կարևոր
1312 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-10-16 13:51
Քաղաքական

Պոսթրնի մէջ տեղի ունեցաւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի տարեկան մեծարանքի 17-րդ հանդիսութիւնը

Պոսթրնի մէջ տեղի ունեցաւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի տարեկան մեծարանքի 17-րդ հանդիսութիւնը

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 7-ին, Պոսթրնի Քէյմպրիճ շրջանի «Ռոյըլ Սոնեսթա» պանդոկին մէջ, տեղի ունեցաւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած մեծարանքի 17-րդ հանդիսութիւնը, որ նուիրուած էր Արցախին։

Օրուան հանդիսավարն էր Քրիսթինա Այանեան (2022-ի Miss Universe Armenia), որ հրաւիրեց ներկաները վայրկեան մը յոտընկայս յարգելու տեղահանուած եւ նահատակուած արցախահայութեան յիշատակը եւ ապա բեմ հրաւիրեց Անի Զարգարեանը մեներգելու Արցախի, Հայաստանի եւ Ա․Մ․Ն․-ի քայլերգները։

Շրջանի հովիւ Արժ․ Տէր Անդրանիկ Ա․ Քհնյ․ Պալճեանի աղօթքէն ետք, ներկաայացուեցաւ տեաերիզ մը, պատրաստուած երիտասարդ Նարեկ Սաահակեանի կողմէ, որ կը ներկայացնէր գաղթական արցախահայերու ներկայ իրավիճակը։

Խօսք առաւ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ տոքթ․ Արա Չալեան, որ դատապարտեց Ատրպէյճանի կատարած հալածանքը եւ միեւնոյն ժամանակ քննադատեց ընդհանրապէս աշխարհի անտարբերութիւնը։ Ան շեշտեց, որ Հայ Դատը պիտի շարունակէ թիկունք կանգնիլ Արցախին, յատկապէս յարաբերական-քարոզչական բնագաւառէն ներս։

Սթիւ Մեսրոպեան, իր կարգին Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հայ Դատի անունով խօսք առաւ եւ տարեշրջանի ընթացքին պատշաճ կերպով ներկայացուց կատարուած աշխատանքը։ Անոր համար ապագայ սերունդի պատրաստութեան գործընթացը կը մնայ յաջողութեան բանալին։

Ներկայացուցիչ՝ Քեթըրին Քլարք (Դեմոկրատական – Մասաչուսէց) պարգեւատրուեցաւ «Ազատութիւն» շքանշանով։ Ծերակուտական Ուիլիըմ Պրաունսպըրկըր ներկայացուց Քեթըրին Քլարքի կատարած աշխատանքը, յատկապէս հայ դատի ոլորտէն ներս։ Ապա ցուցադրուեցաւ, այս ձեռնարկին առթիւ, տիկին Քլարքին պատրաստած խօսքը։ «Ամերիկահայ գաղութը եզակի է։ Ան կրցած է հետեւողական կերպով պայքարիլ պահանջելով արդարութիւն։ Կարելի չէ ուրանալ ամերիկահայ գաղութին ներդրումը», եզրակացուց ան։

Պարգեւ Խալիկեան եւ Ճօ Տակտիկեան ստացան «Վահան Քարտաշեան» շքանշանը, գաղութէն ներս կատարած իրենց աշխատանքին պատճառաւ։

Հայ Դատի յանձնախումբի գործիչներէն՝ Տիգրան Խալիկեան ներկայացուց իր հօր կենսագրականը, որմէ ետք նոյնինքն Պարգեւ Խալիկեան պատմեց յուշեր իր երկարամեայ փորձառութիւնէն եւ եզրակացուց, թէ ջահը փոխանցած է իր զաւակներուն եւ ․․․անոնց զաւակներուն։

Ճօ Տակտիկեանի (Լօուըլի շրջանէն) կենսագրականը ներկայացուց Տիմիթրի Պետրոսեան։

«Հպարտօրէն կը ներկայացնեմ իմ քեռիս՝ Ճօ Տակտիկեանը։ Ան եղած է տիպար հայորդի մը», ըսաւ Տիմիթրի։ Իսկ Տակտիկեան իր խօսքին մէջ, շեշտեց, թէ այս օրերուն դժուար է նմանօրինակ հաւաքներ կազմակերպել, սակայն միեւնոյն ժամանակ շեշտեց, թէ պինդ պէտք է մնալ։ Ան շնորհակայութիւն յայտնեց Հ․Օ․Մ․-ին, որ 1964-ին զինք ուղարկած է Պէյրութ, տարի մը ուսանելու համար «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի կրթօճախէն ներս։ «Պէտք չէ վհատիլ։ Շարունակենք մեր գործը», եզրակացուց Տակտիկեան։

Տարիներ շարունակ հայեցի կրթութեան համար ծառայած՝ Հուրի Պոյամեանը (Պոսթընի «Սուրբ Ստեփանոս» ամենօրեայ վարժարանի տնօրէն՝ 1986-2022) ներկայացնողն էր իր աշակերտներէն՝ Ցոլեր Աւետիսեանը։

«Ժառանգութիւն մըն է տիկին Հուրին։ Մեր բոլորին համար, ան կը մնայ տիպար ուսուցիչ, դաստիարակ եւ տնօրէն», ըսաւ Աւետիսեան։ Ապա Պոյամեան բեմահարթակ բարձրանալով շեշտեց, թէ ինք շատ բան կը պարտի հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հօրմէն՝ Գառնիկ Բանեանէն, որ միշտ ալ թելադրած է գործել կրթական բնագաւառէն ներս եւ շարունակ դաստիարակել ապագայ սերունդը։ «Որքան վտանգուի մեր ազգը, այնքան կարեւոր եւ առաջնահերթ կ՛ըլլայ հայեցի կրութիւնը», շեշտեց Պոյամեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ շարունակ նեցուկ կանգնած իր ընտանեկան պարագաներուն։

Օրուան վերջին մեծարուողն էր տոքթ․ Մայքըլ Ռուպին, որ պարզ ու մեկին ներկայացուց Արցախի հիմնահարցին իրականութիւնը։ Տոքթ․ Արա Նազարեանի հակիրճ կենսագրականէն ետք, տոքթ․ Ռուպին բեմ բարձրանալով քննադատեց Ուաշինկթընի մօտեցումը, թէ շտապօրէն խաղաղութիւն պարտադրելու պատրուակով, առանց մօտէն ուսումնասիրելու հարցը, փորձած է լուծու ստեղծել, որ յաւելեալ քանդում յառաջացուցած է։

Ան շեշտեց մութ հաշիւներ եւ անշուշտ տնտեսական դրդապատճառներ առիթ մը ստեղծած են, որ Պաքուի բռնատէր Ալիեւը մնայ պաշտօնի վրայ եւ Արցախի ժողովուրդը տեղահանուի։ Ան նաեւ քննադատեց ներկայ Հայաստանի ղեկավարութեան կիրարկած կրաւորական եւ անպատասխանատու քաղաքականութիւնը։ «Հայ Դատի յանձնախումբին կատարելիք աշխատանքները շատ են, պայքարելու համար նոր ցեղասպանութիւններու դէմ», ըսաւ Ռուպին։

Վերջին խօսքը առնողը եղաւ Հայ Դատի Ուաշինկթընի կեդրոնական յանձնախումբի տնօրէն Ռաֆֆի Համբարեանը, որ կարեւորեց աշխատանքի հետեւողականութիւնը եւ շեշտեց, թէ երբեք պէտք չէ ընկրկիլ։

Կարելի եղաւ ապահովել 200 հազար տոլար, որոնք պիտի տրամադրուին Արցախի համար կատարուելիք Հայ Դատի գործունէութեան։

Աւարտին, փակման աղօթքը կատարեց Նորթ Անտովըրի հովիւէ Արժ․ Տ․ Ստեփան քհնյ․ Պալճեան։

Աղբյուրը՝ hairenikweekly.com