կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-07-24 12:22
Աշխարհ

Ուրուգվայի «Լայն Ճակատ» կուսակցութիւնը հրապարակայնորեն դատապարտեց ՀՀ-ի դէմ ազրպէյճանական յարձակումը

Ուրուգվայի «Լայն Ճակատ» կուսակցութիւնը հրապարակայնորեն դատապարտեց ՀՀ-ի դէմ ազրպէյճանական յարձակումը

Ուրուկուայի Լայն Ճակատ (Ձախ-յառաջդիմական ուժերու համախմբում, ընդդիմութիւն) կուսակցութիւնը հրապարակային հաղորդագրութեամբ դատապարտեց Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ ազրպէյճանական յարձակումը և արտայայտեց իր «մերժումը թրքական կառավարութեան այն յայտարարութիւններուն որոնք Ազրպէյճանի յարձակումին կը զօրակցին»: Լայն Ճակատը, Յուլիս 17ին հրապարակած իր այս հաղորդագրութեամբ, դիրք ճշդեց ի նպաստ Հայաստանին: Լայն Ճակատի ղեկավարներէն ծերակուտական Լիլիամ Քէշիշեան հարցը բարձրացուց երկրի օրէնսդիր ժողովին մէջ:

«Ծերակոյտի նիստին ես խոր մտահոգութիւն արտայայտեցի Յուլիս 12էն ի վեր Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ իրագործուոծ զինուորական գործողութիւններուն համար: Այս յարձակումները Վիէննայի և Սան Փեթերսպուրկի համաձայնութիւնները կը բռնաբարեն և անկայունութիւն կ’առաջացնեն տարածաշրջանին մէջ», ըսաւ Քէշիշեան:

Ուրուկուայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Ֆորումը ևս հրապարակեց յայտարարութիւն մը «մերժելով և խստօրէն դատապարտելով Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի իրականացուցած զինեալ յարձակումը, կը պահանջէ հայ ժողովուրդի դէմ գործադրուած բռնութեան անմիջական դադրեցումը և կոչ կ’ուղղէ ամբողջական յարգանք ցուցաբերելու միջազգային իրաւունքի նկատմամբ»:

«Խոր մտահոգութեամբ կը զգուշացնենք որ Հայաստանի և Արցախի Հանրապետութիւններու դէմ լայնածաւալ զինուորական գործողութիւնները կրնան մագլցում արձանագրել և վերածուիլ տարածաշրջանային պայթումի: Կասկածէ դուրս է որ ազրպէյճանական յարձակումը սպառնալիք է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան նպատակադրող միջազգային հանրութեան ջանքերուն»: