Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Իրենց «վերընտրութիւն»ը կատարելագործուած մեքենայութիւններով յաջողապէս կազմակերպելէ եւ այսպէս կոչուած «ժողովրդավարական յաղթանակ» արձանագրելէ ետք, Հայաստանի ու Երեւանի հին-նոր իշխանաւորները աջին ու ձախին խորհուրդ կու տան, թէ ընտրութեանց ժամանակը աւարտած-անցած է եւ ամէն մարդ թող իր գործով զբաղի։
Եթէ իրենք՝ պետական իշխանութեան ղեկին գլուխը մնալու սիրոյն այսքա՛ն արժէքներ ոտնակոխած «պետական այրեր»ը իրենց յանձնարարուած գործը օրը օրին կատարած ըլլային, եթէ մեր հասարակութեան նման կեղծ խորհուրդներ տալէ առաջ իրե՛նք տէր կանգնած ըլլային իրենց «ձեռք ձգած» ղեկավար պաշտօններուն ու հանրային ծառայութեան նուիրուելու պատասխանատուութեան, այդ պարագային, վստահաբար, Հայաստանն ու հայութիւնը այսօր կանգնած պիտի չըլլային այս աստիճան յուսալքութեան եւ երկփեղկումի մատնուած հասարակութեան անմխիթար դրութեան մէջ։
Ոչ ալ ազգովին պիտի յայտնուէինք հաւաքական անզօրութեան այսօրինակ ոլորապտոյտի մէջ, ուր արդէն հինգերորդ անգամ ըլլալով ի վիճակի չենք ժողովրդավարական ազատ ու արդար ընտրութիւններ ունենալու եւ, այդ ճամբով, իրականացնելու վերանկախացեալ մեր հայրենիքին պետական բարեկարգումն ու իրա՛ւ հզօրացումը։
Այլեւս միայն հեգնական կը հնչեն «ընտրութիւնները աւարտեցան եւ աշխատանքի գացէ՛ք» յորդորները այսօրուան, էապէ՛ս երէկուան իշխանաւորներուն, որոնք չբաւարարուեցան Փետրուար 18ի նախագահական ընտրութեանց քաղաքական խայտառակութեամբ եւ անոր վրայ բարդեցին նաեւ Երեւանի Աւագանիի «ընտրական» զաւեշտը։
Ո՛չ. ընտրութեանց ժամանակը աւարտած չէ. պարզապէս պետական կառավարման այս խաթարուած համակարգը արմատական բարեկարգման ենթարկելու ժողովրդավարական պայքարը հերթական պարտութիւն կրած է...:
Եւ եկած է ժամանակը ազգովին անդրադառնալու, եթէ ուշացած չենք արդէն, որ հաւաքական մեր ուժն ու կամքը դատապարտուած պիտի մնան հերթական պարտութեանց, որովհետեւ նաեւ մեր մեղքով Հայաստանի մէջ պետական իշխանութիւնը «սեփականաշնորհուած» է, իսկ կուսակցութիւնները՝ «պետականացուած»։
Խարխափելու եւ դեդեւելու սկսանք Հայաստանի վերանկախացման ու ժողովրդավարացման առաջին իսկ մեր քայլերէն, երբ խորհրդային ամբողջատիրութեան կապանքները թօթափելու մեր վճռականութեան մէջ չուզեցինք տեսնել եւ հաւատալ, որ Անկախութեան Հանրաքուէն էապէս ներքին կաշկանդումի կ՛ենթարկէինք՝ միաժամանակ նախագահական իշխանութիւն հաստատելով դեռ իրաւականօրէն չանկախացած մեր պետութեան մէջ։
1991ի գարնան արդէն, տակաւին Խորհրդային հանրապետութեան մեր կարգավիճակով, ատենի Գերագոյն խորհուրդի նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նախաձեռնութեամբ անկախութեան մեր երթը լծորդ դարձուցինք նոյնինքն «սեփականաշնորհման» երեւութապէս գրաւիչ, բայց խորքով հասարակական չարեաց աղբիւր հանդիսացող սայթաքումին։
Չարիքը չէր բխեր հողի սեփականաշնորհումէն, ոչ ալ անոր անխուսափելիօրէն հետեւող պետականացուած արտադրամիջոցներու մասնաւորեցումէն։ Ազատ հասարակութիւն եւ ազատ քաղաքացի դառնալու տարբեր ուղի ճանչցած չէ քաղաքակիրթ մարդկութիւնը։ Հայաստանն ու հայութիւնը բացառութիւն կազմելու ոչ մէկ հիմք ունէին։
Չարիքին արմատը պետական իշխանութեան թաքուն «սեփականաշնորհում»ն էր, որ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան վերականգնման առաջին իսկ քայլերուն հետ պարտադրուեցաւ մեր հասարակութեան՝ առանց ամէն բանէ առաջ եւ վեր Սահմանադրութիւն որդեգրելու...:
Մինչեւ 1995ի Յուլիսին կայացած Սահմանադրութեան հանրաքուէն, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արդէն սկսած էր արմատաւորուելու սեփական ժողովուրդէն խորթացած պետական կառավարման նախագահական համակարգ մը, որ իր ամբողջատիրական էութեամբ աւելի հոգեհարազատ էր խորհրդային «ժառանգութեան», քան թէ այսպէս կոչուած Ազատ աշխարհի ժողովրդավարութեան։
Իրարու յաջորդած նախագահական թէ խորհրդարանական ընտրութիւնները բոլորն ալ աստիճան մը աւելի խորացուցին մեր հայրենիքին պետական իշխանութեան «սեփականաշնորհում»ը՝ հասարակական բողոքն ու ընդվզումը բրտօրէն ճզմելու գնով հաստատելով ամէն իշխանութիւն նախագահական աթոռին վերապահելու Չարիքին «օրինականութիւն»ը։
Ինչպէս որ 1920ականներուն պոլշեւիկները իբր թէ «յեղափոխական օրէնքներով» իրաւական հիմք տուին պետութեան կուսակցականացումին, այնպէս ալ յետ-խորհրդային տարածաշրջանի ընդհանուր հոսանքին հետ քայլ պահելով՝ Հայաստանի պետական ղեկին տիրացած նորայայտ ուժերը «սեփականաշնորհեցին»... հայոց պետականութիւնը։
Հայաստանի այսօրուան քաղաքական, հասարակական եւ լայն առումով ազգային տագնապին կիզակէտը պետական իշխանութեան այսօրինակ մասնաւորեցումն է։
Զարմանալի չէ, որ պետութեան կուսակցականացումի պոլշեւիկեան բնորդը յանգեցաւ պետական իշխանութեան մասնաւորեցումին ու սեփականաշնորհման՝ նոյնինքն ռուս հասարակութեան յետ-խորհրդային կեանքին մէջ։
Միեւնոյն օրինաչափութիւնը ահա աւելի քան քսան տարիէ ի վեր իր հունով կ՛առաջնորդէ յետ-խորհրդային տարածաշրջանի երկիրներն ու ժողովուրդները, ներառեալ Հայաստանն ու հայութիւնը։
Մեծապետական աշխարհը ըստ երեւոյթին ինք ալ համակերպած է կատարուած իրողութեան եւ ինչպէս Ռուսիոյ Դաշնութեան, նոյնպէս եւ անոր ռազմավարական դաշնակիցներուն (Հայաստանի Հանրապետութեան օրինակով) նկատմամբ կը դիրքորոշուի՝ մեկնելով պետութեան «սեփականաշնորհում»ի փաստական իրականութենէն։
Աւելի՛ն. ինչպէս Ռուսիոյ Դաշնութեան պարագային, նոյնպէս եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, նախագահական իշխանութիւնը «սեփականացուցած» է կուսակցութիւն մը եւ «պետականացուցած» է զայն, որպէսզի ժողովրդավարութեան պատրանք ստեղծելու իր վարքագիծը շարունակէ մինչեւ վերջ... Մինչեւ տապալումը ամէն իշխանութիւն իր մէջ կեդրոնացուցած նախագահական ուժին։ Հետեւաբար, Հայաստանի մէջ աւարտած չէ ընտրութեան ժամանակը։Պարզապէս վարագոյրը իջած է սեփական ժողովուրդին հաւաքական ուժն ու կամքը արհամարհելու իբր թէ «ժողովրդավարական» հերթական բեմադրութեան աւարտին։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
asbarez.com