորական եւ ոստիկանութեան, այլեւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ:
Յիշատակի երեկոյ եւ համերգ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն համար
Ուրբաթ, 15 Ապրիլի երեկոյեան, Գաւալայի «Մեծ ակումբ»-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ երեկոյ եւ համերգ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին։
Ելոյթը, որ կազմակերպուած էր Հայ դատի յանձնախումբին եւ Գաւալայի Թաղային խորհուրդին կողմէ կը վայելէր Գաւալայի մարզպետութեան հովանաւորութիւնը։
Իրենց ներկայութեամբ երեկոն պատուեցին Առաջնորդական փոխանորդը, նահանգի մետրոպոլիտի ներկայացուցիչը, Գաւալայի երեսփոխան Մաքարիոս Լազարիտիս, Գաւալայի փոխմարզպետ Ալեքսիս Փոլիթիս, քաղաքապետ Թէոտորոս Մուրիատիս, նահանգային եւ քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներ, զինուորական կարգերու ներկայացուցիչներ եւ շրջանի յունական միութիւններու վարչականներ։
Բացման խօսքը կատարեց Խրիսթինա Մաթեւոսեան, որ շեշտեց, թէ հայութեան պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ վերջնական հատուցում։ Յատուկ տեսաերիզի ցուցադրութենէն ետք, կեդրոնական խօսողը եղաւ ընկ. Մարի Գալայճեան, որ շեշտեց. «Ցեղասպանութիւնը եւ այլ ոճիրները մարդկութեան հանդէպ չեն կրնար մոռացութեան տրուիլ՝ ոչ մարդկային յիշողութեան մէջ, ոչ ալ ժողովուրդներու դատաստանին առջեւ։ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պատմական արդարութեան վերականգնումէն անդին, նախապայման կը հանդիսանայ կանխելու համար նման ոճիրներ ապագային։ Թուրքիոյ անպատիժ մնալու իրողութիւնը պատճառ դարձաւ Փոքր Ասիոյ աղէտին, կը շարունակուի մինչեւ այսօր Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ մանաւանդ Կովկասի մէջ թուրք-ատրպէյճանական յարձակողականութեամբ եւ Արցախի վրայ շղթայազերծուած պատերազմով»։
Յաջորդաբար, ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան փոխմարզպետն ու քաղաքապետը, որոնք դատապարտեցին Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը եւ դրուատեցին Գաւալայի հայութեան ներդրումը քաղաքի կեանքի ծաղկումին մէջ։
Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Գաւալայի երաժշտական վարժարանի կիթառի բաժինի ուսանողները, իրենց ուսուցիչներու՝ Անասթասիոս Տելիոսի եւ Էլեւթերիոս Թրիանտաֆիլուի հսկողութեան տակ։ Անոնք յաջողութեամբ մեկնաբանեցին հայկական, յունական եւ օտար ժողովրդային-ազգագրական երգեր յուզում ստեղծելով ներկայ բազմութեան մօտ։