Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հովանաւորութեամբ Լոս Անճելըսի մօտ Ճափոնի եւ Յունաստանիգլխաւոր հիւպատոսութեանց, Ուրբաթ, 15 Փետրուարի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի Ս. Սոֆիա Յոյն Ուղղափառ տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական ձեռնարկ մը, նուիրուած՝ 1922ի Զմիւռնիոյ աղէտին ճափոնական նաւու մը կողմէ աղէտեալներուփրկութեան յիշատակին:
Յանուն Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի՝ Մովսէս քհնյ. Շաննագեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին:
Խօսք առին Ճափոնի եւ Յունաստանի գլխաւոր հիւպատոսները, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական Վարազդատ Պահլաւունի: Անոնք լուսարձակի տակ բերին Թուրքիոյ սուլթանական, իթթիհատական եւ քեմալական տարիներուն տեղի ունեցած հալածանքներն ու ջարդերը, ցեղասպանական արարքները, որոնց զոհ դարձան հայեր, յոյներ, հրեաներ եւ այլ փոքրամասնութիւններ:
Դասախօսեց Թոքիոյի համալսարանէն դոկտ. Նանաքօ Մուրաթա Սաուաեանակի, որ կեդրոնացաւ վերոյիշեալ նաւուն առաքելութեան վրայ՝ նշելով, որ ուսումնասիրութիւնները կը շարունակուին, ի յայտ բերելու համար որոշ ծալքեր ու մանրամասնութիւններ:
Աւարտին, տեղի ունեցաւ հարցում-պատասխանի պահ մը, ապա՝ հիւրասիրութիւն: