կարևոր
3874 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-01-13 09:49
Հասարակություն

Հայ Դատի յանձնախումբը Գանատայի մէջ հաւատարմագրուած հիւպատոսներուն իրազեկեց Արցախի շրջափակման մասին

Հայ Դատի յանձնախումբը Գանատայի մէջ հաւատարմագրուած հիւպատոսներուն իրազեկեց Արցախի շրջափակման մասին

Յունուար 11ին, ​​Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչ Վահէ Անտոնեանը Վանգուվըրի Լիբանանի պատուոյ հիւպատոս տոքթ. Նիգ Քահվաճիի կողմէ հրաւիրուած էր Գանատայի Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգին մէջ գործող հիւպատոսական ներկայացուցչութիւններու համախմբումին։ Տարբեր պետութիւններ ներկայացնող հիւպատոսներուն համար ընդունելութիւնը կազմակերպուած էր Պրիթիշ Գոլոմպիոյ միջկառավարական յարաբերութիւններու գրասենեակի գործավար տիկին Լեսլի Թերամոտոյի կողմէ։

Հաւաքի ընթացքին Վահէ Անտոնեանը եւ Լիբանանի պատուոյ հիւպատոս տոքթ. Քահվաճին առանձնազրոյցներ ունեցան տասնեակ հիւպատոսներու հետ, որոնց շարքին՝ Միացեալ Նահանգներու, Մեքսիքոյի, Ուրուկուէի, Փարակուէի, Յունաստանի, Հոլանտայի, Զուիցերիայի, Պելճիքայի, Հնդկաստանի, Ճափոնի, Քորէայի, Սենեկալի, Մարոքի, Իսլանտայի, Էսթոնիոյ եւ Աւստրիոյ հիւպատոսներուն հետ:

Հիւպատոս Քահվաճի եւ Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցչը միասնաբար իրազեկեցին Արցախի ներկայ շրջափակման եւ մարդասիրական ճգնաժամին մասին՝ ընդգծելով Հայաստանի եւ Արցախի դէմ շղթայազերծուած թուրք-ատրպէյճանական յարձակողապաշտ վարքագիծը։ Անոնք միաժամանակ կոչ ըրին հիւպատոսներուն, որպէսզի մղեն իրենց համապատաասխան պետութիւններն ու արտգործ նախարարութեանց գերատեսչութիւնները զօրավիգ հանդիսանալու Արցախի ժողովուրդի ազգային ինքնորոշման իրաւունքին ու անկախութեան: