կարևոր
3970 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-02-27 13:12
Քաղաքական

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Սումկայիթի Եղեռնագործութեան 35-Ամեակին Առիթով Նամակներ Յղեց Լիբանանի Մէջ Օտարերկրեայ Դեսպաններուն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Սումկայիթի Եղեռնագործութեան 35-Ամեակին Առիթով Նամակներ Յղեց Լիբանանի Մէջ Օտարերկրեայ Դեսպաններուն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը շաբաթ օր Սումկայիթի եղեռնագործութեան 35-ամեակին առիթով նամակներ յղեց Լիբանանի մէջ օտարերկրեայ դեսպաններու, որոնց շարքին` Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Եւրոպական Միութեան, Նետերլանտներու, Շուէտի, Գերմանիոյ եւ Զուիցերիոյ դեսպաններուն:

Լիբանանի Հայ դատի մարմինը իր նամակին մէջ ներկայացնելէ ետք արցախահայութեան Հայաստանին միանալու խաղաղ շարժումին Ազրպէյճանի բիրտ ու վայրագ հակազդեցութիւնն ու Արցախի` 1991-ին Խորհրդային Միութեան ներքին օրէնսդրութեան ու անկախ պետութիւն հաստատելու միջազգային օրէնքին համահունչ սկզբունքներու հիմամբ անկախութիւն հռչակելով Կովկասի մէջ ազատութեան ու ժողովրդավարութեան փարոս դառնալը` նշեց, որ 1994-ին ստորագրուեցաւ Հայաստանի, Արցախի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ եռակողմ զինադադար մը, որ վերջինիս կողմէ շարունակաբար խախտուեցաւ: Այդ խախտումներուն ամէնէն նկատառելի օրինակները ապրիլ 2016-ի քառօրեայ պատերազմն ու 2020-ի 44-օրեայ պատերազմն էին:

Հայ դատի մարմինը նշեց, որ 9 նոյեմբեր 2020-ին ստորագրուեցաւ նոր զինադադար մը, սակայն ազրպէյճանական կողմը շուտով վերադարձաւ իր սովորութեան եւ սկսաւ զայն ոտնահարել, մասնաւորաբար երբ 12 դեկտեմբեր 2022-ին փակեց Բերձորի միջանցքը:

«Աւելի քան յստակ է, թէ Պաքուն վստահութեան արժանի չէ, եւ այժմ կը կիրարկէ բռնի տեղահանման անուղղակի քաղաքականութիւն մը` բացայայտ կերպով ոտնահարելով Ցեղասպանութեան կանխարգիլման միջազգային ուխտը», յայտնեց մարմինը:

Հայ դատի մարմինը դեսպաններուն ուշադրութեան յանձնեց, որ հայերու նկատմամբ ատելութիւնը, խտրականութիւնն ու ոճիրը Ազրպէյճանի մէջ պետական քաջալերանք եւ հովանաւորութիւն վայելող քաղաքականութիւն մըն է, որուն ամէնէն յայտնի օրինակներէն մէկը 2004-ին Հունգարիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի հովանաւորութեամբ դասընթացքի մը ընթացքին հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացինահարած Ռամիլ Սաֆարովն է, որ ո՛չ միայն Ազրպէյճանի մէջ նախագահական ներումի արժանացաւ, այլ նաեւ պաշտօնի բարձրացում ու բազմաթիւ վարձատրութիւններ ստացաւ:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը դեսպաններուն յայտնեց, որ Արցախի բնիկ հայ ժողովուրդը երբեք չի կրնար մաս կազմել պետութեան մը, որուն նպատակը անոր բնաջնջումն է, ուստի դեսպաններու երկիրներու կառավարութիւններուն կոչ ուղղեց` իր պատմական հողին վրայ բնակող արցախահայութեան դիմագրաւած գոյութենական վտանգին լոյսին տակ ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը` հիմնուելով ազգերու ինքնորոշման իրաւունքին վրայ: