կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-10-08 11:49
Հասարակություն

ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» Մասնաճիւղին Կազմակերպութեամբ. Յարգանքի Երեկոյ` Ի Յիշատակ Արցախի 44-Օրեայ Պատերազմի Նահատակներուն

ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» Մասնաճիւղին Կազմակերպութեամբ. Յարգանքի Երեկոյ` Ի Յիշատակ Արցախի 44-Օրեայ Պատերազմի Նահատակներուն

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի «Շահէն Մեղրեան» մասնաճիւղին, չորեքշաբթի, 6 հոկտեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Գ. Նժդեհ» ակումբին դիմաց տեղի ունեցաւ յարգանքի երեկոյ եւ մոմավառութիւն` ի յիշատակ Արցախի 44-օրեայ պատերազմի նահատակներուն:

Բացման խօսքը արտասանեց Լոռի Գորեսեան, որ ըսաւ, թէ 27 սեպտեմբեր 2020-ին Արցախի վրայ ազրպէյճանական ռազմական գրոհով ծայր տուած արցախեան երկրորդ 44-օրեայ պատերազմին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ նաեւ Թուրքիան, եւ այդ պատերազմին ընթացքին ո՛չ միայն Արցախի բազմաթիւ շրջաններու մէջ բնակելի եւ հանրային կառոյցներ քանդուեցան, այլ նաեւ 9 նոյեմբերի պարտուողական յայտարարութեամբ Ազրպէյճանին մնացին արցախեան հսկայական տարածքներ` 7 շրջան, Հադրութն ու Շուշին, որոնք շուրջ երեսուն տարիներ գտնուած էին հայկական ուժերուն վերահսկողութեան տակ:

Ան շեշտեց, որ այս բոլոր կորուստներուն կողքին հայութիւնը ունեցաւ նաեւ հազարաւոր զոհեր ու վիրաւորներ, բազմահազար տեղահանուածներ, սերունդ մը ամբողջ ողջակիզուեցաւ. այսպիսով, «Յաղթելու ենք» կարգախօսով զինուած ու հաւատքով լի հայ ժողովուրդը` Արցախի, Հայաստանի թէ սփիւռքի բոլոր անկիւնները, ինքզինք գտաւ անասելի ցաւոտ իրականութեան, մեծ կորուստներու եւ խոր վիշտի ու ողբերգութեան դէմ յանդիման:

«Սակայն Արցախը տակաւին կը մնայ քաջերու տունը, եւ հոն ինկած քաջարիներուն արիւնը պիտի սնուցէ ազատութեան ծառին արմատները, կեանք տայ ճիւղերուն, ուրկէ նոր պտուղներ պիտի քաղենք: Քաջերը չեն մեռնիր, որովհետեւ անոնց ուժն ու ոգին ծնունդ կու տան նոր հերոսներու, գաղափարապաշտ նոր սերունդներու, որոնք ո՛չ միայն վառ պիտի պահեն հողին սիրոյն մահը ընդունած տղոց յիշատակը, այլեւ սորվելով, աշխատելով եւ զարգանալով պիտի բանան նոր ու լայն հորիզոններ:

«Ազատութեան դրօշը կը ծածանի, որովհետեւ հովը կը փչէ, ան կը ծածանի իւրաքանչիւր նահատակ զինուորի ու կամաւորի վերջին շունչին փչոցով: Արցախը պիտի մնայ ազատ հայորդիներու երկիր, որքան ալ ստիպեն մեզ` հրաժարիլ մեր ազատութենէն, գաղափարներէն եւ սեփական իրաւունքէն: Դաւաճաններ միշտ պիտի ունենանք: Այսուհանդերձ, տոգորուած մեր ազատագրութեան պայքարին ընթացքին նահատակուած տղոց կամքով, ուժով, հաւատքով եւ հայրենասիրութեամբ, պիտի աշխատինք ամէն բան վերականգնել», ըսաւ Լոռի Գորեսեան:

Այնուհետեւ ան խօսքը ուղղեց նահատակ հերոսներուն` ըսելով, որ անոնք փորձեցին հողը պահել իրենց կեանքով, զոհաբերեցին իրենց անձը` մերժելով հրաժարիլ իրենց համար սուրբ եղող արցախեան ամէն մէկ ափ հողէն: «Ձեր յիշատակը ո՛չ միայն անմառ պիտի մնայ, այլ դուք պիտի ըլլաք մեր նորագոյն պատմութեան տխուր էջերն ու փայլուն աստղերը` լուսաւորելով եւ առաջնորդելով գալիք սերունդները: Բի՛ւր յարգանք ձեզի եւ ձեզ ծնող հերոս մայրերուն ու հայրերուն, անանձնասէր ընտանիքներուն, որոնք գիտակցաբար իրենց ամէնէն թանկագինը նուիրեցին հայրենի մեր սուրբ հողին», եզրափակեց Լ. Գորեսեան:

Գեղարուեստական բաժինով Լոռի Կիւլիւմեան մեկնաբանեց ազգային զոյգ երգեր, իսկ խումբ մը ԼԵՄ-ականներ ասմունքեցին:

