կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-07-22 10:00
Սփյուռք

Գանատայի խորհրդարանի ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութիւնը կը դատապարտէ ատրպէյճանական յարձակողապաշտ վարքագիծը

Գանատայի խորհրդարանի ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութիւնը կը դատապարտէ ատրպէյճանական յարձակողապաշտ վարքագիծը

Հորիզոն – Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին ուղղուած Յուլիս 21 թուակիր նամակով մը, Գանատայի խորհրդարանի պաշտօնական ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Անտրու Շիր խստօրէն դատապարտեց Հայաստանի հանդէպ ատրպէյճանական յարձակողապաշտ արարքները։

Նշելով որ միշտ հպարտ զգացած են Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ համագործակցելու առիթներով, ընդդիմութեան ղեկավարը նամակին մէջ կը յայտնէ, որ Պահպանողականները միշտ արտայայտած են իրենց մտահոգութիւնը ի տես Արցախի եւ տարածաշրջանին մէջ կատարուող բռնարարքներուն։ «Մենք կը շարունակենք կոչ ուղղել Գանատայի իշխանութիւններուն որպէսզի աջակցին Արցախի ժողովուրդի ազգային ինքնորոշման իրաւունքին», նամակին մէջ կը հաստատէ Անտրու Շիր։

Պահպանողական ղեկավարը նամակին մէջ կոչ կ՚ուղղէ հակամարտ կողմերուն յարգելու հրադադարը եւ զօրակցութիւն կը յատնէ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի խաղաղարար նախաձեռնութիւններուն։

Horizonweekly.ca