Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հոկտեմբեր 26-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնին մէջ կայացած «Յանուն Հայրենիքին ու Հայ Դատին» խորագիրով նուիրահաւաքի ընթացքին, Հայ Դատի աշխատանքներուն համար հանգանակուեցաւ 255 հազար տոլար։ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի կազմակերպած ընդունելութեան գլխաւոր պատգամաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որ փոխանցեց օրուան պատգամն ու Հայ Դատի քաղաքական ծրագրային ուղեծիրը։
Օրուան հանդիսավար Արիանէ Թասլաքեան իր բացման խօսքով ըսաւ. «ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերուն համար անյետաձգելի խնդիր է Հայաստանի և Արցախի անվտանգութեան, տարածքային ամբողջականութեան, կայունութեան ու զարգացման հետեւողական ապահովումը: «Յանուն Հայրենիքին ու Հայ Դատին» նշանաբանը մեկնակէտ ունենալով, լիաբուռն զօրակցինք ու աջակցինք այս նուիրահաւաքին, թեւ ու թիկունք տանք պատնէշի վրայ մարտնչող Հայ Դատի կամաւորներու բանակին»։
Օրուան գլխաւոր պատգամաբեր, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան համապարփակ զեկոյցով ներկայացուց Արցախեան պատերազմէն ետք, Հ.Յ.Դաշնակցութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու քաղաքական դիրքորոշումները, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան իրագործումները Հայ Դատի ոլորտէն ներս։ Ան յստակ գիծերով բացատրեց Հայ Դատի առաքելութիւնը, որ կը նպատակադրէ Արցախի հիմնահարցի բարեյաջող լուծումն ու արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի ապահովումը, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման հարցը, աշխարհասփիւռ հայ համայնքներուն իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, թուրք-ատրպէյճանական պատմագիտական նենգափոխութիւններու դէմ արշաւը եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդումն ու համադրումը։ Իր խօսքը ուղղելով հանգանակութեան աջակիցներուն, նուիրատուներուն եւ կուսակցութեան համակիրներուն, ընկ. Տէր Խաչատուրեան ըսաւ. «Դուք է, որ ամուր կը պահէք մեր ողնայարը, պինդ կը պահէք մեր գործունէութիւնը եւ Հայ Դատի մեր աշխատանքը կը պահէք նպատակասլաց»։
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեանը զեկուցեց Աւստրալիոյ, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբերու կազմակերպական եւ քարոզչական աշխատանքներուն մասին եւ վերոնշեալ շրջաններուն մէջ Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի ի նպաստ յանձնախումբերու իրագործած ծրագիրներուն մասին։
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Սարօ Տէր Պետրոսեան զեկոյցը կեդրոնացաւ Արցախեան պատերազմի ժամանակահատուածին եւ անոր յաջորդող երկամեակին Գանատայի տարածքին իրականացուած Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքներուն մասին։ Ան ընդգծեց, որ շնորհիւ յանձնախումբի հետեւողական քարոզչական աշխատանքին՝ Գանատայի պետութիւնը համեմատաբար հայանպաստ կեցուածք որդեգրեց Արցախի պատերազմի ընթացքին, իսկ խորհրդարանի ընդդիմադիր բոլոր կուսակցութիւնները Հայաստանի ու հայութեան զօրակցելու դիրքորոշում որդեգրեցին։ Ներկայ դրութեամբ, Օթթաուան Արցախեան հակամարտութիւնը աւարտած չի նկատեր եւ համոզուած է որ իքնորոշման իրաւունքը պէտք է անպայման նկատի առնուի Արցախեան հիմնախնդրի վերջնական կարգաւորման մէջ։ Տէր Պետրոսեան յատկապէս կանգ առաւ Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան հետ յարաբերութիւններու ծիրէն ներս՝ Հայ Դատի յանձնախումբի ազդեցիկ եւ վճռորոշ դերակատարութեան մասին, յատկապէս Արցախեան պատերազմի ընթացքին եւ անոր յաջորդող հանգրուանին Օթթաուային մղելով, որպէսզի կասեցնէ Թուրքիոյ ռազմական սարքաւորումներ մատակարարելու գործարքները։
Հանդիսավար Արիանէ Թասլաքեան շնորհակալութիւն յայտնելով նուիրատուներուն, յայտարարեց, որ շնորհիւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի համակիրներու մասնակցութեան՝ 255 հազար տոլար գոյացած է նուիրահաւաքէն։
Հանդիսութեան աւարտին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեան վեր առաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Հայ Դատի յանձնախումբերուն տարած ազգանուէր առաքելութիւնը՝ ի խնդիր հայրենատիրութեան եւ ազգակերտման։ Առաջնորդ Սրբազանի պահպանիչով փակուեցաւ հանդիսութիւնը։
Նշենք, որ Հոկտեմբեր 1-ին, Վանգուվըրի Հայ կեդրոնին մէջ կայացած նուիրահաւաքի ընթացքին, Հայ Դատի առաքելութեան հաւատարիմ վանգուվըրահայեր 120 հազար տոլար հանգանակած էին ի նպաստ Արցախի եւ Հայաստանի։