Անկէ ետք խօսք առաւ լիբանանահայ նահատակ Գէորգ Հաճեանի քոյրը` Նորա Հաճեան-Գէորգեան, որ նշեց, թէ ուղիղ տարի մը առաջ` 6 հոկտեմբերին, արցախեան 44¬օրեայ կենաց մահու պատերազմին հերոսաբար զոհուեցան Գէորգն ու անոր ընկերները, որոնք, հաւատարիմ մնալով հայրենի հողի պաշտպանութեան եւ վեհ Դաշնակցութեան սուրբ գաղափարին երդման, արժանացան երկնային դրախտի եւ դարձան լուսաւոր աստղեր, իսկ անոնց սուրբ արիւնը շաղախուեցաւ սրբազան Վարնկաթաղ բարձունքի հողին` միանալով Պետոյին, Վիգէնին, Սիմոնին, Մհերին, Թաթուլին, Բեկորին եւ բազմաթիւ ուխտեալ դաշնակցական հերոս մարտիկներու:

«Հայրենասիրութիւնը, ազգային գաղափարախօսութիւնն ու կոմիտասեան փառաբանութիւնը կը կազմէին հերոս եղբօրս էութիւնը: Հողին կապուածութիւնը երազ էր, աւելի՛ն` նպատակ էր իրեն համար: Իր կեանքի բոլոր փուլերն ալ կ՛արտացոլացնեն հայրենիքի կանչն ու ազատագրական պայքարի հրամայականը:

«Գէորգը` իբրեւ եղբայր, խիստ հայեացքներով ու բարի ժպիտով, միայն սիրոյ ու ջերմութեան աղբիւր էր: Իբրեւ զաւակ` հաւատարմութեան ու երախտագիտութեան նուիրեալ, իբրեւ հայր` դաստիարակ ու ընկեր, իսկ իբրեւ մարդ` Արարատի վեհութեամբ ու Մուսա լերան տոկունութեամբ հայ: Եղբայրս երկու ծայրայեղութիւններու միաձուլուած կերպար էր, սիրտն ու հոգին` կոմիտասեան մեղեդիներով պարուրուած իր աստուածային ձայնով, զինուորագրուած էին հայոց մշակութային արժէքներու պահպանման պայքարին, իսկ միտքն ու կամքը` Դաշնակցութեան հայրենափրկիչ պահանջատիրութեան պայքարին: Գէորգը շատ պարզ էր, ժպիտը դէմքին, ընկերային, ճոխացնող ու շէնցնող, բայց միաժամանակ` խիստ ու պահանջկոտ:

«Հոգեւոր ու ռազմաշունչ երաժշտութիւնը Գէորգին համազօրեայ հացն ու ջուրն էր, իր ապրելու եւ գոյատեւելու աւանդութիւնը, անոր միջոցով կը դաստիարակէր սերունդ, կը գօտեպնդէր ազատամարտիկներ, կը սփոփէր ու կը մխիթարէր հերոսածին մայրերու այրած սրտերը եւ անոր միջոցով կը դաւանէր «Մահ իմացեալ անմահութիւն է» գաղափարախօսութիւնը, որուն արժանի ընտրեալը հանդիսացաւ ի՛նք իր օրինակով: Մայրս, որդեկորոյս ու հերոսածին սուրբ մայրս, գիշեր¬ցերեկ մեզի համար տանջուած մայրս, այսօր իր ցաւին ու վիշտին մէջ, Գէորգին կարօտը իր արցունքոտ աչքերուն, կ՛աղօթէ հայրենիքին բարօրութեան ու խաղաղութեան համար, ապրելով եղբօրս անմոռանալի յիշատակները, կը դաստիարակէ իր թոռները` Գէորգին օրինակով: Իսկ ողորմած հայրս, վստա՛հ, երկնքի սուրբ կամարներուն տակ դիմաւորեց իր հայդուկը եւ պարզեց իր հայրական ձեռքերը Գէորգին ու կոչեց` «Փա՜ռք քեզ, փա՜ռք Աստուծոյ, որ քեզի պէս զաւակ պարգեւեց ինծի», եւ` համբուրելով անոր վրէժի եւ պայքարի արեամբ պարուրուած ճակատը, գրկախառն ճախրելու սկսան երկինքի լուսաւոր կամարներուն ներքեւ` պահապան հրեշտակ հանդիսանալու մեզ` մահկանացուներուս», շեշտեց նահատակին քոյրը:

Իր խօսքը ուղղելով իր նահատակ եղբօրը` ան ըսաւ եւ վստահեցուց, որ ո՛չ հայ ազգը եւ ո՛չ ալ ընտանիքը երբեք պիտի զղջան անոր նման զաւակ ունենալնուն համար: «Հպարտ էինք քու երգերովդ, իսկ կրկնակի սրտցաւ հպարտացանք քու հերոսացումովդ: Իսկ մեզի բոլորիս, յատկապէս որդեկորոյս սուրբ մայրերուն կը մաղթեմ համբերութիւն, մխիթարութիւն, միաժամանակ պահանջելով Գէորգներու կիսատ գործը շարունակելու հրամայականով երդուել: Յաւերժ փառք եւ խոնարհում քեզ եւ քեզի հետ ինկած մեր բոլոր անմահ նահատակներուն: Ննջեցէ՛ք խաղաղութեամբ, դիւցա՛զններ, ձեր սխրանքը անմահ է եւ ձեր յիշատակը առյաւէտ անմառ պիտի մնայ մեր սրտերուն մէջ», իր խօսքը եզրափակեց Նորա Հաճեան-Գէորգեան:

Աւարտին հնչեց նահատակ Գէորգ Հաճեանի քոյրերէն Սեւան Հաճեանի կողմէ մեկնաբանուած երգ մը, իսկ ԼԵՄ-ականներն ու ներկաները 44 խորհրդանշական ծաղիկներ զետեղեցին բեմին վրայ:

aztagdaily.com