կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-04-25 20:09
Քաղաքական

Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ Ամեակի Ոգեկոչումը Օթթաուայի Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ Ամեակի Ոգեկոչումը Օթթաուայի Մէջ

Կիրակի, 24 Ապրիլ 2022-ին, Գանատահայութիւնը պահանջատիրութեան իր ձայնը անգամ մը եւս բարձրացուց Օթթաուայի մէջ, մասնակցութեամբ Թորոնթոյէն, Գէմպրիճէն, Լաւալէն, Մոնթրէալէն, Համիլթընէն, Սէնթ Գաթրինզէն եւ այլ վայրերէ Օթթաուա ժամանած հայորդիներու:

Ոգեկոչման եւ պահանջատիրութեան հանդիսութիւնը կազմակերպած էր Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը, ընկերակցութեամբ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան, որ այս տարի բացառապէս տեղի ունեցաւ Օթթաուայի Թրքաքան դեսպանատան դիմաց, իբրեւ ցասման ու պոռթկումի խորհրդանիշ: Ցոյցի ընթացքին, ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան (ԳԵՄ), ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական միութեան, Պատանեկան Միութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի երիտասարդներն ու պատանիները անգամ մը եւս ցոյց տուին, որ յանձնառու են պահանջատիրական երթը շարունակելու իրենց կոչումին, տէր կանգնելու Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան եւ «Զարթի՛ր Լաօ» նշանաբանով ընդդիմանալու Հայաստանի գործող իշխանութեանց ձախաւեր քաղաքականութեան: Միւս կողմէն, սակաւաթիւ թուրք եւ ազերի ցուցարարներ հակահայ պաստառներով նախաձեռնած էին հակացոյց եւ կը վանկարկէին հակահայ լոզունքներ:

Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհերգներով:

Յանուն Հ.Յ.Դ Բիւրոյի խօսք առաւ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը: Ան նշեց, որ Ցեղասպանութեան ոգեկոչումի ու պահանջատիրութեան այս ցոյցը վստահաբար մեզի մտածել կու տայ մեր հողային, մտաւորական, մշակութային եւ մարդկային ահաւոր կորուստներու մասին, միաժամանակ՝ մոխիրներէն յառնող հայ ժողովուրդի ապրելու կամքին, ստեղծագործելու եւ նահատակաց ուղիով անվհատ աշխատելու, պահանջելու եւ պայքարելու մարտունակութեան մասին։ Ան բուռն կերպով դատապարտեց Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը եւ յայտնեց, թէ նման ուրացումներ կրնան առաջնորդել այլ ցեղասպանութիւններու գործադրման ու անպատժելիութեան: Ապա նշեց, որ հայ ժողովուրդը ամէնուր ոտքի է այսօր, ի հեճուկս տառապանքներու, խարդաւանանքներու ու դաւերու: Մեր պատմութեան մէջ բազում պարտութիւններ ունեցած ենք, բայց իւրաքանչիւր պարտութիւն մղած է մեզ միանալու ազգային գափարախօսութեան շուրջ եւ նոր զարթօնքով կերտելու նոր յաղթանակներ: Աւարտին, ընկ. Յակոբ կոչ ուղղեց հայ ժողովուրդին արթննալու իր թմբիրէն, մէկդի նետելու յուսահատութեան ու բարոյալքման ալիքները եւ լծուելու հայրենիքի փրկութեան գործին:

Խօսք առաւ Գանատայի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Մհեր Գարագաշեան: Ան նշեց, որ այսօրուան ցոյցը երկու նպատակ կը հետապնդէ. առաջին՝ ոգեկոչում մեր մէկ ու կէս միլիոն զոհերուն, եւ երկրորդը՝ հայրենիքի փրկութեան ուխտի վերանորոգում: «Այսօր ճակատագրական պահու առջեւ կանգնած ենք, բոլորիս համբերութիւնը հատած է եւ կը սպասենք բեկումնային պահին: Ճակատագրական պահ է, որովհետեւ ցեղասպանութեան հեղինակները 107 տարիներ ետք, անգամ մը եւ կազմակերպեցին ցեղասպանութիւն եւ այսօր, պաշտօնական Երեւանն ու Անգարան իրար կ’արձագանգեն խաղաղութեան դարաշրջանի փուճ ու սին խոստումներով», շեշտեց ընկ. Գարագաշեան, կոչ ուղղելով աշխարհասփիւռ հայութեան՝ թեւ-թիկունք կանգնելու Հայաստանին ու Արցախին, դառնալու մեր նորօրեայ ազատագրական պայքարի արտաքին պարիսպները եւ կերտելու նոր ժամանակներու անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը: Ան հաստատեց, որ հայ ժողովուրդը թոյլ պիտի չի տայ «նշաձողերու իջեցման», ոչ ալ «խաղաղութեան դարաշրջան»ի սնաբարոյ քաղաքականութեան կիրառման ջանքերուն, այլ՝ միահամուռ ջանքերով սատար պիտի հանդիսանանք Արցախի ու Հայաստանի մեր ազատատենչ հայրենակիցներուն եւ միասնական ոգիով աշխատելու ի խնդիր հայութեան գերագոյն շահերուն:
Այնուհետեւ, հերթականութեամբ խօսք առին ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական միութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Մարինա Քասիսն ու Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Ռիթա Մուրատեանը, որոնք յանուն հայ երիտասարդութեան վերանորոգեցին իրենց յանձնառութիւնը, նոր աւիւնով ու ուժով շարունակելու պահանջատիրական արդար դատի պայքարն ու Հայատանի ու Արցախի բարգաւաճման ու հզօրացման ուղղուած աշխատանքները:


Եզրափակիչ պատգամով հանդէս եկաւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան: Ան նշեց, որ աշխարհի որ անկիւնն ալ գտնուինք՝ պէտք է յիշատակենք, վերակոչենք եւ վերանորոգենք Ապրիլեան նահատակաց հաւատարմութեան մեր ուխտը, այսօ՛ր եւ ամէն օր, հաւաքաբար եւ ազգովին, առաւել քան մէկ ու կէս միլիոն անշիրիմ մեր սրբադասեալ նահատակներու յիշատակին առջեւ, հայութեան եւ հայրենիքին հանդէպ հաւատարմութեան մեր վճռակամութիւնը վերամկրտենք ու վերահաստատենք, մինչեւ արդարութեան վերադարձը՝ արդարութեան պահանջատէրերուն։ Նահատակներու ժառանգորդներուս պարտքն է՝ ըսաւ Սրբազանը, անոնց յիշատակը, հաւատքի խայծը անմար պահել մեր եւ նոր սերունդներու սրտին ու կեանքին մէջ։ Անոնց նահատակութիւնը եւ կտակը արժեցուցած եւ իրականուցած կ’ըլլանք, երբ նահատակներու հոգին մեր մէջ ապրեցնենք եւ միասնական ճիգերով անոնց անաւարտ երազները իրականացնենք։
Հանդիսութեան ընթացքին Նուշիկ Մխճեան ասմունքեց «Ապրում եմ եւ ոչ վերապրում» բանաստեղծութիւնը, Արիանէ Թասլաքեան ընթերցեց Աւետիս Ահարոնեանի «Յարգանք քեզ» խորագրով կտորը, իսկ «Դրօ-Գետաշէն» մասնաճիւղի պատանիները ասմունքեցին Պարոյր Սեւակի «Նրանք Ընկան» բանաստեղծութիւնը: Աւարտին, հայրենասիրական երգերով հանդէս եկաւ Սագօ Թաշճեան:

Horizon Weekly
(Լուսանկարները՝ Մայք Թաշճեանի)