Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ին եւ ԶՈՄ-ին, երէկ` կիրակի, 26 սեպտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան պատերազմի նահատակներուն յիշատակին նուիրուած «Միշտ ձեր կողքին» խորագիրը կրող առցանց ձեռնարկը:
Բացման խօսքը արտասանեց Նանի Գալուստեան, որ դիտել տուաւ, թէ ձեռնարկը նուիրուած է Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի արհաւիրքին, անոր ստեղծած անելանելի հոգեվիճակին, հերոս տղաներու յիշատակին եւ ապացուցելու երիտասարդութեան կամքն ու անխախտ հաւատքը պայքարը շարունակելու եւ վերատիրանալու այն բոլորին, զորս մենք կորսնցուցինք մեր այսօրուան անհայրենասէր եւ անկարող իշխանութեան պատճառով:
Ան դիտել տուաւ, որ աւելի քան 30 տարիներ Արցախը ԼԵՄ-ի եւ ԶՈՄ-ի ուշադրութեան առարկան եղած է, երկու միութիւնները իրենց տարեկան գործուղումներով կը փորձէին աշխուժ պահել արցախցիի հետ առօրեայ կապը եւ հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւնը: Ն. Գալուստեան շեշտեց, որ 27 սեպտեմբեր 2020-ի պատերազմը բազում հարցադրումներու տուն տուաւ, Հայաստանը ունէր բանակ, պետութիւն, նաեւ սփիւռքի հայորդիներուն պատրաստակամութիւնը` օժանդակելու ամէն ձեւով, սակայն այս պատերազմին արդիւնքը այլ էր, որովհետեւ 9 նոյեմբերի տխրահռչակ յայտարարութեամբ փաստուեցաւ, որ իշխանութիւնը որոշած է տեղի տալ թշնամիի փափաքին եւ յանձնել Արցախի մեծ մասը: Բայց եւ այնպէս մեր հերոս զինուորները տուին ամենաթանկը` իրենց սուրբ կեանքը: Անոնք ինկան, բայց չմեռան, անոնց հոգին կ՛ապրի մեր մէջ եւ ուժ կու տայ մեզի` շարունակելու իրենց իսկ ընտրած ուղին, շեշտեց ան: «Անոնց հոգին է, որ մեզի ուժ պիտի տայ շարունակելու մեր գործը: Երկար ճամբայ ունինք կտրելիք: Եկէք ըլլանք համբերատար եւ չընկճուինք պարտութենէն եւ ձախողութենէն: Մենք իրաւունք չունինք լռելու կամ յանձնուելու: Տղոց թափած արիւնը մեզի աւելի կը պարտաւորեցնէ խրոխտ եւ վճռակամ նետուելու աշխատանքի դաշտ: Յիշատակը անմար մնայ մեր քաջարի զինուորներուն: Ձեր ընտրած ճամբան թափուր պիտի չմնայ, կը խոստանանք», հաստատեց Նանի Գալուստեան:
Ապա Արազ Էլեճեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Ընկածները», ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ իրենց սրտի խօսքը ուղղեցին Արցախի պատանեկան եւ երիտասարդական միութիւններու անդամներ:
Օրուան բանախօսն էր Շահան Գանտահարեան, որ իր խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ այն իրողութեան, թէ արցախեան 44-օրեայ պատերազմի առաջին տարելիցի նշումը չի նմանիր հայութեան մղած նախորդ պատերազմներու նշումներուն, որովհետեւ բոլորն ալ յաղթական աւարտ ունեցած են, նահատակներու յիշատակը ոգեկոչելու կողքին, մենք տօնած ենք մեր յաղթանակները: Ան դիտել տուաւ, որ այս վերջին պատերազմին կորուստները բազում էին ու ծանր` մարդկային թէ նիւթական, իսկ անոնց համակերպիլ կը նշանակէ ոտնակոխել նահատակներուն յիշատակը, հերոսներու սխրանքն ու անոնց թողած պատգամը:
Բանախօսը դիտել տուաւ, որ լիբանանահայ գաղութը, ուսանողական թէ երիտասարդական շարքերէն անցածները գիտեն ի՛նչ կը նշանակէ հայրենիքի եւ ազգային իրաւունքի համար նահատակութիւնը, որովհետեւ անոնք բանիւ եւ գործով, տարբեր ժամանակներու եւ պայմաններու մէջ լծուած են հայութեան, հայրենիքին եւ գաղութին ծառայութեան` միասնականութեամբ, առանց բաժանարար գիծերու առկայութեան, նախկինի ու ներկայի արուեստական վէճերու, փոխմեղադրանքներու, պիտակաւորումներու, վիրաւորանքներու եւ դասակարգումներու: «Կար մէկ նպատակ, փրկել համայնքը, գաղութը եւ այդ նպատակին համար գոյացած էր համախումբ աշխատանքը, ցանցային կառոյցը», շեշտեց ան: Շահան Գանտահարեան հաստատեց, որ 44-օրեայ պատերազմին եւս լիբանանահայութիւնը ունեցաւ նահատակներու փաղանգին իր ներկայացուցիչները: Պատանեկանի եւ ԼԵՄ-ի շարքերուն մէջ հայրենիքի համար նահատակուելու գաղափարը իւրացուցած հերոսներն էին անոնք, որոնք փութացին ազատագրելու համար Վարանգաթաղ բարձունքը: Ան շեշտեց, որ երբեք պէտք չէ մտածել, թէ տարածքներու կորուստով կամ պատերազմին պարտութեամբ հազարաւոր նահատակները իրենց կեանքը անիմաստ տեղը զոհեցին, որովհետեւ` «անոնց սխրանքին շնորհիւ է, որ այսօր փրկուեցաւ Արցախի մնացեալ մասը, իրենց շնորհիւ է որ կը շարունակէ գոյատեւել մեր հանրապետութիւնը: Բայց մանաւանդ անոնց շնորհիւ է, որ վառ կը մնայ հայրենիքի կորուսեալ տարածքներու վերատիրացման համար անտեղիտալի պայքարը շարունակելու պահանջատրութիւնը»:
Ապա բանախօսը անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ Ազրպէյճան առանձինն չյաղթեց հայկական զինեալ ուժերուն, որովհետեւ բոլոր առումներով եւ գործնականօրէն անոր կողքին էր Թուրքիան, որ իսկական պատերազմող էր Արցախի դէմ: «Այս պատերազմը մղելով Անգարան կը նպատակադրէր ո՛չ միայն թափանցել Հարաւային Կովկաս, այլ նաեւ տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական քարտէսը փոխել, բանալ սահմանները եւ մանաւանդ Նախիջեւանը կապել Ազրպէյճանին: Թուրանական հին ծրագիրն էր, որ վերստին կեանքի կը կոչուէր` Թուրքիան Նախիջեւանով եւ Զանգեզուրի ճամբով կապելու Ազրպէյճանին եւ անկէ նաեւ թրքախօս թրքացեղ երկիրներուն», ըսաւ ան:
Ըստ Շ. Գանտահարեանի, դարեր շարունակ օսմանեան եւ քեմալական Թուրքիոյ փայփայած երազը այժմ գործի դրուած է էրտողանական Թուրքիոյ կողմէ: Հիմա յայտարարուած է քաղաքական պատերազմ Հայաստանի դէմ: Ապաշրջափակման եւ խաղաղութեան հաստատման անուան տակ թուրանական կամուրջի կառուցումն է, որ կ՛առաջադրէ Անգարան: «Հայկական կողմին երկխօսելու առաջարկին մասին բարձրաձայնելով Անգարան նոր նախապայման կը դնէ յարաբերութիւններու հաստատման համար: Զանգեզուրի միջանցքի պայմանը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ դարերէ ի վեր երազուած թուրանական կամուրջը: Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի պահանջէն եւ հայկական պատմական տարածքներու պահանջատիրութենէն հրաժարում եւ այժմ Զանգեզուրի միջանցքի տրամադրում: Ահա Անգարայի վերափոխուած նախապայմանները` ապաշրջափակելու համար Հայաստանը: Ապաշրջափակում եւ խաղաղութիւն այո՛, բայց նախ ռազմագերիներու եւ նահատակուած զինուորներու աճիւններու հայրենադարձում, սահմաններու բացում այո՛, բայց նախ Արդարադատութեան ատեանի առջեւ հաշուետուութիւն ռազմական յանցագործութիւններու համար: Յարաբերութիւններու հաստատում այո՛, առանց Ցեղասպանութեան պահանջէ հրաժարման, առանց Թուրքիոյ տարածքային սահմանները յատուկ պայմանագիրով ընդունելու, առանց թուրանական կամուրջի կառուցման», շեշտեց ան:
Բանախօսը ըսաւ, որ ազրպէյճանական զօրքերը կը շարունակեն իրենց ոտնձգութիւնները հայկական սահմաններուն ուղղութեամբ` ճնշելու, որ օր առաջ կայանայ սահմանագծումը, ատով իսկ նաեւ վերջնականապէս լուծուած նկատելու արցախեան հակամարտութիւնը:
Ան շեշտեց, որ այս բոլորին լոյսին տակ ամբողջ հայութիւնը պարտաւոր է միակամ դիմադրել թրքական եւ ազրպէյճանական այս նոր գրոհին, իսկ դիմադրութեան առաջին գիծերուն վրայ կ՛ըլլայ հայ երիտասարդութիւնը: «Հիմա, ճիշդ հիմա՛ անհրաժեշտ են ցուցական աքթեր, եւ այդ աքթերուն ընդմէջէն համայն աշխարհը պիտի իմանայ, որ հայկական միասնական ճակատը պիտի յաջողի չէզոքացնել թշնամիին բոլոր ոտնձգութիւները, պիտի շարունակուի՛ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հատուցման յաղթարշաւը: Պիտի վերականգնի ամբողջական տարածքներով Արցախի Հանրապետութիւնը», եզրափակեց Շահան Գանտահարեան` աւելցնելով, որ այդ պայքարին մէջ յառաջատար են լիբանանահայութիւնը, ԼԵՄ-ն ու ԶՈՄ-ը, եւ` համահայկական այս պայքարով պիտի ձախողի թրքական ծրագիրը, պիտի փրկուի Սիւնիքը, պիտի չկառուցուի Զանգեզուրի միջանցքը, պիտի վերակասեցուի թուրանական յառաջխաղացքը, պիտի վերականգնի՛ Արցախի Հանրապետութիւնը:
Ձեռնարկին ընթացքին Սփիրօ Ցոլակ Թալաթինեան տեղւոյն վրայ գծանկարեց արցախեան 44-օրեայ պատերազմի հերոս նահատակներէն Ալպերթ Յովհաննիսեանի նկարը` հրետանիին ետին:
Յայտագիրը փակուեցաւ նախքան ռազմաճակատ մեկնիլը Պռոշեանի մարտիկներուն մեկնաբանած խմբերգով: