Միասին կարող ենք
կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2021-11-11 15:30
Քաղաքական

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւն Արցախեան Քառասունչորսօրեայ Պատերազմի Դադրեցման Տարելիցին Առիթով

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւն Արցախեան Քառասունչորսօրեայ Պատերազմի Դադրեցման Տարելիցին Առիթով

Արցախի 44-օրյա պատերազմի դադրեցման հրադադարի Եռակողմ Յայտարարութեան առաջին տարելիցին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն, Արժանթինի, Ուրուկուայի և Պրազիլի իր ընկերուհիներուն և ընկերներուն անունով, կոչ կ՛ուղղէ համայն հայութեան, և մասնաւորաբար Հարաւային Ամերիկայի բոլոր հայ համայնքներուն եւ Հայ Դատի բարեկամներուն, վերաշխուժանալ և զօրաշարժի պատրաստ ըլլալ ի խնդիր Հայաստանի և Արցախի շահերու վերանորոգ պայքարի և յանձնուողական քաղաքականութեան դիմադրութեան:

Բոլորին ուշադրութիւնը կը հրաւիրենք հայ ժողովուրդի սպառնացող նորագոյն վտանգներուն վրայ, որոնք կրնան ծնունդ առնել ՀՀ իշխանութիւններու քուլիսային բանակցութիւններուն և գաղտնի համաձայնութիւններուն հետևանքով, այնպիսի ժամանակներու երբ Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ սրած է մեծապետական մրցակցութիւնը և վերակենդանացած փանթուրքիզմը:

Ճիշդ մէկ տարի առաջ, Ազրպէյճանին յանձնուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան տարածքներու 70 տոկոսը:Անոնց մէկ մասը ոչ իսկ թշնամիին անցած էր պատերազմի ժամանակ: Եռակողմանի Յայտարարութենէն յետոյ, ՀՀ իշխանութիւնները ցուցաբերեցին յաւելեալ տարածքներ զիջելու պատրաստակամութիւն, ներառեալ ՀՀ սահմաններէն ներս, առանց որ անոնք երբևիցէ խնդրոյ առարկայ դարձած ըլլային անցեալին:

ՀՀ իշխանութիւններու այս անընդունելի քաղաքականութիւնը հետևանք է պատերազմի մը, որմէ կարելի էր խուսափիլ, կամ մեկնարկէն մի քանի շաբաթ անց դադրեցնել, կանխելով անորնման աղիտալի աւարտը: Ընդ որում, քաղաքական ներկայ գործընթացը կը գտնուի ծայրայեղ վտանգաւոր զարգացման ուղիի վրայ, որ կը սպառնայ ազգայինպետականութեան և 1918 թուականին հայ ժողովուրդին հռչակած քաղաքական, ընկերային, մշակութային եւ տնտեսական անկախութիւնը: Այն հայրենիքը որ կերտուեցաւ 1918-20 բախտորոշ տարիներուն, պահպանուեցաւ և իր իտէալները պահպանեց Խորհրդային իշխանութեան տարիներուն, վերանկախացաւ որպէս գերիշխան պետութիւն 1991-ին, այսօր միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ կորսուելու վտանգին տակ է:

ՀՀ իշխանութիւններիւ իրերայաջորդ զիջումները Ազրպէյճանին չհամոզեցին Պաքուին վերադարձնել ռազմագերիները, հեռանալ Նոյեմբեր 9-էն յետոյ Հայաստանէն ներս իրենց գրաւած տարածքներէն և դադրեցնել հետևողական ոտնձգութիւնները Հայաստանի քաղաքացիներուն նկատմամբ: Աւելի՛ն, ՀՀ կառավարութեան հրամանով հայկական զինուած ուժերը, Սիւնիքի բնակչութեան անվտանգութեան հիմնական երաշխիքը, հեռացած են սահմանային շրջաններէն ուր ազրպէյճանցիները հաստատած են անցարգեքլներ, մաքսատուներ և ուր ազրպէյճանցի զինուորները անարգել կը սպառնան, կ’անպատուեն ու կը ստորացնեն հայ քաղաքացիներուն:

Հայաստան եւ Արցախի տարածքի դանդաղ բաժանումը լրջօրէն կը վտանգէ պատմականօրէն հայապատկան հողատարածքին վերամիացումըև ուղղակիօրէն կ’ազդէ Սփիւրք-Հայաստան-Արցախ միասնականութեան գաղափարին վրայ: ՀՀ իշխանութիւնները յանձնառու չեն հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան: Ազատ, անկախ և միացեալ Հայաստանի գաղափարին անէացումը, որուն կրնայ յանգիլ այս քաղաքականութիւնը, ծանր հարուած պիտի ըլլայ համայն հայութեան ինքնութեան պահպանման և զարգացման յանձնառութեան, որ յատկանշած է ի մասնաւորի Ցեղասպանութեան վերապրողներու կերտած Սփիւռքին:

Հայաստանը առանց Արցախի, Հայաստան չէ՛:

Հայաստանը առանց Սիւնիքի, Հայաստան չէ՛:

ՀՀ իշխանութիւնները այսօր դէմ յանդիման կը գտնուին հսկայ պատասխանատըւութեան մը: Թուքիոյ հետ յարաբերութիւններու վերականգնումը չի կրնար իր ոճիրը ուրանալ շարունակող Ցեղասպանին թելադրած նախապայմաններով ըլլալ: Փրոթոքոլներու տխրահռչակ նախընթացը պէտք է միշտ մտաբերել: Այն ժամանակ մենք դէմ եղանք Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան և արդարահատոյցի մոռացման ամէն փորձի, այսօր կրկին կը բարձրացնենք մեր ձայնը՝ մերժելով Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու ամէն բնականոնացում, որ պիտի տանէ դէպի մեր յիշողութեան կորուստը, արդարահատոյցի և հողային պահանջատիրութենէ հրաժարականի:

Սահմազատումն ու սահմանագծումը չեն կրնար իրականանալ հողային զիջումներու գնով: Անընդունելի է Եռակողմանի Յայտարարութեան պայմաններու խախտումով հայկական սահմանային հողատարածութիւններու վրայ ռազմական ուժերու ներկայութիւնը: Տարածաշրջանիհաղորդակցութեան միջոցներու ապաշրջափակումը կը բացառէ Ազրպէյճանէն Նախիջևան ու Թուրքիա հողային կապի միջանցքը, որ փանթրքական ծրագրի իրականացման առաջին կոնկրետ քայլն է: Ոչ մէկ իշխանութիւն կրնայ բանակցիլ առանց ականջալուր ըլլալու համայն հայութեան: Ատենին զգուշացուցինք այս իշխանութիւններու սխալ ընթացքին մասին:Դժբախտաբար, սխալ դուրս չեկանք:

Ժամանակն է որ հայրենի քաղաքական դասը գիտակցի ազգային համաձայնութեան անհրաժեշտութեան: Ժամանակն է որ ՀՀ կառավարութեան ղեկավարութիւնը նախաձեռնէ նման քայլի ներառելով ընդդիմութեան բոլոր հատուածներուն, և Սփիւռքի հետ հաստատէ մնայուն խորհրդակցութիւն:

Հայ ժողովուրդը պետք չէ շփոթէ խաղաղութիւն ու բարգաւաճումը ստորադասութեան եւ ազգային շահերու, պատմական իրաւունքներու, ցեղասպանութեան արդարայատոյցի ամբողջական զիջումին հետ:

Մենք կ’ընդդիմանանք հայութեան լինելութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնող ամէն քաղաքականութեան:

Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը վիճելի չէ՛:

Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը վիճելի չէ՛:

Հաւաքական յիշողութիւնը պահպանումը, արդարութեան եւ հատուցման որոնումը բանակցելի չե՛ն:

Մենք՝ երէկ, այսօր եւ մի՛շտ հայ ժողովուրդի շահերը պաշտպանող Դաշնակցութիւնն ենք:

Պուէնոս Այրէս, 09 Նոյեմբեր 2021թ․