կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2020-04-24 23:41
Քաղաքական

Հայ Դատի Յանձնախումբն ու իր գործը Եգիպտոսի մէջ

Հայ Դատի Յանձնախումբն ու իր գործը Եգիպտոսի մէջ

Նախորդ համարով առաւել կամ նուազ չափով ընկալելի պատմական ակնարկ մը նետեցինք եգիպտ-հայկական առնչութիւններուն, ներկայացուցինք մեր առաւելութիւնները եւ թուլութիւնները մրցակցութեան մէջ։ Ընթացիկ համարով պիտի փորձենք խօսիլ Եգիպտոսի մէջ Հայ դատի աշխատանքներուն մասին, որոնք ձեւակերպուած են համասփիւռքեան տասնամեակներու ճամբայ կտրածի օրինակով։

Բարոյապէս դժուարութիւն ունիմ գնահատական տալու այդ աշխատանքներուն, անձնապէս մասնակից եղած ըլլալով անոնց մինչեւ հնգամեակ մը առաջ, այդուհանդերձ պիտի փորձեմ կարելի եղածին չափ առարկայական ներկայացնել զայն։

Այսպէս ուրեմն, Հայ դատ հասկացողութեան ներքեւ առաւելաբար արտաքին-յարաբերական աշխատանքը կը պատկերացուի․ կապ հաստատել ինչպէս մամուլին, զանգուածային լրատուամիջոցներուն, մտաւորականութեան եւ քաղաքական կուսակցութիւններուն հետ, այնպէս ալ պետական կառոյցներուն հետ, երկխօսութիւն հաստատել, քաղաքական մեր նախաձեռնութիւններուն հիւրընկալ պետութեան աջակցութիւնը ապահովել միջազգային հարթակներու վրայ եւ այլն։

Մեկնելով եգիպտահայ իրականութենէն, հաւաքական ներամփոփ կենցաղէն եւ վարքէն, ՀՅԴ տարբեր շրջաններու ցուցական նախաձեռնութիւնները՝ ցոյցեր եւ այլն, երկար ժամանակ անպատեհ կը նկատուէր զանոնք կրկնօրինակել եգիպտական հողի վրայ։ Արտաքին-յարաբերական աշխատանքի պահանջն ալ նոյն ջուրով կը լուացուէր։ Եթէ աւելի յառաջ երթամ, կրնամ հաստատապէս ըսել որ արտաքին-յարաբերական աշխատանքին յարմար եւ յանձնառու անձնակազմ այդ շրջանին կը բացակայէր։ Ընկերներ թէ համակիրներ իրենց աշխատանքի բերումով ունէին ծանօթութիւններ, մտերմութիւն պետական թէ քաղաքական, տնտեսական ուժերու, դէմքերու հետ, բայց զանոնք քաղաքականապէս յարատեւ գործի լծելու պատրաստակամութիւնը չկար։ Լաւագոյն օրինակը Եղեռնի վաթսունամեակի ոգեկոչումը կրնանք առնել, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Կիպրոսի հանրապետութեան դեսպանը եւ՝ եթէ յիշողութիւնս չի դաւաճաներ, նաեւ խօսք առաւ այս առթիւ։ Աննախընթաց ու՝ դժբախտաբար, անվաղորդայն մնաց վաթսունամեակն այս իմաստով։

Նման գործակցութիւններ, ոչ միայն օտար՝ եւրոպացի, այլեւ տեղացի անձնաւորութիւններու թէ շրջանակներու հետ հետեւողական աշխատանք կը պահանջեն, միանգամեայ չեն կրնար ըլլալ, արդիւնքի հասնելու համար։ Ասիկա չի նշանակեր, որ անոնք՝ անձնաւորութիւններն ու շրջանակները, իրենց ներկայացուցած մակարդակները, անփոփոխ կը պահուին, այլ՝ ժամանակահատուածի մը կʼարդիւնաւորուին եւ հարթակ կը պատրաստեն յաջորդ մակարդակին անցնելու համար։

