կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-05-19 20:49
Քաղաքական

Դաշնակցութեան պատմութեան սխրգործութիւններուն եւ բիւրաւոր նահատակներուն նկատմամբ անընդունելի երեւոյթ է սա. Հ.Յ.Դ. Քուէյթ

Դաշնակցութեան պատմութեան սխրգործութիւններուն եւ բիւրաւոր նահատակներուն նկատմամբ անընդունելի երեւոյթ է սա. Հ.Յ.Դ. Քուէյթ

Հ.Յ.Դ. Քուէյթի ողջ ընտանիքը կը դատապարտէ 18 Մայիս 2019-ին Ազատութեան Հրապարակին մէջ Հ.Յ.Դ. բազմամեայ ներկայացուցիչ, Արցախեան ազատագրական պայգարի կազմակերպիչներէն՝ ընկ. Հրանդ Մարգարեանի դէմ կատարուած սադրանքը: 

Այս անընդունելի արարքը ուղղուած չէ միայն ընկ. Հրանդ Մարգարեանի դէմ, այլ հակադաշնակցական մօտեցում է:

Դաշնակցութեան պատմութեան սխրգործութիւններուն եւ բիւրաւոր նահատակներուն նկատմամբ անընդունելի երեւոյթ է սա:

Կը հաստատենք, որ վերջին շրջանին խրախուսուող անհանդուրժողականութիւնն ու ատելութիւնը, ազգը շերտերու բաժնելու փորձը հասցուցին այս անընդունելի արդիւնքին, որմէ կրնան օգտուիլ միայն հայ ազգի թշնամիները:

Ուստի կոչ կ՚ուղղենք Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն, անմիջապէս ձեռնարկել անհրաժեշտ քայլերու կասեցնելու համար դէպքերու վատ ընթացքը, երաշխաւորելով բոլոր քաղաքացիներուն վարկն ու անվտանգութիւնը:

Պատահած դէպքը երբէք չի արտացոլացնէր սիրոյ եւ հանդուրժողականութեան լոզունքները որոնցմով առաջնորդուեցաւ հայ ժողովուրդը, ժողովրդային շարժումի օրին, մօտ մէկ տարի առաջ:

Հ.Յ.Դ.ն էր, է եւ պիտի շարունակէ մնալ հաւատարիմ ազգին եւ հայրենիքին ծառայելու սուրբ գործին:

Հ.Յ.Դ. Քուէյթ