Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
19 յունիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Պէյրութի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» համալիրի «Արա Քրճըլեան» պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ (Լիբանանի Երիտասարդական Միութիւն) հիմնադրութեան 50-ամեակին առիթով ձեռնարկ մը, որ նուիրուած էր «Հայաստան» մասնաճիւղի 5 նահատակ ընկերներու` Արա Քրճըլեանի, Սերժ Թովմասեանի, Կարօ Գափլանեանի, Վահէ Նաճարեանի եւ Պարոյր Տուտագլեանի անմար յիշատակին:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Վարանդ Կիրակոսեան: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ԼԵՄ-ի կատարած հիմնական առաքելութեան` հայ երիտասարդութեան թրծումին, իբրեւ ապագայ դաշնակցական հարստացած` կազմակերպական, գաղափարական եւ քաղաքական գիտելիքներով, ինչպէս նաեւ` մասնաճիւղի կարեւորութեան եւ անոր 50 տարուան գործելաոճին ու գործունէութեան: Կիրակոսեան խօսքին մէջ նաեւ հաստատեց ԼԵՄ-ի գոյատեւումն ու հաստատական կամքը` շարունակելու համար իրեն վստահուած գործերը:
Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ, որուն մէջ ԼԵՄ-ի մասին վկայութիւններ տուին Յովիկ Մխիթարեան, Զոհրապ Գազանճեան եւ Անի Բագրատունի: Յայտագիրին ասմունքով եւ նուագով իրենց մասնակցութիւնը բերին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն ու Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանէն խումբ մը աշակերտներ: Այնուհետեւ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղի ընկերուհիները յաղթական պարով մը ցուցադրեցին հայ երիտասարդին անպարտ ոգին, ապա կարդացուեցան հինգ նահատակ ընկերներուն կենսագրութիւնները: Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» պատանեկան միութեան ընկերներն ու ընկերուհիները, որոնք կենդանի պատկերով մը իրենց յարգանքը մատուցեցին նահատակներու յիշատակին:
Օրուան պատգամախօսն էր Աշոտ Բագրատունի, որ իր խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ ձեռնարկի առիթին` տօնել ԼԵՄ-ի եւ «Հայաստան» մասնաճիւղի 50-ամեակը, 50 տարիներու նուիրումով, ծառայութեամբ եւ նահատակութեամբ օծուած միութեան: Ան դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութիւնը իր հիմնադրութեան օրէն իսկ յատուկ տեղ եւ կարեւորութիւն տուած է երիտասարդութեան, իսկ 1972 թուականին ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը որոշեց վերաշխուժացնել դաշնակցական երիտասարդութիւնը, եւ տարի մը ետք Դաշնակցութեան Լիբանանի կառոյցը գործադրեց այդ որոշումը` հիմնելով Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը, որ` «փոխեց ընթացքը հայ մտքի քաղաքականացման, պահանջատիրութեան եւ ապահովութեան»:
«Տասնամեակներ շարունակ ԼԵՄ-ը եղաւ այն յենարանը, որ ուղղեց աշխարհասփիւռ հայութեան ողնաշարը` հպարտ կանգնելու, պահանջելու եւ պայքարելու ուժ ու կորով տալով: ԼԵՄ-ը հարթեց ճամբան քաղաքականացնելու հայ երիտասարդութիւնը աշխարհի ամէն կողմ եւ ունեցաւ հիմնական դերակատարութիւն դաշնակցական երիտասարդական միութիւններու եւ շարժումներու մէջ` Միջին Արեւելքէն Եւրոպա, Ամերիկա եւ Աւստրալիա», ըսաւ Բագրատունի:
Ան դիտել տուաւ, որ ԼԵՄ-ը դարձաւ մարտիկը արդարութեան, քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն պաշտպանեց հայութիւնը, հասաւ բոլորին, նոյնիսկ Լիբանանէն անդին` հանդիսանալով հայութեան հպարտութեան աղբիւրը:
ԼԵՄ-ի մերօրեայ դերակատարութեան մասին խօսելով` Աշոտ Բագրատունի ըսաւ. «ԼԵՄ-ը այսօր ալ հո՛ս է, ներկայ ամէն տեղ, ամէն ժամ, մեր դպրոցներէն ներս թէ դուրս, ակումբներէն ներս ե՛ւ դուրս, այո՛, մայթերուն վրայ, այո՛, ակումբին առջեւ, այո՛, թաղին ծայրը: ԼԵՄ-ը հոն է, ուր պէտք է ըլլայ, ինչպէս միշտ եղած է», աւելցնելով, որ ԼԵՄ-ականը, հակառակ երբեմն իրեն նկատմամբ եղած թերահաւատութեան կամ իրեն ուղղուած քննադատութիւններուն, ներկայ է, երբ կարիք կայ արեան, երբ հիւանդանոցային փոխադրութեան պարագայ կայ, երբ որեւէ տեսակի հարց կամ օգնութեան կարիք կայ` կանգնելու համար պատնէշի առաջին գիծին վրայ, որպէսզի ապահով մնայ լիբանանահայը:
Բանախօսը հետաքրքրական ձեւով մեկնաբանեց ԼԵՄ-ի գործելադաշտն ու գործելաոճը` ըսելով. «ԼԵՄ-ի գործելադաշտը ազգն է, կը մնայ անփոփոխ, իսկ գործելաոճը` ծառայութիւնը, կը մնայ աննկուն: ԼԵՄ-ը կը գտնուի հոն, ուր որ պէտք է, որքան որ պէտք է, կարծր, պի՛նդ եւ չընկրկող: Լիբանանէն մինչեւ Արցախ, Հայաստան, Եւրոպա, ԼԵՄ-ը եղած է եւ կը մնայ պահանջատէր, արդարութեան փամփուշտ, պաշտպանութեան զէնք, բուժումի դեղորայք, անօթիին սնունդ, ուսում, դաստիարակ եւ, ցաւօք, քննադատութեան թիրախ»: Ան նշեց, որ ԼԵՄ-ը կարելի է քննադատել, սակայն անկարելի է չընդունիլ, որ այս միութիւնը հայութեան ապահովութեան դաշնակցական շղթային հիմնական օղակն է, որ կազմուած է Դաշնակցութեան երիտասարդական թէ ուսանողական միութիւններէն, ուստի չի՛ կոտրիր, իսկ հայութիւնը չ՛ընկճուիր, այնքան ատեն որ դաշնակցական երիտասարդին բազուկները հզօր պատուանդան կը մնան համայն հայութեան:
Ա. Բագրատունի լուսարձակի տակ առաւ այն, որ տարիքի բերումով երիտասարդներ կը դադրին ԼԵՄ-ական ըլլալէ, սակայն ԼԵՄ-ը չի դադրիր անոնց կեանքին մաս կազմելէ, ո՛ւր ալ գտնուին անոնք, որովհետեւ ԼԵՄ-ը դպրոց է, հնոց, դաստիարակութեան դարբնոց, անկարելի ու դժուար գործեր իրականացնող կեդրոն: «Այսօր ալ` ԼԵՄ-ի հիմնադրութենէն 50 տարիներ ետք, նայեցէ՛ք ԼԵՄ-ականի մը աչքերուն եւ տեսէք այն նոյն կայծը, որ վառեց ճրագը հայկական նորօրեայ զարթօնքին, նայեցէք ԼԵՄ-ականներուն եւ տեսէք մեզ պաշտպանող հուժկու բազուկները, նայեցէք անոնց ուսերուն եւ տեսէք այն բեռը, որ ծանրացած է: Բայց բնաւ պիտի չկտրէ անոնց կռնակը, նայեցէք անոնց վիզերուն եւ կը տեսնէք` ինչպէս կը կրեն ամբողջ ազգի մը ճիտին պարտքը», յայտնեց ան:
Աշոտ Բագրատունի խօսքը եզրափակելով` պատգամեց. «Վստահինք ԼԵՄ-ին, խնայեցէք անոնց ձեր հարուածները եւ անարդար քննադատութիւնները, կուրծքերնին լայն է եւ սիրտերնին մեծ, բայց իրենց պաշտպանութիւնը վայելած եւ ծառայութիւնը համտեսած ժողովուրդը պէտք չէ զանոնք վերածէ թիրախի: Այդ լայն կուծքերնին ու մեծ սրտերը վերապահուած են ամբողջ ազգ մը գրկելու եւ պաշտպանելու: Այսօր, 50 տարի ետք, հակառակ բոլոր նահատակութիւններուն, կրկին սեւ ամպեր կը կուտակուին մեր գլխուն վերեւ, բայց ԼԵՄ-ի արծիւը կը սաւառնի ամպերէն վեր, բարձր, սուր աչքերով կը հսկէ, ժանիքները պատրաստ` հարուածելու, թեւերը ամուր` պաշտպանելու»:
Հանդիսութեան աւարտին ելոյթ ունեցաւ ԼԵՄ-ի նուագախումբը, իսկ ձեռնարկը փակուեցաւ «Վէրքերով լի» երգով: