կարևոր
46501 դիտում, 6 ամիս առաջ - 2024-05-16 13:05
Սփյուռք

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Լիբանանի Մէջ Հաւատարմագրուած Դեսպաններու Նամակներ Յղեց

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Լիբանանի Մէջ Հաւատարմագրուած Դեսպաններու Նամակներ Յղեց

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Եւրոպական Միութեան, Զուիցերիոյ, Սպանիոյ եւ Մալթայի դեսպաններուն յղեց նամակ մը` անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ընթացող սահմանազատման ու սահմանագծման հոլովոյթին:

Յանձնախումբը դեսպաններուն ուշադրութեան յանձնեց, որ ներկայ հոլովոյթը կը հակասէ միջազգային արժեչափերուն եւ սկզբունքներուն, ներառեալ այն սկզբունքը, թէ ուժի կիրարկման սպառնալիքի կամ ուժի կիրարկման միջոցով գոյացած որեւէ միջազգային համաձայնագիր անվաւեր կը նկատուի: Հոլովոյթը մասնաւորաբար չի յարգեր ՄԱԿ-ի Միջազգային համաձայնագիրներու օրէնքի հռչակագիրը (1969) եւ Հելսինքեան վերջնական հռչակագիրը (1975):

«Խաղաղութեան համաձայնագիրի մը բացակայութեան, փորձ կը կատարուի սահմանային խնդիրը լուծելու մաս առ մաս, միակողմանի զիջումներու միջոցով եւ Ազրպէյճանի բռնադատման ճամբով, ինչ որ անխուսափելիօրէն պիտի յանգեցնէ Հայաստանի եւ անոր բնակչութեան համար անվտանգութեան լուրջ խնդիրներու, եւ լրջագոյն սպառնալիք պիտի ստեղծէ շրջանին մէջ գտնուող հայկական հնադարեան մշակութային ժառանգութեան: Բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան մէջ ներկայիս ընթացող մշակութային ցեղասպանութիւնը անոնց հետագայ ճակատագիրին վերաբերեալ որեւէ կասկած չի ձգեր:

«Ձեր կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք` Ազրպէյճանի եւ անոր դաշնակից Թուրքիոյ վրայ իսկական ճնշում բանեցնելու` ետ կանգնելու Հայաստանի մէջ ներկայիս ընթացող խաղաղ ցոյցերու ընթացքին կամ Հայաստանի կողմէ «սահմանազատման ու սահմանագծման» ներկայ միակողմանի զիջողական հոլովոյթի դադրեցման պարագային ուժ կիրարկելէն», գրեց Հայ դատի մարմինը: