կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-04-26 17:04
Աշխարհ

Քաղաքական բարձրագոյն մակարդակով զօրակցութիւն Հարաւային Ամերիկայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին առիթով

Քաղաքական բարձրագոյն մակարդակով զօրակցութիւն Հարաւային Ամերիկայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին առիթով

Արժանթինի և Ուրուկուայի նախագահները՝ Ալպերթօ Ֆեռնանտէս և Լուիս Ալպերթօ Լաքաժէ Փօու իրենց ընկերային ցանցերու մէջ զօրակցական պատգամներ յղեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 105րդ տարելիցին առիթով: Նոյն քայլին դիմեցին իրենց Արտաքին Գործոց նախարաները՝ Ֆելիփէ Սոլա և Էրնեսթօ Թալվի: Բազմաթիւ այլ անձնաւորութիւններ՝ պատգամաւոր, քաղաքական ղեկավար, հանրային գործիչ, մտաւորական և արուեստագէտ Արժանթինի, Ուրուկուայի և Պրազիլի մէջ, ընդառաջելով ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի դիմումին, ընկերային ցանցերով իրենց մասնակցութիւնը բերին Քորոնաժահրի պայմաններու մէջ բացառաբար համացանցային նախաձեռնութիւններով տեղի ունեցող 105րդ տարելիցի համայնքային միջոցառումներով:

Ապրիլ 24ի առաւօտեան, Արժանթինի Նախագահական Պալատի կայքէջին վրայ նշում կար 105րդ տարելիցին.

«Հայ ժողովուրդի դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը դաս մը պէտք է ըլլայ աւելի լաւ աշխարհ մը կառուցելու համար»:

Նախագահ Ալպերթօ Ֆեռնանտէս Թուիթըրի իր հաշիւով այդ զօրակցութիւնը տարածեց: Գրութիւնը կը նշէր Արժանթինի թիւ 26199 օրէնքը, որով և Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցուեցաւ: Օրէնքը քուէարկուեցաւ Դեկտեմբեր 2006ին և նախագահ Նեսթոր Քիրչնէր չառարկեց անոր, որով և այն վաւերացուեցաւ 11 Յունուար 2007ին:

Գրեթէ զուգահեռ նախագահական պատգամին, Արտաքին Գործոց Նախարարութեան կողմէ հրապարակուեցաւ Թուիթըրեան պատգամ մը, որ կ’ըսէր. «Հայ և Արժանթինցի ժողովուրդներ այսօր միացած են այս թուականով» նշելու համար Ցեղասպանութեան 105րդ տարելիցը: «Առանց յիշողութեան մարդկութեան համար լաւագոյն ապագայ չկայ», կ’եզրակացնէ գրութիւնը:

Կրթութեան Նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, համացանցի վրայ զետեղուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նիւթեր առ ի օգտագործում մանկավարժներու և դաստիարակներու:

Սեպտեմբեր 1987ին, Նախագահ Ռաուլ Ալֆոնսին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած առաջին արժանթինցի նախագահը եղաւ:

Այդ օրուընէ ի վեր, Գործադիր Մարմինը առիթներով միայն անուղղակի զօրակցութիւններ յղած է Ապրիլեան ոգեկոչումներուն: Մինչև նախագահ Նեսթոր Քիրչնէր, սկզբունքային կեցուածք որդեգրեց և մերժեց թրքական ճնշումներուն տեղի տալ, որով և Արժանթին ունեցաւ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրէնք: Իր նախորդներէն Գարլոս Սաուլ Մենէմ 1995ին վեթոյի ենթարկած էր Ցեղասպանութիւնը ճանչցած նմանօրինակ օրէնք մը ի հետևանք թրքական Ազգային Ժողովէն յատուկ Արժանթին ճամբորդած պատուիրակութեան մը ճնշումներուն: Ի բացառութիւն Ռաֆայէլ Պիելսայի և Խորխէ Թայեանայի, Արժանթինի ԱրտԳործ նախարարները ընդհանրապէս խուսափած են հարցին անդրադառնալէ՝ Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական անհասկացողութիւնը շրջանցելու համար: Ցեղասպանութեան 105րդ տարելիցին, Ապրիլ 24ի օրը, Նախագահական Պալատի և ԱրտԳործ նախարարութեան այս զոյց պատգամները Հայ Դատի նորագոյն յառաջընթաց մըն են Արժանթինի մէջ, որ ցարդ միակ երկիրն է աշխարհի մէջ ուր Ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է Գործադիր, Օրէնսդիր և Արդարադատական Իշխանութեանց մակարդակով:

Ուրուկուայի մէջ, Ապրիլ 24ին, նախագահ Լուիս Ալպերթօ Լաքաժէ Փօու ընկերային ցանցերով տարածեց գրութիւն մը օրը նշելով որպէս «յիշողութեան և խորհրդածութեան օր հայերուն և համայն մարդկութեան համար»: Ան իր ողջոյնը փոխանցեց Ուրուկուայի հայ համայնքին նշելով Ուրուկուայի ներդրումը Հայ Դատին: Փոխ-նախագահ Պէաթրիս Արխիմոն նմանօրինակ պատգամով մը յիշեց որ այս տարի Ուրուկուայի մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչման օրէնքի 55ամեակն է: Երկրի ԱրտԳործ նախարար Էրնեսթօ Թալվի նաև նշեց Ուրուկուայի այդ եզակիութիւնը: ԱրտԳործ փոխ-նախարարը, Պաշտպանութեան Նախարարն ու Ծերակոյտի նախագահուհին ևս զօրակցութեան պատգամներ յղեցին:

Ուրուկուայ աշխարհի մէջ առաջին երկիրն է որ օրէնքով զօրակցեցաւ Հայ Դատին՝ Սևրի Դաշնագրին հիմնաւորումով:
1965ի այդ օրէնքին մէջ Ցեղասպանութիւնը կը նշուի օրէնքին տուն տուող պատճառներուն մէջ, որով և պաշտօնապէս կը ճանչցուի: Օրէնքի 55ի կողքին, համայնքը կարևորութեամբ յիշեցուց որ 20 տարիէ ի վեր երկրի Խորհրդարանին մէջ պաշտօնապէս կ’ոգեկոչուի Ցեղասպանութիւնը: Հասկնալիօրէն այս տարի բոլոր միջոցառումները սահմանափակուեցան համացանցային նախաձեռնութիւններով:

Հայոց Ցեղասպանութեան 105րդ տարելիցին առիթով, և այն համոզումով որ տունը մնալու հրամայականը չէր կրնար յիշելու և պահանջելու հրամայականը մոռցնել, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը տարածաշրջանին մէջ դիմեց քաղաքական և մտաւորական անձնաւորութիւններու, հանրածանօթ հանրային գործիչներու և արուստագէտներու որպէսզի իրենց ընկերային ցանցերով հանդէս գան հայութեան արդար պահանջատիրութեան: Մեծ թիւով անձնաւորութիւններ ընդառաջեցին և անոնց ելոյթները ամբողջ օրուայ ընթացքին տեղադրուեցան Հ. Դ. Յանձնախումբի ընկերային ցանցերուն միջոցաւ: Այդ բոլորէն ծաղկաքաղ մը ընելով, Հայ Դատի Յանձնախումբը պատրաստեց յատուկ տեսահոլովակ մը որ զետեղեց ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ ցոյց տալով անոնցմէ 28 արժանթինցի՝ Փերոնական, Ռատիքալ, Ընկերվարական, Կեդրոն-աջ և Միացեալ Ձախ կուսակցութիւններէ, մէկ ուրուկուայցի Ազգային Կուսակցութենէն, 8 պրազիլցի՝ Ընկերային Ազատական, Աշխատաւորական, Ընկերվար-Ժողովրդավար, Համայնավար, Հանրապետական, և Կանաչ կուսակցութիւններէ, մէկ չիլէցի (ընկերվարական) և մէկ փարակուայցի (Ժողովրդավար Յառաջդիմական):

prensaarmenia.com.ar