Փոխարժեքներ
31 10 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 387.05 |
EUR | ⚊ | € 419.37 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.99 |
GBP | ⚊ | £ 502.08 |
GEL | ⚊ | ₾ 140.68 |
Երկուշաբթի 24 Ապրիլին, ինչպէս 21 տարիէ ի վեր կը կատարուի, Ուրուկուայի Խորհրդարանի նախասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 108 ամեակին նուիրուած միջոցառումը, կազմակերպուած Ուրուկուայի Խորհրդարանի Նախագահի եւ Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ երկրի նախագահ Լուիս Լագաժէ Փօու, Փոխ-Նախագահուհի եւ Ա.Ժ.-ի Նախագահուհի Պէադրիս Արխիմոն, բազմաթիւ նախարարներ, փոխ նախարարներ, պատգամաւորներ, ծերակուտականներ, դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, Ուրուկուայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Յակոբ Արք. Գլնճեան, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Միջոցառման բացումը կատարեց Խորհրդարանի Նախագահ՛ պատգամաւոր Սեպասդիան Անտուխարը, ով անդրադառնալով Արցախի ներկային, ըսաւ թէ «Լաչինի միջանցքի շրջափակումը հումանիտար մակարդակով աղետալի իրավիճակ է առաջացուցած»:
Շարունակելով իր ելոյթը նշեց թէ՛ «Հայ ժողովուրդը իրաւասութիւն ունի, որպէսզի պատմական փաստերը, պատմական յանցագործութիւնը ճանչցուին ինչպէս որ էն: Մենք համոզուած ենք թէ ոչ ոք չպետք է վախնայ ճշմարտութիւնէն: Կարելի չէ որ հաշտութիւն ըլլայ, առանց ճշամարտութեան: Պետք է պատմութիւնէն դասեր քաղենք եւ միասին աշխատինք, որպէսզի մարդկութեան դեմ յանցագործութիւնները չի կրկնուին:»
Յաջորդաբար խօսք առաւ պատգամաւոր Գոնրատո Ռոտրիկեզ՛ Ուրուկոայ – Հայաստան Միջ-խորհրդարանական բարեկամական խումբի անդամ, ով 2022-ին Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հրեական Հոլոքոստի ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը ներկայացուցած էր: Պատգամաւորը վերլուծեց ժխտողականութեան դերը որպէս ցեղասպանութեան յանցագործութեան շարունակութեան ձեւ եւ յիշեցուց ատելութեան հրահման օրենքին ընդլայնելու անհրաժեշտութիւնը, ներառնելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը ու հրեական Հոլոքոստի ժխտումը:
Այս արթիւ տեսաուղերձով իր պատգամը փոխանցեց Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի մէջ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազոր ներկայացուցիչ՛ Եղիշէ Կիրակոսեանը: «Այս 108 տարուան ընթացքին աշխարհը փոխուած է, բայց բռնապետութիւններն ու մարդկութեան դեմ յանցագործութիւնները չեն փոխուած» ըսաւ Կիրակոսեան: «Այսօր Լեռնային Ղարաբաղի հայերը ուղղակիօրէն կանգնած են բնաջնջման կամ էթնիկ զտումներու վտանգի առջեւ: Արդեն 4 ամիսէն աւելի է, որ Ատրպէյճանը փակած է Լեռնային Ղարաբաղը, Արցախը, Հայաստանին և լրիւ աշխարհին կապող միակ ճանապարհը».
Արդարադատութեան միջազգային դատարանի վճիռներու կատարման անհրաժեշտութեան վերաբերեալ, ան ըսաւ թէ «ցեղասպանութիւնները տեղի կունենան ոչ միայն ստեղծուած մթնոլորտի (էթնիկական խտրականութեան), այլ նաև պատասխանատուութիւն վերագրելու եւ հաշուետուութիւն պահանչելու բացակայութեան պատճառաւ»:
Յաջորդաբար խօսք առաւ միջազգային յարաբերութիւններու եւ պատմութեան մագիստրոս Ռոտրիկո Մելկարը, որ բացատրեց Ցեղասպանութիւն հասկացողութեան զարգացումը՛ Ռ. Լեմգինի կողմէ ստեղծումէն մինչեւ Ցեղասպանութեան Յանցագործութիւնը Կանխելու եւ Պատժելու գոնվենցիայի մէջ ներառնուելը:
Միջոցառմանը վերջին ելոյթով հանդէս եկաւ Ուրուկուայի Հայ Դատի Յանձնախումբի տնօրէնուհի Սթեֆանի Տեմիրճեանը,
«Մեծ հաճոյք է կարենալ կրկին այս ժողովրդավարութեան տան մէջ հանդիպիլ, սոյն հատուկ թուականը ոգեկոչելու համար:» ըսաւ Տեմիրճեան: Անդրադառնալով Արցախին, ան նշեց թէ՛ «Ատրպէյճանը ոչ միայն կը շարունակէ ցեղասպանական շրջափակումը, այլ հենց երեկ միջանցքին վրայ անցակետ տեղադրեց, վստահ ըլլալով միջազգային հանրութեան կաթուածահարութիւնէն ե անոր ՄԱԿ-ի բարձրագոյն դատական մարմնի վճիռները կատարելու անկարողութիւնէն»:
«Պատմութեան կրկնութիւնէն խուսափելու համար, մենք խորին վստահութիւն ունինք Ուրուկուայի նկատմամբ՛ անոր երկարամեայ աջակցութեան եւ համերաշխութեան աւանդոյթին:» ըսաւ Տեմիրճեան: «Մենք կը վստահինք անոր ժխտողներուն և ատելութիւն ներմուծելը փորձողներու դեմ ապացուցուած պայքարի կարողութեանը»: «Աշխարհի ոչ մի երկիր չունի այն լեկիտիմութիւնը որը ունի Ուրուկուայը, որդեգրելու համար այս պահուս այդ անհրաժեշտ առաջինը ըլլալու դերը: Հայ ժողովուրդը, Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւրքի մէջ չի սխալիր, երբ իր յոյսերուն մեծ մասը հոս կը դնէ»:
«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլորին, որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցը ոգեկոչելու համար մասնակցեցան այյ միջոցառմանը: Ձեր ներկայութիւնը անհրաժեշտ է մեզի, աջակցելու համար այն աշխատանքին, որ կը տանինք ամէն օր ի նպաստ հայ դատին:» ըսաւ Տեմիրճեան աւարտելով իր խօսքը: