կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-01-27 12:42
Հասարակություն

Երբ Դաշնակցութեան հետ երկխօսութեան տրամադրութիւն կայ, այն պիտի առնէ կուսակցութիւնը որպէս մէկ և անբաժան ամբողջութիւն. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Երբ Դաշնակցութեան հետ երկխօսութեան տրամադրութիւն կայ, այն պիտի առնէ կուսակցութիւնը որպէս մէկ և անբաժան ամբողջութիւն. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Երբ 1992ին օրին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեան անարդարօրէն և վատաբար Հայաստանէն վտարուեցաւ ՀՀ նախագահ Լևոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ, իր հրապարակային առաջին ելոյթին ընթացքին Դաշնակցութեան ղեկավարը, հակառակ ամէն ինչի, յայտարարեց որ կուսակցութիւնը իր ձեռքը երկարած կը պահէ հայրենի իշխանութիւններուն և պատրաստ կը մնայ համագործակցութեան:

Եթէ Կասեաններէն յետոյ հայրենի իրականութեան մէջ ամենահակադաշնակցական քաղաքական անձնաւորութեան հանդէպ Դաշնակցութիւնը ամուր մնաց համագործակցութեան սկզբունքին վրայ համոզուած հայոց անկախ պետականութեան կենսական կարևորութեան ազգի գոյատևման և պատմական յառաջընթացին համար, այդ սկզբունքը հաստատ կը մնայ այսօր ևս:

Հակառակ որ Տէր Պետրոսեանական մնացուկները Թաւշեայ Յեղափոխութեան ընդմէջէն առիթ տեսան ռըվանշիզմի և հակադաշնակցական մոլուցքի վերահրահրման,

Հակառակ որ ԻմՔայլական կառավարութիւնը, վարչապետ Փաշինեան անձնապէս, անհրաժեշտ զսպումի չհրաւիրեց այդ մնացորդաց և անհրաժեշտ վճռակամութեամբ հրապարակ չելան սաստելու համար հակադաշնակցական թափթփուքներու հրապարակային ագրեսիաները, կամ նոյն պատրաստակամութիւնը ցոյց չտուին սոցիալական ցանցերով, խօսքի ազատութեան սահմաններուն մէջ, կարգի հրաւիրելու համար հակադաշնակցական մոլուցքի փորձութիւնը որուն կը մատնուին Ազգային Ժողովի անդամ ընտրուած ԻմՔայլական պատգամազուրկ դատարկապորտերը, կառավարութեան օրգանական մտաւորականները թէ իշխանութեանց ամէն ըրածը լորձնաշուրթ գովաբանելու առաքելութիւնը կամաւոր կերպով վերցուցած անհատները,

Հակառակ որ Վարչապետին ամենամօտիկ գործակիցները չեն վարանիր կրկին ու կրկին օրակարգի բերելու օրհներգի փոփոխութեան նման գրգռութիւններ,

Հակառակ կրթութեան նախարարին անպատասխապատու «ներսի-դուրսի Դաշնակցութիւն» անհեթեթ յետին մտածուներ մատնող արտայայտութեան,

Հետևելով ընկեր Մարուխեանի օրինակին պիտի ողջունել վարչապետին երկխօսութեան հրաւէրը:

Բա՛յց:

Երբ Դաշնակցութեան կ’ուղղուի երկխօսութեան հրաւէրը այն կ’ուղղուի կուսակցութեան մը որուն գաղափարախօսական կեդրոնացման և ծրագրային դրոյթներու ամբողջին մասին ոչ ոք կասկածելու իրաւունք ունի: Եւ թէկուզ և «բազմաշերտ» ըլլայ Դաշնակցութիւնը Վարչապետին համոզումով, այդ մէկը պիտի հասկնալ կուսակցութենէն ներս կարծիքներու և տեսակէտներու բազմազանութեան առկայութեան դրական իմաստով: Թէ այդ կարծիքները ինչպէս կ’արտայայտուին հրապարակային կերպով և ինչ գնահատանքի կ’արժանանան այդ արդէն իւրաքանչիւր Դաշնակցականի անհատական պատասխանատւութիւնն է: Այնպէս ինչպէս անհատական պատասխանատւութիւն է թոյլ չտալ որ իր տեսակէտները շահագործուին հակադաշնակցական պայքարի հետամուտ անձաց թէ ուժերու կողմէ:

Այսի՛նքն:

Թէ հայրենիքի մէջ Դաշնակցութիւնը այսօր արտախորհրդարանական ուժ է այդ մէկը երբեք առիթ պէտք չէ ըլլայ կուսակցութեան ազդեցութեան թերգնահատումին: Թաւշեայ Յեղափոխութենէն յետոյ ընտրական հոլովոյթին մէջ արձանագրուած ձախողութիւններուն գնահատականն ու հետագայ ընելիքները ներկուսակցական բանավէճի խնդիր են: Վարչապետը լաւ պիտի իմանայ, որ Դաշնակցութեան ազգային դերակատարութիւնը և անոր ազդեցութիւնը կ’արժևորուի համահայկական իրականութեան մէջ ուր, իր հետևումս Դաշնակցութեան հայակեդրոնութեան, Սփիւռքն ու հայրենիքը զիրար կ’ամբողջացնեն: Թէկուզ և իւրաքանչիւրը անխուսափելիօրէն ունենայ իրեն յատուկ օրակարգ:

Հետևաբար:

Երբ Դաշնակցութեան հետ երկխօսութեան տրամադրութիւն կայ այն պիտի առնէ կուսակցութիւնը որպէս մէկ և անբաժան ամբողջութիւն, որպէս համահայկական զօրաշարժի առաջացման ատակ քաղաքական ուժ:

Եւ խօսելով Սփիւռքի մասին, Վարչապետն ու իր Սփիւռքի հարցերով յանձնակատարը պիտի գիտակցին որ Լիբանանէն մինչև Ֆրանսա, Քէպէքէն Գալիֆորնիա և Արժանթին, Դաշնակցութիւնը նախանձախնդիր է համայնքային միասնականութեան, համագործակցութեան և ներկայացուցչութեան հարթակներ ստեղծելու: Սփիւռքի Նախարարութեան կազմալուծման սխալ քայլէն յետոյ Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու քաղաքականութիւնը բանաձևել անհատներու դերակատարութեամբ և անտեսել համայնքային կազմակերպական յառաջընթացը առաւելի պիտի տկարացնէ Սփիւռք-հայրենիք համարկումը ամէն մակարդակներու վրայ:

Եթէ Դաշնակցութեան հետ երկխօսութեան այս տրամադրուածութիւնը գործնականանայ, Դաշնակցութիւնը պարտի Վարչապետին յիշեցնել որ Սփիւռքը պիտի հասկնայ կազմակերպուած համայնքներու և համայնքային հաստատութիւններու համագործակցութեան ընդունման և քաջալերման ընդմէջէն, և ոչ թէ անհատներու դերակատարութեան առանձնաշնորհումով:

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան
26-01-2020