Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 50-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ, ուրբաթ, 23 յունիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Սարդարապատ» ակումբի բակին մէջ տեղի ունեցաւ «Վրիժառու բազուկներ» խորագիրով ձեռնարկ:
Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅ Դաշնակցութեան քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի անդամ Ներսէս Ապրիլեան: ՀՅԴ ԼԵՄ-ի հիմնադրութեան նպատակներուն անդրադառնալով` ան ըսաւ. «ԼԵՄ-ը դարձաւ լիբանանահայութեան կողքին անարդարութեան, սուտի, կեղծիքի, օտարամոլութեան եւ ձուլումի դէմ պայքարող պողպատեայ նոր բազուկ մը: ԼԵՄ-ը եղաւ այն պատնէշը, որ գիշեր-ցերեկ միշտ մնաց ժողովուրդին կողքին` մէկդի նետելով իր անձնական կեանքը, հաճոյքները եւ ամէնէն կարեւորը` իր «ես»-ը, պաշտպանելու համար լիբանանահայութիւնն ու անոր իրաւունքները, ցոյց տալով դաշնակցական երիտասարդի տիպար, օրինակելի եւ աննկուն կեցուածքը»:
«Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի հիմնադրութեան մասին խօսելով` ան ընդգծեց. «Այսպէս, յունիս 1973-ին կը յայտարարուի «Սարդարապատ», «Ռուբէն» եւ «Դրօ» կոմիտէութիւններու շրջաններուն մէջ կազմուած մասնաճիւղի մասին, որուն անունը կնքուեցաւ «Արշաւիր Շիրակեան», բաղկացած` 180 անդամներէ: Ներկայիս մասնաճիւղը կը գործէ «Ռուբէն» եւ «Սարդարապատ» զոյգ կոմիտէութիւններու շրջաններէն ներս»:
Ապա Ն. Ապրիլեան լուսարձակի տակ առաւ մասնաճիւղի անդամներու զոհողութիւններն ու նպատակները եւ ըսաւ, որ հետեւելով Արշաւիր Շիրակեանի օրինակին` անոնք միշտ պատրաստակամութիւն ցուցաբերած են ծառայելու հայ ազգին` 1975 թուականին սկսած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ժամանակ մասնակցելով հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան, որուն ընթացքին մասնաճիւղը տուաւ նահատակ հերոսներ` Վարուժան Թելաքեան, Երուանդ Խզարճեան, Անդրանիկ Տումանեան, Վրէժ Ասլանեան, Հրայր Վարդանեան եւ Րաֆֆի Զատիկեան: Նահատակ մեր ընկերները հետեւելով Շիրակեանի օրինակին ու գաղափարական սկզբունքներուն` մարմնաւորեցին անոր յանձնառու կերպարը եւ թարգմանը հանդիսացան անկոտրում կամքին:
Իր խօսքը եզրափակելով` ԼԵՄ-ականը շեշտեց. «Սիրելի՛ ներկաներ, անհոգ եղէք, Արշաւիր Շիրակեանի, Հայոց ցեղասպանութեան մեր զոհերուն, Լիզպոնի հինգին եւ Արցախի նահատակներուն արիւնը այսօր մենք կը կրենք եւ ապագային մեր կարգին պիտի փոխանցենք յաջորդ սերունդներուն: Այսօր բարձրաձայն կ՛ըսենք, որ մենք ներկա՛յ էինք երէկ, ներկա՛յ ենք այսօր եւ ներկա՛յ պիտի ըլլանք վաղը եւ մի՛շտ»:
Տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն, որուն մէջ մասնաճիւղի նախկին անդամներ Րաֆֆի Պալապանեան եւ Յակոբ Հաւաթեան ներկայացուցին իրենց վկայութիւնները եւ ԼԵՄ-ի կեանքի լաւագոյն յուշերը: Տեսերիզը նաեւ ընդգրկեց հին ու նոր նկարներ, որոնք ներկաները փոխադրեց դէպի անցեալի քաղցր օրեր:
Ապա մասնաճիւղի անդամ Իզապէլ Տիարպի ասմունքեց Գէորգ Էմինի «Չյագեցած վրէժ» բանաստեղծութիւնը` նուիրուած «Նեմեսիս» գործողութեան վրիժառու բազուկներուն:
Այնուհետեւ բանախօսեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի նախկին անդամ Սրբուկ Ճենանեան, որ իր խօսքին սկիզբը յիշեցուց, որ վերջին քանի մը տարիներուն հայութիւնը կ՛ապրի քաղաքական տագնապ ու այդ պատճառով մատնուած է յուսահատութեան, բայց եւ այնպէս ձեռնարկին խորագիրը` «Վրիժառու բազուկներ», կը յուշէ, որ յուսախաբութեան մէջ իսկ մեր զինեալ պայքարին ճամբուն վրայ առնուող իւրաքանչիւր քայլ կ՛ընդվզեցնէ մեր թշնամին, որովհետեւ յիշեցնել կու տայ անոր, որ տակաւին արդար լուծման սպասող անլոյծ հարց մը կայ, որուն համար ալ այդքան անհանգստացած է Թուրքիոյ նման հզօր պետութեան մը ղեկավարը:
Բանախօսը հաստատեց, որ «Մահ իմացեալ անմահութիւն է» պատգամով առաջնորդուած հայ ժողովուրդը ապացուցած է, որ հոգեւոր ու ազգային արժանապատուութիւն ունեցող ազգ է, ինչպէս նաեւ պայքարող ու ապստամբող` իր ու հայրենիքին գոյութիւնը ապահովելու համար: «Անոնք սպաննած են ոճրագործներ` ցեղասպան թուրքին պարագլուխները, ապրեցնելու համար ազգը, ապրեցնելու համար մեզ` հայութիւնը: Անոնք հայ ժողովուրդի վրիժառուներն են: Մեր վրիժառու բազուկները` հայկական «Նեմեսիսը», ըսաւ ան:
Տարիներով լիբանանահայ երիտասարդութիւնը եւ յատկապէս ԼԵՄ-ականները ներշնչած զինեալ պայքարի տարիներուն անդրադառնալով` Սրբուկ Ճենանեան ընդգծեց. «Եւ այսպէս, 1975 հոկտեմբերի 22-ին երեւան կու գայ «Հայկական ցեղասպանութեան արդարութեան մարտիկներ» (ՀՑԱՄ) կազմակերպութիւնը, որ Վիեննայի մէջ իր առաջին գործողութեամբ, երեք զինեալ երիտասարդներ ինքնաձիգ հրազէններով յարձակելով Վիեննայի թրքական դեսպանատան շէնքին վրայ, կը սպաննեն իրենց դէմ զէնք բարձրացուցած շէնքի պահակը, կը մտնեն դեսպան Հիւսէյին Տենիզ Թունելճիլի գրասենեակը ու կը զգետնեն զայն: Քաղաքական աշխարհը դեռ չսթափած պատահածէն, 2 օր ետք` 24 հոկտեմբեր 1975-ին, այս անգամ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ կ՛ահաբեկուի Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը` Իսմայիլ Էրեզ: Այսպէս ծնունդ կ՛առնէ հայոց զինեալ պայքարը, որ տարիներ յաջորդական ու յաջող գործողութիւններով կը յաջողի քանդել միջազգային ընտանիքին բարձրացուցած լռութեան պատը` յանձինս յանդուգն ու նուիրեալ հայ երիտասարդներուն, որոնք իրենց հերոսութեամբ կը փշրեն նաեւ անտարբեր հայ երիտասարդներու, ինչո՞ւ չէ, նաեւ հայութեան անտարբեր հատուածին օտարամոլութեան պատը, ի մասնաւորի երբ 1983 յուլիսի 27-ին «Հայ յեղափոխական բանակ»-ի 5 անդամները կը գրաւեն Լիզպոնի թրքական դեսպանատունը ու կը պայթեցնեն զայն` մնալով անոր փլատակներուն տակ: Մինչ պայթիւնը կը դղրդացնէր Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնը, «Հայ յեղափոխական բանակ»-ի մարտիկներուն կոչը կ՛ազդարարէր աշխարհին ու աշխարհասփիւռ հայութեան… Այսպէս, սփիւռքի տարածքին երբ հայութիւնը խոր թմբիրի մէջ էր, զարթօնքի ազդանշանը կու տան «Հայկական ցեղասպանութեան արդարութեան մարտիկներ»-ն ու «Հայ յեղափոխական բանակ»-ի հերոսները, որոնց հարուածներու տարափին տակ կը շշմի ամբողջ աշխարհը, եւ սարսափի կը մատնուին թուրք դիւանագէտները»:
Արցախի հիմնահարցին մասին խօսելով` բանախօսը ըսաւ. «Վրայ կը հասնի 1988-ի Արցախի ազատագրական պայքարը: Հայութիւնը տոգորուած էր վրիժառու բազուկներուն զօրութեամբ ու հաւատքով: 2 սեպտեմբեր 1991-ին Արցախը ազատ ու անկախ է, սակայն կը շարունակուին յաղթական մարտերը` ի գին անձնուէր հայ ազատամարտիկներու, որոնք հայրենիքը կը գերադասեն ամէն ինչէ բարձր, նոյնիսկ` իրենց անձնական կեանքէն, ու շնորհիւ իրենց ամուր հաւատքին ու կամքին` կ՛ամրապնդեն Արցախի Հանրապետութեան զարգացման ու բարգաւաճման ընթացքը: Սակայն ափսո՜ս: Երբ հայ ազգը հազիւ քիչ մը հանգիստ պայմաններ ունենայ, դարձեալ կը մտնէ խոր թմբիրի մէջ, կարծես իր ունեցած հարուստ պատմութենէն դասեր քաղած չըլլայ… 27 սեպտեմբեր 2019: Արցախի երկրորդ` 44-օրեայ պատերազմը, որ կը խլէ ոչ միայն աւելի քան հինգ հազար հայ մատղաշ սերունդի կեանքեր, այլ կը խորտակէ սփիւռքահաութեան ազգային արժանապատուութիւնը, հաւատքն ու կորովը»:
Իր խօսքը ԼԵՄ-ականներուն ուղղելով` Սրբուկ Ճենանեան հաստատեց. «Այդ պողպատեայ բազուկը դո՛ւք պիտի ըլլաք, Լիբանանի հայ երիտասարդներ, էիք այդպէս, երբ կը պաշտպանէիք հայկական թաղամասերը Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, էիք այդպէս, երբ արգելք կը հանդիսանայիք թրքական մշակոյթի տարածման ու անվախօրէն ո՛չ թրքականին կ՛ըսէիք` փճացնելով շուկայի վրայ գոյութիւն ունեցող թրքական արտադրութիւնները, էիք այդպէս, երբ հեռաւոր Լիզպոնի մէջ պայթեցուցիք «սուրբ հինգ սրտեր», էիք այդպէս, որովհետեւ կը հաւատայիք հայրենիքի անկախութեան կերտումին, տոգորուած էիք սիրով ու զօրաւոր կամքով»:
«Անցած է յիսուն տարի ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան հիմնադրութենէն: Եթէ անոր ծնունդէն միայն տասը տարի ետք հայ երիտասարդներ յաջողած են ցնցել ամբողջ աշխարհը, ապա ի՞նչ կրնաք ընել դո՛ւք այսօր` ձեր ծնունդէն յիսուն տարի ետք: Դուք կարող էք հայ ժողովուրդի պատմութեան էջերը լեցնել յաւելեալ հերոսապատումներով, որովհետեւ` «Բաւական չէ հիացիկ վերաբերմունք, անգամ պաշտամունք ունենալ դէպի անցեալ սերունդը, պէտք է գերազանցել նրան: Հէնց սա է յարգանքի այն պսակը, որ իւրաքանչիւր յետնորդ պարտաւոր է դնել նախնեաց յիշատակների կոթողին»: Ուրեմն, կերտելու համար վաղուան հզօր եւ ամբողջական Հայաստանը` առաջնորդուինք Գարեգին Նժդեհի պատգամով` դէպի նոր սարդարապատներ, նոր «Նեմեսիս»-ներ եւ քառասուն տարի ետք դէպի նոր լիզպոններ` կերտելով նոր վրիժառու բազուկներ», եզրափակեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղի նախկին անդամ Սրբուկ Ճենանեան:
Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ ԼԵՄ-ի նուագախումբը: Աւարտին գեղարուեստական յայտագիրը յեղափոխական երգերով հարստացուցին Ղազար Քէօշկէրեան (Hovig Jr.) եւ Էտի Նալպանտեան` ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի: Ձեռնարկը փակուեցաւ Արշաւիր Շիրակեանի յիշատակին նուիրուած երգով: