Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակը աշխարհով մէկ այս տարի նշուեցաւ տարբեր ձեւով, ոչ աւանդական կերպով` բազմահազար մարդիկ հաշուող համախմբումներով, բազմերթ քայլարշաւներով եւ ոգեկոչման մարդաշատ ձեռնարկներով, որովհետեւ այսօր տարբեր են պայմանները` «Քորոնա» ժահրին պատճառով: Բայց եւ այնպէս հայութիւնը աշխարհով մէկ` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք պայմաններու պարտադրած ձեւերով հաստատեց, որ կը մնայ պահանջատէր եւ կառչած իր դատին:
Լիբանանի մէջ եւս տարբեր չէ կացութիւնը, արդարեւ, այս տարի լիբանանահայ երեք կուսակցութիւններուն նախաձեռնած Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակին ոգեկոչումը կը կրէր «Տո՛ւնը մնացէք, պահանջատէ՛ր մնացէք» խորագիրը, եւ այս առիթով երէկ` հինգշաբթի, 23 ապրիլ 2020-ի երեկոյեան ժամը 7:30-էն սկսեալ մոմեր վառեցան իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի պատշգամը` ի նշան շարունակուող պահանջատիրութեան եւ իբրեւ յարգանք մեր մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն:
Նոյն ժամուն` 7:30-ին, ջահավառութիւն տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ` հայ համայնքապետներուն եւ լիբանանահայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու` Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ներկայացուցիչներու ձեռամբ: Ապա ջահը տարուեցաւ լիբանանեան տարբեր շրջաններ, ուր գտնուող հայկական եկեղեցիներուն զանգերը ղօղանջեցին խորհրդաւոր կերպով, տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն, իսկ ջահը ողջունեցին պատշգամները մոմեր վառած հայորդիները: Պուրճ Համուտէն ջահը տարուեցաւ Էշրեֆիէ, Հայաշէն, Խալիլ Պետեւի, Նոր Հաճըն, Ռաուտա, Ֆանար, Զալքա, Տըպպայէ, Անթիլիաս, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատուն:
Յուզիչ եւ գօտեպնդող էր տեսնել ծերունին եւ մանուկը միասին` նոյն պատշգամէն կը նային բոցավառող ջահին, մէկը կը յիշէ իր ծնողներուն կողմէ պատմուած յուշերը, իսկ միւսը կը փորձէ հասկնալ, գիտնալ, թէ ինք սովորական ազգի մը զաւակը չէ, այլ ունի դատ լուծելիք, պահանջներ հետապնդելիք: Մոմերը` կողք-կողքի, լուսաւոր, անգերեզման մեր նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչող եւ անոնց կտակը լուսաւորող:
Մոմավառութեան եւ ջահերթի վերջին կանգառը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայր տաճարի շրջափակին մէջ գտնուող մատուռն էր, որուն առջեւ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Շողիկ Թորոսեան երգեց «Կռունկ»-ը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի, Գէորգ Քէշիշեան` տուտուկ, իսկ Մարիա Եագուպեան` Քանոն, նուագեցին «Հանգչեցէք դուք անդորր», «Ուր ես մայր իմ» եւ «Տէր Ողորմեա», Անի Եփրեմեան ասմունքեց, «Կռունկ» նուագով հանդէս եկան Նայիրի Ղազարեան` թաւջութակ, Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեան` դաշնակ, Նարօտ Սէրուժեան` ջութակ, իսկ Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեան` դաշնակ, նուագեց «Ուզունտարա», իսկ յայտագիրը աւարտեցաւ «Կիլիկիա» մեներգով:
Նշենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակին առիթով Ս. պատարագ պիտի մատուցուի այսօր` ուրբաթ, 24 ապրիլ 2020-ին, որուն աւարտին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս պիտի ուղղէ իր հայրապետական պատգամը, որ ուղղակիօրէն պիտի սփռուի Cilicia TV դիմատետրեան էջին ճամբով:
aztagdaily.com