կարևոր
0 դիտում, 9 տարի առաջ - 2015-03-14 13:09
Հասարակություն

Աքսորի ճանապարհին երեխաներին ու կանանց առևանգում էին, խոշտանգում ու կողոպտում

Աքսորի ճանապարհին երեխաներին ու կանանց առևանգում էին, խոշտանգում ու կողոպտում

Աղբյուրը` armeniangenocide100

 

 

Արսեն Քրմոյանի վկայությունը

Կարին

 

 

1915-ի հունիսին Կարինի շրջանի գյուղերից և քաղաքից աքսորվածների արդեն 4 քարավան էր դուրս եկել: Հուլիսի 15-ին Արսենն ու ընտանիքը միանում են 5-րդ և վերջին քարավանին: Երզնկայի ճանապարհին թուրքերը հավաքում են երեխաներին: Միայն մոր ճարպկությունն է փրկում Արսենին: Ամենուր կանանց են առևանգում, կողոպտում ու խոշտանգում:

 

Առաջին Համաշխարհային Պատերազմն սկսած ատեն Արսէն Քրմոյեանի ընտանիքը հինգ հոգի կը հաշուէր՝ հայրը, մայրը, քոյրը, եղբայրը եւ ինք։ Հայրը Պոլիս կը մեկնի եւ ալ չի վերադառնար։ 1920-ին Խարբերդի մէջ կը լսեն, թէ ան յաջողած է անցնիլ ռուսական սահմանը եւ Երեւանի մէջ մահացած 1918-ին։ Մեծ եղբայրը՝ Պարգեւը կը սպաննուի աքսորի ժամանակ։

 

 

Յունիս 1915-ին Կարնոյ շրջականերու բոլոր գիւղացիները եւ Կարին քաղաքէն չորս կարաւան արդէն տարագրուած էին։ 15 Յուլիս 1915-ին, Արսէն եւ ընտանիքը հինգերորդ եւ վերջին կարաւանով ճամբայ կ՚ելլեն։ Երզնկայի ճամբուն վրայ մանչերը կը հաւաքեն։ Մօրը ճարպիկութեամբ՝ Արսէն կ՚ազատի այս միջոցառումէն։ Կիներու առեւանգում, կողոպուտ եւ խոշտանգում տեղի կ՚ունենան։ Կը հասնին Երզնկա։ Կը շարունակեն դէպի Քեմախ եւ ապա Ակն։ Անօթութիւն եւ ծարաւ կը տիրեն կարաւանին մէջ։ 21 Օգոստոսին Արաբկիր կը հասնին եւ դէպի Մելիտինէ կ՚ուղղուին։ Այս ճամբուն վրայ, կը հաւաքեն կարաւանին բոլոր այրերը եւ պատանիները։ Կը տանին նաեւ իր եղբայրը՝ 19 տարեկան հայրենասէր Պարգեւը։

 

Կարաւանի աքսորականներուն թիւը օրէ օր կը պակսէր։ Մօրը թախանձանքներուն վրայ, կարաւանին հսկող յիսնապետ մը Արսէնը եւ ընտանիքը կը յանձնէ Ապապէ անունով չէչէնի մը, որ զանոնք Ատըեամանի մէջ իր տունը պահէ մինչեւ յիսնապետին գալը։ Կը հասնին Ապապէին տունը։ Քանի մը օր ետք յիսնապետը կը հանդիպի եւ Ապապէին պատուիրելով զանոնք ողջ պահել՝ կը մեկնի։ Անոր մեկնելէն ետք Ապապէ վար կ՚առնէ իր դիմակը եւ կը կողոպտէ զանոնք։ Ան գիշերը կը փորձէ Արսէնի մայրը ջրհորին մօտ խեղդել, բայց քրոջ՝ Արեգնազի օգնութեան կանչերէն կը հաւաքուին դրացիները եւ Ապապէ իր մտադրութենէն կը հրաժարի։ Յաջորդ օրը, ոստիկաններ Ապապէն իր ջորիներով ճակատ կը տանին՝ ապրանք փոխադրելու։

 

 

Երկու օր ետք, ոստիկանները տունէ տուն կը պտըտին եւ պահուըտած հայերը խան մը կը տանին։ Արսէնը եւ ընտանիքն ալ կը տարուին։ Հոս, Արսէնի 36 տարեկան մայրը ծխախոտավաճառ իսլամացած հայէ մը կը լսէ, թէ զիրենք Սամսատ գետին եզերքը տանելով պիտի ջարդեն։ Մայրը իր ճարպիկութեամբ եւ ճարտար լեզուով կը համոզէ ոստիկան մը, որպէսզի խանէն դուրս գան։ Ոստիկանը զանոնք կը տանի գայմագամին, որ Արսէնն ու անոր ընտանիքը իր տունը կը ղրկէ։

 

Գայմագամին մայրը իննիսունական թուականներուն թրքացած հայուհի մըն էր։ Գայմագամը բարի մարդ մը ըլլալով, կ՚ուզէ ազատել զանոնք։ Յարգանքով կը վարուի եւ համեղ կիրակուրներով ու պտուղներով առատ սեղան կը պատրաստէ անոնց։ Մինչեւ Նոյեմբեր 1915-ի վերջը հոս կը մնան։ Հակառակ գայմագամի բարեհոգութեան, Արսէնի մայրը թուրքին չի վստահիր եւ օր մը գաղտնօրէն կը հեռանան դէպի Մելիտինէ։

 

Արսէնի մայրը եւ քոյրը, թրքուհիներու պէս հագուած, ճարպիկ ջորեպաններու օժանդակութեամբ երեք օրէն Մելիտինէ կը հասնին եւ Արսէնի հօր բարեկամ Քիա պէյի տունը կ՚ուղղուին։ Այս մարդը հաճութեամբ կ՚ընդունի զանոնք։ Քանի մը օր այստեղ մնալէ ետք, սենեակ մը կը վարձեն եւ հոն կը մնան։ Մինչեւ 1917 թուականը եօթը տուն կը փոխեն՝ ապահովական պատճառներով։ Այս ընթացքին, ծանօթութիւն կը հաստատեն ջարդերէն հրաշքով ազատած եւ պահուըտած հայոց հետ։ Սեպտեմբեր 1917-ին կ՚երթան Արաբկիր։ Հոս կ՚ապրին Գալուստեաններու տունը, ուր անխնամ մնացած էին անոնց երեք զաւակները՝ տան մեծերուն սպանութենէն ետք։ Արսէնի մայրը կը մահանայ, եւ հինգ անտէր որբեր կը շարունակեն մուրացկանութեամբ ապրիլ այս տան մէջ։

 

 

Առաջին Համաշխարհային Պատերազմը վերջ կը գտնէ, եւ Արսէնն ու քոյրը լայն շունչ մը կ՚առնեն։ 1919-ին Խարբերդ կը հասնին եւ որբանոց կը մտնեն:

 

 

Գերսամ Ահարոնեան (խմբագիր) գործակցութեամբ` Նազարեթ Թոփալեանի, «1915 – 1965. Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի», Գ. Տպագրութիւն, հրատ. «Զարթօնք» օրթ.-ի, Պէյրութ, 1987, 1115 էջ: Արսէն Քրմոյեան, «Կարինէն Ատիեաման՝ Հայ Ընտանիքի Մը Ոդիսականը…», Պէյրութ, էջ 644-652։