կարևոր
2572 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-01-08 15:39
Քաղաքական

Կեցցէ՛ դրամի կուսակցութիւնը

Կեցցէ՛ դրամի կուսակցութիւնը

7 Յունուար. Տօն մեռելոց: Եւ ահա, Երեւանէն զգայացունց լուր մը. Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կը բացուին օդանաւերով առեւտուրի գիծերը:

Տեսէ՛ք, թէ ինչո՜վ զբաղած են եղեր Հայաստանի «հպարտ քաղաքացիներու» շահերը պաշտպանող «ապագայ կայ» յանկերգող իշխանաւորները, այն օրերուն՝ երբ Թուրքիոյ կամակատար Ատրպէյճանը փակած է Արցախի կեանքի ճամբան: Անոնք քանի մը անգամ պարտականութիւն սեպեցին խօսքերով դատապարտելու Ատրպէյճանը, մեղադրելով թէ Արցախէն մնացած պատառիկը խեղդամահ կ’ընէ, քիչ մըն ալ պատրանք տարածեցին, թէ միջազգային մակարդակի վրայ ինչե՜ր կ’ընեն պաշարումը քակելու համար: Եւ ահա ի յայտ կու գայ, թէ գործնապա՜շտ քաղաքագէտները վարպետի հարուած մը կը պատրաստէին ի նպաստ Հայաստանի:

Չէ՜… Ի՜նչ կ’ըսէք, ի նպաստ Թուրքիո՛յ, որ այսպէսով, եւ նոյնինքն Հայաստանի ղեկին նստողներուն ձեռքով (Ատրպէյճանը ուրիշ դեր ունի, գիտենք), վարպետի քանի մը հարուած կու տայ: Նախ, իր արտադրութիւններով դարձեալ պիտի ողողէ Հայաստանի շուկաները, յետոյ, աշխարհին պիտի ներկայանայ, փաշինեանական վարպետութեան դիմագիծով՝ իբրեւ խաղաղարար, Հայաստանի բարեկամ, որուն հետ կրնայ ուղղակի հաշիւ փակել, պէտք չունի որեւէ բարեմիտ միջնորդի:

…Եթէ յիշողութիւնները քիչ մը արթուն են (հազուադէպ առաքինութիւն մը իշխանապաշտ հայերու համար), Հայաստան 44-օրեայ պատերազմէն ետք որոշեց դադրեցնել Թուրքիայէն ներածումները, յետոյ որոշեց երկարաձգել այդ որոշումը: Հայաստան բնակողները բոլորէս աւելի՛ լաւ գիտեն, թէ ատիկա գործնապէս որքա՞ն տեւեց եւ թրքական արտադրութիւնները սա կամ նա ձեւով «սպրդեցան» դէպի հայկական շուկաներ: Բնականաբար այս վիճակէն օգտուողներ եղան ու կան, եւ բնականաբար անոնք ահաւասիկ անսահման եւ անարգել շահու ասպարէզ կը գտնեն օդային առեւտուրի գիծերուն բացումով: Եւ եթէ ոեւէ մէկը կը կասկածի, թէ որո՞նք են օգտուողները, անմիջապէս փարատենք կասկածները: Անոնք կը կոչուին… «նախկին թալանչիներ», այսինքն անոնք՝ որոնք չորս ու կէս տարիէ ի վեր բոլորուած են «թաւիշականներուն» շուրջ, որոնք բարեփոխում, բարգաւաճում եւ փայլուն ապագայ կը խոստանային Հայաստանին: Եկո՛ւր, տե՛ս, որ միայն փոքրաթիւ խմբակ մըն է որ մատները կը լիզէ ստեղծուած անազգ ասպարէզներուն շնորհիւ, որովհետեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտարողական կարողութիւնները կը նմանին հսկայ ծովու մը եւ փոքր աւազանի մը, որոնց միջեւ խողովակ մը դնող-բացողը կրնայ անմիջապէս տեսնել, թէ ջուրի հոսանքը ուրկէ՞ ո՛ւր պիտի ըլլայ եւ ո՞վ կուլ պիտի տայ միւսը (հասկացողութեան տկարութիւն ունեցողներու համար արձանագրենք. Հայաստան-աւազանը պիտի ողողուի թրքական ծովուն ջուրերով):

Ունիմ աւելի քան 50 տարուան սրտակից ընկեր մը, որ երբեմն կատակով կը բացագանչէ. «Կեցցէ՛ դրամի կուսակցութիւնը»: Ի՞նչ հայրենիք, ի՜նչ Արցախ, ինչ Սիւնիք եւ մնացեալ տարածքներ: Մոռցէ՜ք նման զգացական բաներ: Թող ոմանց գանձանակները լեցուին, անկէ անդին, «Դրամի կուսակցութեան» անդամները կրնան արձագանգել Ֆրանսայի Լուի ԺԵ. Թագաւորի իմաստութեան. «Ինձմէ ետք ջրհեղեղ…»: Ու մե՞ղք ունին անոնք, որոնք մոռցած են, թէ ինչպէ՜ս, Հայաստանի վերանկախացումին յաջորդած քանի մը տարիներուն, քանի՜-քանի նախարարներ եւ իշխանութեան բարիքները վայելողներ իրենց գրպանները լեցուցին եւ ապաստանեցան այլ երկիրներ, իրենց հետ տանելով հսկայական աւար…

***

Ի դէպ, քանի մը օր առաջ ինկած էի «Ազդակ»-ի հաւաքածոյին էջերուն մէջ, վերաքաղ մը ընելու Պերլինի պատին քանդումը կանխած ու յաջորդած ամիսներու դէպքերուն: Զուգահեռ գիծերու վրայ կը զարգանային Արցախեան պայքարի դրուագները՝ Արցախի եւ Երեւանի մէջ առաջին ցոյցեր, յետոյ նաեւ Պաքուի ու Սումկայիթի աղէտալի, արիւնալի իրադարձութիւնները, որոնք մեր նորագոյն պատմութեան մէջ պահուեցան ռուսատիպ՝ փոկրոմ եզրոյթով (իբրեւ այլանդակ արձագանգ՝ կլասնոսթ-ին եւ փերեսթրոյքա-ին): Ուշադրութիւնս գրաւեց, բազում այլ ողբերգութեանց շարքին, լուր մը, որ տրուած է 1989-ի վերջերուն (տեսնել ընկերացող լուսանկարը): «Ռէոթըր» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած է, որ ազերի խուժան մը 3 օր թրքատիպ խնճոյք սարքած է Պաքուի հայկական մէկ եկեղեցւոյ դէմ: Քանի մը ամիս առաջ լքուած եկեղեցին յարձակման ենթարկուած է, ներսիդին պղծուած է ու քար ու քանդ եղած, այդքանն ալ բաւ չսեպելով՝ ամբոխը կրակի տուած է եկեղեցին:

Լուրին խորագիրին մէջ, կար չակերտեալ բառ մը. Ազերի «խուժանը» կը գործէ: Մանրամասնութեան մէջ կը նշուէր, որ երբ երեք օր շարունակաբար նման խուժանային արարք կը կատարուի առանց ոստիկանական կամ այլ կասեցնող միջամտութեան, կասկած պէտք չէ ունենալ, թէ «խուժան»ին ետին կը կանգնի ոճրագործ պետութիւնը:

Եւ ահա, ճիշդ 33 տարի ետք, ազերի «բնապահպաններ» մտած են նմանօրինակ դերի մէջ, Պաքուի իշխանութիւններուն անծածկոյթ քաջալերանքով ու մղումով, նաեւ թրքական հեռահաս հովանաւորութեամբ, մօտաւորապէս մէկ ամիսէ ի վեր փակ կը պահեն Բերձորի ճամբան, որպէսզի Արցախի մնացեալ տարածքն ալ մատնուի Պաքուի, Սումկայիթի, Նախիջեւանի, Գետաշէն-Շահումեանի եւ պատմականօրէն այլ՝ հայկական բռնագրաւեալ շրջաններու ճակատագիրին:

«Կեցցէ՛ դրամի կուսակցութիւնը» տրամաբանութեամբ գործողներէն ինչպէ՞ս սպասել, որ յիշեն 33 տարի առաջ պատահած դէպքերը, բաց մնացող վէրքերը, յիշեն, որ աւելի քան 100 տարի առաջ, Հայաստանի արեւմտեան գօտին ալ Թուրքիոյ «խնամքին» շնորհիւ զոհ գնաց ցեղասպանութեան ու հայաթափութեան, ինչպէ՞ս յիշեն, որ 44-օրեայ պատերազմէն ետք, ազերիները, պետական ծրագրումով ու կիրարկումով, իրենց խլած կամ նուէր ստացած շրջանները հայաթափեցին, հայկական եկեղեցի-կոթող եւ հետքեր կը քանդեն, կը փճացնեն… Նիւթական շահու երազներով տարուածները եւ իրենց մտայնութեամբ վարակեալները հազի՜ւ թէ կը տեսնեն, որ Բերձորի ճամբուն փակումով՝ Պաքու ինչպիսի՜ հեռահաս ծրագիրներ կ’իրականացնէ իր թուրք եղբօր հետ գործակցաբար (միջանկեալ արձանագրենք, որ Հայաստանի մէջ կան մանկամիտներ, որոնք պատանդ կը մնան այն պատրանքին, թէ Ատրպէյճանը ի վերջոյ պիտի ըմբոստանայ թրքական տիրակալութեան դէմ, ու չեն տեսներ, որ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը էապէս միաձուլուած են համաթուրանական տեսլականով, կը ձգտին միաձուլուիլ նաեւ հողային տարածքով, քարտէսէն ջնջելով Արցախն ու Հայաստանը, իսկ մենք կը ջանանք մենք մեզ համոզել-պաշտպանել Արցախի եւ Հայաստանի «անջատ պետութիւններ» ըլլալու տեսութիւններով…):

***

Երեւանի իշխանաւորներուն վարակած մտային կուրութեան պատանդ մնացողները արդեօք վարպետի ի՜նչ հարուած կը տեսնեն օդային գիծերու բացման մէջ:

Ազգովին՝ Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք, արդեօք շուտով պիտի արթննա՞նք, գործնապէս շարժի՞նք եւ կասեցնե՞նք հայրենիքը կորուստէ կորուստ տանող այս «շքերթը», թէ՞ թոյլ պիտի տանք, որ «ժողովուրդի մեծամասնութեան քուէով» ընտրուած իշխանախումբը վերջնական կորուստի մատնէ Հայաստանը, եւ այն ատեն «վա՜յ մեզի» պիտի ըսենք, եթէ վերջին պատառիկ մը թողուի թրքական «հոգատարութեան» տակ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