Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Նիկոլ Փաշինեան, կոչեցեալն վարչապետ, Պրիւքսէլի մէջ, «կնքահայր Միշէլ»ի մասնակցութեամբ Իլհամ Ալիեւի հետ իր հանդիպումներէն վերադարձաւ դատարկաձեռն, այսինքն՝ այն արդիւնքներով, որոնք շաբաթ մը առաջ բաժին հանուած էին իր արտաքին գործոց կամակատար-նախարարին, որ «խաղաղութիւն պիտի բերենք»ի նոյն յանկերգով Ուաշինկթըն գացեր էր եւ տեսակցած՝ իր ազերի եւ ամերիկացի պաշտօնակիցներուն հետ:
Հայրենի մամուլը բացաւ մեկնաբանութիւններու եւ նախատեսութիւններու նոր տոպրակներ: Լրագրողի մը ուշադրութենէն չէր վրիպած, որ Փաշինեան եւ Ալիեւ տեսակցած են առանց փողկապի(*), թէ՝ հանդիպումէն ետք, Ալիեւի դէմքը ժպիտ կը ճառագայթէր, Փաշինեան դարձեալ սրտնեղած, ընկճուած եւ յայտնապէս նոր ստորնացումի ենթարկուածի երեւոյթ ունէր: Թռած էր այն ժպիտը, որ զինք ողողած էր Էրտողանի երդման արարողութեան օրը…
Նման երեւոյթներէ աւելի՝ հայը յուզող պատճառները խորքային են: Շարլ Միշէլ նուագեց հին ձայնապնակը, թէ՝ որոշ յառաջդիմութիւն նկատելի է, իսկ Երեւանի լաւատեսութիւնը աւելի ժուժկալ էր եւ կը մատնէր, թէ Ազրպէյճան դարձեալ յառաջ քշած է յամառ էշը, կրկնած՝ սովորական դարձած՝ յանկերգ-պահանջները: Երեւան բաւականացաւ ըսելով. «Բեկում չէ յառաջացած, անհամաձայնութիւնները նուազած են. քննարկուած են Արցախի շրջափակման վերաբերող հարցեր»: (Բայց չէ՞ որ նորագոյն յանկերգը այն էր, որ Երեւան չի բանակցիր Արցախի անունով, Արցախի մասին, այդ պարտականութիւնը նետած էր Պաքու-Ստեփանակերտ գիծին վրայ)
Ու եթէ Պրիւքսէլէն անձնատուական նոր համաձայնագիր մը չծնաւ, արդեօք սա պէ՞տք է նկատել «դրական շարժում», թէ՞ պարզապէս յետաձգուած է վնասարար նոր համաձայնագիրը: Հաւանաբար կարգ մը տկարամիտներու համար պէտք է կրկնել, թէ ո՛չ ոք կը սպասէ, որ Հայաստանը պաշտօնապէս ներկայացնողը նոր նահանջ արձանագրէ:
Երեւանի «գաղտնապահութիւնը» նորութիւն չէ: «Ամէն բան ժողովուրդին կամքին համաձայն» ընելու խոստումը տուած արարածը գաղտնօրէն ստորագրեց 9 Նոյեմբերի յայտարարութիւնը, անկէ ետք, նմանապէս գաղտագողի խոստումներու ճամբով Արցախէն լայնատարած հողեր նուիրեց Ազրպէյճանի, նոյնը ըրաւ Հայաստանէն հողեր նուիրելով, յետոյ անցաւ «բաց խաղ»ի, առանց գաղտնապահութեան՝ յայտարարեց, թէ Արցախը կը ճանչնայ իբրեւ Ազրպէյճանի կազմին մէկ մասնիկը, Հայաստանէն ալ նոր տարածքներ պիտի տայ Ազրպէյճանին:
Ժամանակին, մերժելո՛վ կը մերժէր, թէ Բերձորի եւ Աղաւնոյի շրջանը պիտի յանձնէ Ազրպէյճանի, յետոյ, յանկարծ հոգեփոխութիւն մը ապրեցաւ եւ կէս-յայտնի կէս-բացայայտ կերպով, Արցախի Արայիկին հետ ձեռք-ձեռքի տուած՝ այդ կենսական գօտին յանձնեց թշնամիին, ապա, Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ընդունելով՝ գործնապէս կանաչ լոյս տուաւ, որ այդ «կեանքի ճանապարհը» կղպուի, անոր մուտքին ազերիական անցակէտ հաստատուի եւ Արցախի մնացեալ տարածքը առնուի մահացու պաշարումի մէջ, 120 հազար հայորդիներ, Հայաստանի հպատակութիւնը ունեցող պաշարեալներ խաղալիք դառնան ալիեւեան կամայականութիւններու: Հիմա, կայ նոր յանկերգ մը, թէ՝ Զանգեզուրի «միջանցք»ի մասին ո՛չ մէկ բանակցութիւն կ’ըլլայ, նման միջանցք պիտի չտրուի Ազրպէյճանին:
Բնական է, որ ոեւէ հայ ամբողջ հոգիով եւ քաղաքական կամքով կ’ուզէ հաւատալ այս հաւաստիքներուն, սակայն երբ կան տխրակռչակ նախընթացները, երբ ականատես եղած ենք, որ Ալիեւ – եւ զայն հովանաւորող Թուրքիան – քայլ առ քայլ կ’իրականացնեն իրենց հռչակած՝ անհիմն եւ անարդար ծրագիրները, իսկ երեւանեան պաշտօնական քարոզչութիւնը հնարքներ կ’որոնէ, «նախկիններ»ը դարձեալ պատասխանատու բռնելու իր ձախաւերութիւններուն…
Արդեօք որքա՞ն «դրական շարժում» պէտք է սպասել ամրան վերջերուն նախատեսուած՝ եռակողմանի յաջորդ հանդիպումէն: Կամ արդեօք ի՞նչ ազդեցութիւն գործած է Արայիկ Յարութիւնեանի այն նամակը, որ «նամակաբաշխ»ի դերով՝ Փաշինեան յանձնած է «բարեսի՜րտ կնքահայր» Միշէլին: Նամակատարը կրնայ հպարտանալ, որ Արցախի համար բան մը ըրաւ, նամա՜կ մը տարաւ: (Կը յիշէ՞ք «նամակ գրէ՛, սիրելի՜ս» երգը):
***
Պրիւքսէլեան բանակցութեանց (կամ դատարկաբանութեան) զուգահեռ, իրական գետնի վրայ արձանագրուեցան ուշագրաւ եւ ցուցանշային նորութիւններ: Արձանագրենք մէկ քանին.
Ազրպէյճան առաջարկեց Աղտամի ճամբով նպաստ, պարէն տրամադրել Արցախին, որ սովամահ ըլլալու վտանգին տակ է Բերձորի ճամբուն փակման հետեւանքով: Այլ խօսքով, Ազրպէյճան անուղղակիօրէն կը կրկնէ Փաշինեանի առաջարկը, թէ՝ Ստեփանակերտի փրկութեան ճամբան Պաքուէն կ’անցնի: Ալիեւ ալ յայտարարած էր, որ արցախցիք պէտք է ընդունին, որ իրենք Ազրպէյճանի հպատակ են, այլապէս, թող ազատ զգան անվերադարձ հեռանալու իրենց պապենական հողերէն…
Արցախի մայրաքաղաքին մէջ, ժողովուրդը բացաւ հանրահաւաքներու շրջան մը, շեշտը դնելով ԻՆՔՆՈՐՈՇՄԱՆ, ՍԵՓԱԿԱՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ ՏՆՕՐԻՆԵԼՈՒ իրաւունքին վրայ. կրկին ու կրկին կոչեր ուղղուեցան Հայաստանի իշխանութիւններուն, միջազգային ընտանիքին ու արտերկրի հայութեան, յիշեցում կատարուեցաւ, որ Արցախը երբեք պիտի չմտնէ Ազրպէյճանի կազմին մէջ, պէտք է ետ կանգնիլ նման ընթացք թոյլ տալէ, անընդունելի է յայտարարուած դիտաւորութիւնները հաստատող որեւէ համաձայնագիր եւ այլն: Արցախցիք, առանց բառերը ծամծմելու, կ’ըսեն, որ Հայաստան կ’երազէր խաղաղութեան հասնիլ՝ Արցախը Ազրպէյճանին զիջելով, մինչդեռ խաղաղութիւնը կը մնայ հեռու: Բնական է, որ ամբողջ հայութիւնը միաձայնութեամբ կ’երկրորդէ Արցախէն հնչած կոչերը (քանի՞երորդ անգամ ըլլալով), բնական է, որ Երեւանի մէջ ալ հանրահաւաքներ եւ ցոյցեր տեղի կ’ունենան, սակայն Սփիւռքը կը յիշեցնէ հին երգ մը. «…Ինչո՞ւ չի շարժիր ապառաժ Զէյթուն»: Սփիւռքը շա՛տ աւելի համահունչ էր 1988-94 տարիներուն, փրոթոքոլներու փուլին եւ այլ սուր հանգրուաններու, հիմա Արցախը խեղդամահ կ’ըլլայ եւ…
Պաքու դարձեալ իր մերժումը յայտարարեց Ստեփանակերտի այն նախընտրութեան, թէ Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնները պէտք է տեղի ունենան միջազգային հովանիին տակ, երաշխիքներու նախապայմանով: Յայտապէս մէկը չ’անդրադառնար, որ փաշինեանական ներշնչումով սկիզբ առած այն ընտրանքը բարիք չի կրնար բերել, նախընտրելին՝ լիակատար բանակցութեանց վերադառնալն է: Արցախցիք կը յիշեցնեն «ջուրը ինկողը օձին կը փաթթուի» խօսքը: Իրենց վիճակը բացատրութիւն ունի նման ընտրանքի:
Մոսկուա նկատեց, որ Արեւմուտքին դիմելով՝ Հայաստան շահ պիտի չունենայ, կրկնեց եռակողմանի բանակցութիւնները Մոսկուա տեղափոխելու առաջարկը (դժուա՞ր է տեսնել, որ Հայաստան որքանո՛վ ընկղմած է Արեւելք-Արեւմուտք հակամարտութեան ճախճախուտին մէջ), սակայն նաեւ խայթոց մըն ալ արձակեց, նշելով, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ընդունած են, որ Արցախը մտնէ Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Սա անշո՛ւշտ որ Մոսկուայի սրտովը չէ, որովհետեւ դեռ վերջերս համաթուրանականներէն յիշեցում կատարուեցաւ, որ ռուս խաղաղապահները պէտք է հեռանան Արցախէն, երբ սպառի 9 Նոյեմբերով ճշդուած պայմանաժամը: Իսկ թէ ռուսերը վաղը-միւս օրը ի՞նչ միջոցներու կրնան դիմել, իրենց ոտքերը ամուր պահելու համար Կովկասի մէջ՝ բոլորովին այլ հարց:
Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ ալա-ուքրանական գործակցութիւնը կը կանգնի փորձաքարի մը առջեւ: Այս ալ քննարկելի այլ հարց:
***
Ո՞վ եւ ե՞րբ վերջ պիտի տայ այս խառնարանին:
Աւարտենք ծանօթ անեկդոտով մը:
Իմաստուն գիւղացի մը ամէն օր իր տղեկը աղբիւր կը ղրկէր, որպէսզի կուժով ջուր բերէ: Սափորը մանչուկին յանձնելէ առաջ, շառաչուն ապտակ մը կը դրոշմէր տղեկին երեսին, պատուիրելով, որ զգուշ ըլլայ, կուժը չկոտրէ: Դրացիները կը մեղքնային խեղճ տղեկին եւ օր մը կը միջամտեն, խնդրելով, որ չապտակէ զայն: Մարդը գլուխը կը շարժէ եւ կ’ընդառաջէ դրացիներուն աղաչանքին: Յաջորդ օրը, տղեկը աղբիւրէն կը վերադառնայ դատարկաձեռն: Անուշադիր եղած էր եւ կուժը կոտրած: Դրացիները ահ ու դողի կը մատնուին, վախնալով, որ դաժան հայրը հիմա ահաւոր ծեծ մը պիտի տայ տղեկին, սակայն մարդը բան չ’ըներ: «Մենք ալ կը վախնայինք, որ տղադ պիտի սատկեցնես: Առաջ, բան մը չըրած՝ կ’ապտակէիր, հիմա ինչո՞ւ չես ծեծեր», կը հարցնեն զարմացած: «Կուժը կոտրելէն ետք ապտակը ի՞նչ իմաստ կ’ունենայ: Կ’ապտակէի, որպէսզի զգուշ ըլլար, եւ կ’ըլլա՛ր: Հիմա կուժը կոտրած է եւ ապտակը ուշացած պիտի ըլլայ», կը բացատրէ իմաստուն հայրը:
————————–
(*) Ինչպէ՜ս չյիշել անմահ Պարոնեանի մէկ խօսքը. «Այս մարդը իր կեանքին մէջ ո՛չ փողկապ գործածած է, ո՛չ ալ ողջմտութիւն»:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
16 Յուլիս 2023