կարևոր
4009 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-10-04 16:07
Հասարակություն

ՀՅԴ Հայ Դատի Առաքելութեան Համար Գանատայի Արեւմտեան Շրջանին Մէջ Գոյացաւ 120 Հազար Տոլար

ՀՅԴ Հայ Դատի Առաքելութեան Համար Գանատայի Արեւմտեան Շրջանին Մէջ Գոյացաւ 120 Հազար Տոլար

Հոկտեմբեր 1-ին, Վանգուվըրի Հայ կեդրոնին մէջ կայացած նուիրահաւաքի ընթացքին, Հայ Դատի առաքելութեան հաւատարիմ գանատահայեր 120 հազար տոլար հանգանակեցին ի նպաստ Արցախի եւ Հայաստանի։

ՀՅԴ Վանգուվըրի «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէի եւ Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած միջոցառման պատգամաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ փոխանցեց օրուան պատգամն ու Հայ Դատի քաղաքական ծրագրային ուղեծիրը։ Ան շեշտեց, որ դառնաղէտ հայոց ցեղասպանութենէն ետք, հայութիւնը կարողութիւնը ունեցած է վերընձիւղելու իր գոյութիւնը եւ այժմ՝ համազգային մատահրաւէրն է վերականգնելու այսօրուան իրավիճակն ու հեռացնելու գործող ապիկար իշխանութիւնը։

Խօսք առաւ նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Ռաֆֆի Տօնապետեան, որ ներկայացուց ՀՅԴ Երիտասարդականի ու Հայ Դատի յանձնախումբերու բազմաբեւեռ աշխատանքները։

Օրուան հանդիսավարն էր ՀՅԴ Վանգուվըրի «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէի անդամ Մեղրիկ Չափանեանը, որ կոչ ուղղեց համայն հայութեան համախմբուածութեան։ Հայրենի օրհներգը կատարեցին դաշնամուրով՝ Վարագ Տէր Յակոբեանը ու Ջութակով՝ Արայիկ Չափանեանը։ Երաժշտահան մաէսթրօ Արմէն Մարտիրոսեան դաշնամուրի վրայ նուագեց իր յօրինած «Մեր անունն է Հայկական բանակ» երգը։

aztagdaily.com