Ինչ խօսք, ՀՅԴ Եգիպտոսի կազմակերպութիւնը անցած դարու քսանականներէն սկսեալ, երբ հարկադրուած է կամ առիթ ներկայացած է, լաւ ալ հանդէս եկած է եգիպտական մամուլի էջերէն կամ պետական դէմքեր հիւրընկալած իր յարկին տակ։ Այսպիսի օրինակ է 1926 թուականին «Ալ Ահրամ»ի էջերով թրքական գրգռութիւնը հայ գաղթականութեան Եգիպտոս հիւրընկալման առթիւ, որուն հակադարձած էր «Յուսաբեր» խմբագրականով մը ու զայն արաբերէնի թարգմանած ու առաքած եգիպտական թերթի խմբագրութեան (դժբախտաբարձեռքի տակ չունիմ այդ թիւերը)։ Նոյնպիսի օրինակ մըն է «Յուսաբեր»ի նորաբաց տան մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսի մը առթիւ հիւրընկալութիւնը յեղափոխական Եգիպտոսիառաջին նախագահ Մոհամմէտ Նակիպին եւ այլ պետական գործիչներու, ներառեալ ապագայ նախագահ Անուար էլ Սատաթը։ Հետեւողական չեն եղած այս յարաբերութիւնները եւ քաղաքական աւանդոյթի չեն վերածուած։

Նոյնը կրնանք ըսել եօթանասունականներէն մինչեւ երկրորդ հազարամեակի առաջին տասնամեակ երկարած ճիգերուն համար։ Հետեւողականութեան եւ աստիճանական ընդլայնման ու բարձրացման համար գործին նուիրուած վարիչը անխուսափելի եւանփոխարինելիէ։

Այս վիճակը վերջ գտաւ 2006 թուականին, երբ յանձնարարուեցաւ բժ․ Արմէն Մազլումեանին Հայ դատի աշխատանքը կազմակերպել Եգիպտոսի մէջ։ Եւ ինչ խօսք, անիկա արդիւնաւորուեցաւ հետեւողական՝ յանձնառու աշխատանքով, որ լիաժամ բանող գրասենեակի մը արդիւնք տուաւ Մեծ եղեռնի հարիւրամեակին եւ այնուհետեւ։

Չեմ գիտեր ի՞նչ կʼաւելցնէ, եթէ այստեղ տեղեկագրեմ ամբողջ աշխատանքը։ Սակայն պէտք է ըսեմ, որ անիկա հիմնուեցաւ եգիպտացի մտաւորականներու, ակադեմականներու, լրագրողներու եւ գործիչներու խարիսխ ստեղծելու եւ աստիճանաբար զայն լայնցնելու, ապա անոր մակարդակը բարձրացնելու մարտավարութեան վրայ։ Չեմ կրնար նաեւ չյիշել եգիպտացի բազմարդիւն պատմաբան Մոհամմէտ Րէֆհաթ էլ Իմամիմասնագիտական գործակցութիւնն առաջին օրէն, որ անգնահատելի նպաստ բերաւ գործին։

Այս առթիւ տեղին է յիշատակել, որ աւելի կանուխ, տեղական ՀԲԸՄ-ը նախաձեռնած էր ՌԱԿ-ի «Արեւ» պաշտօնաթերթին առընթեր նոյնանուն արաբերէն յաւելուածի հրապարակման, ապահոված ըլլալով նոյն անձնաւորութեան՝ դր․ Մոհամմէտ Րեֆհաթի աշխատակցութիւնը։ Եւ այս հիման վրայ ալ յառաջացուցած էր եգիպտացի թէ հայ աշխատակիցներու եւ հետազօտողներու մնայուն խարիսխ մը։ Այս աշխատանքը արդիւնաւորուեցաւ՝ 1878-էն (Ս․ Սթեֆանոյի եւ Պերլինի դաշնագիրներ) 1893 նախապատմութեամբեւ 1896-էն (Համիտեան ջարդեր) մինչեւ 1923 օրուան եգիպտական մամուլին մէջ Հայկական հարցին ու ցեղասպանութեան տեղեկատուութեան եւ արձագանգին բազմահատոր շարքի հրապարակումով, բացառաբար վարձատրուած աշխատակցութեամբ եգիպտացի ուսումնասիրողներու։

Այդ աշխատանքի նախատիպը ՀՅԴ երիտասարդականի տղոց կողմէ «Ալ Ահրամ» թերթի էջերով 1878-էն1925 ժամանակահատուածին հրապարակուած եւ Հայոց անդրադարձող նիւթերու հաւաքագրումն եղած էր անցած դարու ութսունականներու առաջին կիսուն, որ ցարդ անտիպ կը մնայ։

Ասիկա պատմութեան համար կʼարձանագրեմ, նաեւ ընդգծելու, որ առանց պայմանաւորուածութեան, հակառակ հին քէներու գլուխ բարձրացնելու փորձերուն ու վարկանիշ կորզելու ջանքին, փաստօրէն մէկզմէկու ամբողջացուցինք։ Ինչ արդիւնք որ եղաւ, եթէ առողջ էր, ազգին ու Հայաստանին նպաստ էր։ Խոտանը, որ անշուշտ կար այս ընթացքին, ժամանակի ընթացքին պիտի չքանայ, մոռցուի։

Նաեւ նկատողութիւն մը․ երկու տարբեր կազմակերպութիւններու գործելակերպին կը վերաբերի անիկա։ ՀԲԸՄ իր նիւթական լայն հնարաւորութիւնները օգտագործեց կայուն, անշարժ(static) արդիւնք ձեռք բերելու համար, որ կրնայ ներգործել իրմէէ անկախ, մինչդեռ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբը իր անձուկ նիւթական հնարաւորութիւններու սահմանափակումները յաղթահարեց ուժական, շարժուն (dynamic) արդիւնքի հասնելու համար եւ հասաւ, անոր համադրեց նաեւ իրմէ դուրս եղած ճիգը։ Ասիկա չեմ արձանագրեր կողմնապաշտական դիրքերէ։

Մեր ազգային պայքարին մէջ բնական է՝ գիրն ալ, գրականութիւնն ալ, արտաքին-յարաբերական աշխատանքն ալ ուրոյն տեղ ունին։ Սակայն անոնք վերջակէտ չեն, պէտք չէ ըլլան, մանաւանդ երբ հնարաւորութիւններ կան։ Բայց ինչպէս աւելի վեր նշեցի՝ նուիրուած, յանձնառու, լիաժամ գործող անձնակազմի դերը կատարող անհատը անխուսափելի անհրաժեշտութիւն է։

Անցնինք առաջ։ Մեծ եղեռնի հարիւրամեակին Եգիպտոսի հայ համայնքը պատկառելի մասնակցութիւն ունեցաւ երեւանեան միջոցառումներուն․ եգիպտացի մեծ թիւով լրագրողներ, թերթերու խմբագրապետեր, եգիպտական հեռուստալիքներ ուղղակի սփռում կատարեցին Ծիծեռնակաբերդ հարիւր հազարաւոր հայորդիներու երթին, սրբադասման արարողութեան եւ այլն, քաղաքական թէ ակադեմական գործիչներ ժողովուրդին հետ բարձրացան Յուշահամալիր։ Այս բոլորը հեշտ է անցողակի թուարկել, սակայն ամէն քայլափոխի համար համակարգման լուրջ աշխատանք կայ տարուած, դեռ չեմ խօսիր այս տարողութեամբ մասնակցութեան նիւթական աջակցութեան ապահովման սպառիչ բանակցութիւններուն մասին։ Չեմ կարծեր, որ օրին նախագիծերուն հակադրուողներըդժգոհ մնացին իրագործումէն, որ նաեւ օրուան ՀՀ նախագահին գնահատանքին արժանացաւ։

Սակայն այս աշխատանքը շարունակութիւն պէտք է ունենար ուսումնասիրութիւններու, գեղարուեստական գրականութեան, տեսաժապաւէններու, ցուցահանդէսներու տեսքով եւ մամլոյ անհամար  հրատարակումներով ու անդրադարձներով, յատուկ թիւերու կամ բաժիններու լոյս ընծայումով։Աւելին՝ Հայաստան թէ Եգիպտոս գիտաժողովներ, սեմինարներ եւ այլ միջոցառումներկազմակերպուեցան, ոչ միշտ ՀՅԴ Հայ դատի անունով, սակայն անպայման անոր համակարգումով ու ջանքով։ Նոյնը՝ զանգուածային հաղորդակցութեան միջոցներով։ Այս առումով նշանակալի էր հարիւրամեակէն առաջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին վաւերագրական տեսաժապաւէնի մը պատրաստութիւնը՝ «Ո՞վ կոտորեց հայերը» վերնագրով, որ վկայութիւններու ամբողջութիւն մըն է։ Դժբախտաբար նիւթական միջոցներու սղութեան պատճառով հնարաւոր չեղաւ անոր երկրորդ բաժինի նկարահանումը, որ հարիւրամեակին համաշխարհային հեղինակութիւններու վկայութիւնները պիտի ամփոփէր։ Վերջապէս՝ իրագործելի մեծ քանակութեամբ ծրագիրներ կան, ոչ միայն ցեղասպանութեան նիւթին շուրջ, այլեւ Արցախեան հիմնահարցին նուիրուած, որ այժմէական կարեւորութիւն ունի։ Նկատենք որ այս ամբողջ աշխատանքը նիւթական նուազագոյն ներդրումով կատարուեցաւ ու կը կատարուի, որ Եգիպտոսի ու եգիպտացի մարդուն որակին մասին կը խօսի։

Արդ՝ այսօր կարող ենք ըսել, որ Հայ դատի զանգուածային ծանօթացումը Եգիպտոսի մէջ ու անկէ դուրս հսկայաքայլ յառաջդիմած է եւ օրէ օր նոր նուաճումներ արձանագրելու ուժականութիւնն ունի, նկատի առնելով արաբական աշխարհին մէջ Եգիպտոսի գրաւած առանցքային դիրքն ու դերակատարութիւնը։

Եւ ինչպէս նախորդ յօդուածով նկատած էի, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը Եգիպտոսի կողմէ ժամանակի հարց է, որ կը նախապատրաստուի ու կը հիմնաւորուի շարունակ։

Առանցքայինկը մնայ յետճանաչման հարցը․ ինչպէ՞ս պիտի օգտագործենք նման ճանաչումը եւ արդիւնք ստանանք անկէ, մանաւանդ եթէ հաշուի առնենք, որ Եգիպտոսի համախոհ եւ հաւատակից պետութիւններու շղթայական ճանաչումներ կրնան յաջորդել։

Այս մասին ճիշդ կʼըլլայ այսօրուընէ հոգալ, պէտք եղած ժամանակ պատրաստ գտնուելու։ Եւ ասիկա միայն տեղական համայնքին եւ իր կազմակերպութիւններուն ուսերուն չի կրնար ծանրանալ, հաւանաբար պետական մակարդակ ենթադրէ։ Հիմնական դերակատարները պետութիւններն են, իսկ տեղական կազմակերպութիւնները՝ օժանդակ։ Այս հարցերն ալ նախօրօք պէտք է ճշդուին եւ յստակ դերաբաշխումի նախագիծ մշակուի։ Վատ չʼըլլարայլընտրանքն ալ աչքի առաջ ունենալ։ Փոխադարձ ծանօթացումը չի կրնար անվերջ շարունակուիլ։

Զ. ԼԻՅԼՈԶԵԱՆ 

«Դրօշակ», թիվ 4 (1638), ապրիլ, 2020 թ.