Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Բողոքի ցոյց Աթէնքի ատրպէյճանական դեսպանատան առջեւ
Հաւաք Թեսաղոնիկէի եկեղեցւոյ առջեւ
27 Սեպտեմբեր 2020-ի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Արցախի վրայ սանձազերծուած պատերազմի առաջին տարելիցին, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան կազմակերպութեամբ, Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ յունահայութիւնը իր բողոքի արդար ձայնը բարձրացուց ընդդէմ թուրքեւատրպէյճանական յարձակողականութեան, իրագործելով բողոքի ցոյց Աթէնքի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ եւ յարգանքի հաւաք Թեսաղոնիկէի մէջ՝ «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ առջեւ։
ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑ ԵՒ ՄԻՋԱԴԷՊ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ
Երկուշաբթի՝ 27 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Աթէնքի հայութիւնը ընդառաջելով Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան Կեդր. վարչութեան կոչին, ներկայ եղաւ Փսիխիքօ շրջանը գտնուող Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ, իր բողոքն ու ընդվզումը բարձրաձայնելու համար Արցախի վրայ 44-օրեայ պատերազմին եւ մինչեւ այսօր շարունակուող ատրպէյճանական ոտնձգութիւններուն դէմ։
Նշենք, որ չափազանց զգալի էր ոստիկանական զրահաւոր յատուկ ուժերու ներկայութիւնը, որոնք կանգնած էին շէնքի երկայնքին։
Ցոյցէն առաջ, Ատրպէյճանի դեսպանատունը զայրացնող միտումնաւոր քայլերու դիմած էր, շէնքի ցանկապատին վրայ նախապէս տեղադրած ըլլալով պաստառներ զանազան ընդվզեցուցիչ լոզունգներով, որոնց վրայ յունարէն լեզուով գրուած էին «Ղարաբաղը Ատրպէյճանին կը պատկանի», «Մեր հերոսները կը յիշենք» եւ «Սուքի ու յարգանքի օր Ատրպէյճանի համար» գրութիւնները։ Առաւել, մայր դռան վրայ զետեղած էին նկարներ ազերի բանակի ջոկատներէն եւ մարտերու տեսարաններէն։ Նաեւ, տեղադրած էին նոյնանման պարունակութեամբ թռուցիկներ յոյն անցորդներուն համար։
Յանկարծ, ցանկապատին ետեւէն, դեսպանատան պաշտօնեաները երկար ցողերով փորձեցին վար առնել հայկական Եռագոյնը, իսկ մէկ այլ պաշտօնեայ մը ցուցարարներուն վրայ ջուր կը թափէր։
Հայ ցուցարարները բուռն կերպով հակազդեցին եղած գրգռութիւններուն եւ վար առին ցանկապատին վրայ տեղադրուած ազերիական ստայօդ գրութիւններն ու նկարները, իսկ ոստիկանական ուժերու պատասխանատուները եւս պահանջեցին ատրպէյճանցի պաշտօնեաներէն դադրեցնել իրենց բռնի շարժումները։ Միջադէպի ամբողջ տեւողութեան եւ բողոքի ցոյցի ընթացքին դեսպանատան բազմաթիւ պաշտօնեաներ պատուհաններուն ետեւէն նկարահանումներ կը կատարէին։
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան անդամները մեծադիր պաստառներով գրաւեցին դեսպանատան առջեւէն անցնող ճամբան, իսկ Հ.Յ.Դ. Պատանեկան միութեան անդամները եւ ժողովուրդը Եռագոյն դրօշակները իրենց ձեռին կը բացագանչէին լոզունգներ։ Երիտասարդականի Կեդր. վարչութեան անդամները, փոխն ի փոխ բարձրախօսէն ներկայացուցին արցախեան պատերազմի եղելութիւնները, յատուկ շեշտ դնելով ատրպէյճանական անմարդկային ոճիրներուն վրայ, օտար վարձկաններու ներկայութեան, Թուրքիոյ ռազմական մասնակցութեան, Արցախի անզէն բնակչութեան վրայ կատարուած ռմբակոծումներուն, մշակութային կոթողներու ոչնչացման, Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներուն եւ Արցախի հողերէն պոկուած հազարաւոր գաղթական ժողովուրդին։ Ցուցարարները պահանջեցին, որ Ատրպէյճան անյապաղ ազատ արձակէ հայ գերիները, իսկ կոչ ուղղեցին միջազգային ընտանիքին եւ մեծ պետութիւններուն վերականգնել արդարութիւնը եւ ճանչնալ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը։
Ակներեւ էր հայ երիտասարդութեան ներկայութիւնը, որ վճռակամ եւ պայքարունակ ոգիով սուգի եւ ցասումի օրը վերածեց պայքարի եւ պահանջատիրութեան օրուան, ցոյց տալով որ հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ տէր կանգնիլ Արցախի մեր արծուաբոյնին, հակազդելով ատրպէյճանական ամէն տեսակի ոտնձգութիւններուն։
Բողոքի ցոյցը իր աւարտին հասաւ ուշ երեկոյեան, ժողովուրդին կողմէ միաբերան երգուած հայկական եւ յունական ոգերգներով։
ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԵՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԵՐԵԿՈՅ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ ՄԷՋ
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտ. Միութեան «Ս. Թեհլիրեան» խումբին կազմակերպութեամբ, նոյն երեկոյ տեղի ունեցաւ յարգանքի հաւաք մը՝ ի յիշատակ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին քաջաբար ինկած հայ զինուորներուն։
Երեկոյեան ժամը 8-ին, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին« եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն Արտավազդ վրդ. Շարոյեանի կողմէ։ Հոծ բազմութեան առջեւ Հայր սուրբը իր քարոզին մէջ վեր առաւ հայ զինուորներու ու Արցախի ժողովուրդի դիմադրականութեան, հերոսական մարտնչումին եւ անձնազոհութեան ոգին։
Յաջորդաբար, բոլոր ներկաները հաւաքուեցան եկեղեցւոյ շրջաբակը, ուր պատերուն վրայ զետեղուած էին քաջաբար իրենց կեանքը մատուցած հայ զինուորներու նկարները եւ բոլոր զոհուած հայ զինուորներու անուններու ցանկերը։
Տեղւոյն վրայ գործադրուեցաւ յիշատակի յատուկ յայտագիր, որուն ընթացքին Երիտասարդականի ներկայացուցիչը հակիրճ ներկայացում մը կատարեց անցեալ Սեպտեմբերին ծայր առած պատերազմական գործողութիւններուն, միաժամանակ մատնանշելով միջազգային ընտանիքի բացակայութիւնն ու անտարբերութիւնը Ատրպէյճանի գործած ոճիրներուն եւ հայկական մշակութային կոթողներու փճացումին հանդէպ։ Խօսքի աւարտին, ան յատուկ նշում կատարեց իրենց կեանքը զոհած հերոսներուն, որոնց յիշատակը յարգուեցաւ այդ երեկոյեան։ Մէկ վայրկեանի լռութեամբ, ներկաները խոնարհեցան մեր նահատակ հերոսներու անմոռաց յիշատակին։
Յարգանքի ելոյթին ներկայ գտնուեցան նաեւ Արցախի վերջին պատերազմին մասնակցած երկու հերոսներ՝ Հենրիկ Գրիգորեան եւ Արամայիս Յարութիւնեան, որոնց Հ.Գ.Խաչի, Համազգայինի եւ Հ.Յ.Դ. Երիտ. միութեան անունով յատուկ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ, պատուելով անոնց հերոսական մասնակցութիւնը Արցախի պաշտպանութեան վսեմ գործին։
Գործադրուեցաւ կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը, երգչուհի Մարիա Սփիրիտոնիտուի եւ տուտուկահար Սերգէյ Չոպանեանի մասնակցութեամբ, որոնց մեկնաբանութիւնները յուզումի զգացումներ առթեցին ներկաներուն մօտ։
Յուշ երեկոն շարունակուեցաւ լուռ քայլարշաւով մը դէպի քաղաքի կեդրոնը գտնուող խաչքարը, որուն առջեւ տեղի ունեցաւ ծաղիկներու զետեղում եւ մոմավառութիւն։ Յուզիչ ելոյթը վերջ գտաւ «Մեր հայրենիք» ոգերգի երգեցողութեամբ։
azator.gr