կարևոր
2932 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-11-01 16:16
Քաղաքական

Ար­ցա­խը ցոյց կու տայ վե­րա­կանգ­նու­մի լու­սա­ւոր ու­ղին

Ար­ցա­խը ցոյց կու տայ վե­րա­կանգ­նու­մի լու­սա­ւոր ու­ղին

Անց­նող շա­բա­թա­վեր­ջին, մինչ Ե­րե­ւա­նի մէջ նստած վար­չա­խում­բը կը ճօ­ճո­ւէր այս­պէս կո­չո­ւած «­Հա­մաշ­խար­հա­յին հայ­կա­կան գա­գաթ­նա­ժո­ղով»-ի թա­տե­րա­խա­ղին եւ Ք.Պ. կու­սակ­ցու­թեան հա­մա­գու­մա­րին մի­ջեւ, Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը, իր քա­ղա­քա­կան եւ կրօ­նա­կան ղե­կա­վա­րու­թեամբ, Ազ­գա­յին ժո­ղո­վով եւ տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րու խրոխտ ներ­կա­յու­թեամբ թնդա­ցուց Ս­տե­փա­նա­կեր­տի ­Վե­րած­նուն­դի հրա­պա­րա­կը։

­Ժո­ղովր­դա­յին ան­նա­խա­դէպ ա­լիք մըն էր, որ իր բազ­մա­կող­մա­նի ու­ղերձ­նե­րով, հա­յե­լին դար­ձաւ 1988-ի Ար­ցա­խեան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ա­ռա­ջին ա­լի­քին՝ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ա­զա­տագ­րու­թեան պայ­քա­րի փա­ռա­հեղ օ­րե­րուն։

­Մինչ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, Ք.Պ.-ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը պաշ­տօ­նա­պէս կը յայ­տա­րա­րէին, թէ ի­րենց կու­սակ­ցու­թիւ­նը կը հրա­ժա­րի 30 տա­րի շա­րու­նակ Ար­ցա­խի ինք­նո­րոշ­ման մա­սին որ­դեգ­րո­ւած պաշ­տօ­նա­կան սկզբուն­քէն ու պե­տա­կան կե­ցուած­քէն, ըն­դու­նե­լով այս­պէս կոչո­ւած «խա­ղա­ղու­թեան» հա­մա­ձայ­նա­գի­րի մը ա­նո­րոշ եւ վտան­գա­ւոր պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւ­նը, Ար­ցա­խի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վը, թարգ­մա­նը հան­դի­սա­նա­լով Ար­ցա­խի սուրբ հո­ղին վրայ ապ­րող ու մարտն­չող հա­յուն, միա­հա­մուռ կե­ցո­ւած­քով կը յայ­տա­րա­րէր ի լուր աշ­խար­հին, թէ «Ար­ցա­խը եր­բեք չի ե­ղել եւ չի լի­նե­լու Ադր­բե­ջա­նի կազ­մում»։

­Միա­ժա­մա­նակ, Ազ­գա­յին ժո­ղո­վը եւ հա­մախմ­բո­ւած ժո­ղո­վուր­դը յստակ ու­ղերձ կը ղրկէին Ե­րե­ւա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան, թէ վեր­ջի­նը ի­րա­ւունք չու­նի հրա­ժա­րիլ Ար­ցա­խի անվ­տան­գու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու ա­ռա­քե­լու­թե­նէն եւ պէտք է շա­րու­նա­կէ մնալ ե­րաշ­խա­ւո­րը Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան գո­յու­թե­նա­կան ի­րա­ւուն­քին։

Ա­ռա­ւել, ­Կի­րա­կի օ­րո­ւան հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին հա­ւա­քէն բխած ու­ղեր­ձը հա­ւա­սա­րա­պէս հաս­ցէա­տէր ու­նէր նաեւ Ս­փիւռ­քը, որ ճա­կա­տագ­րա­կան այս պա­հուն ան եւս ի­րա­ւունք չու­նի հիաս­թա­փո­ւած ըլ­լա­լու հայ­րե­նի իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու յո­ռե­տես քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէն, այլ պարտք ու­նի տէ՛ր կանգ­նիլ Ար­ցա­խի գե­րա­գոյն ի­րա­ւունք­նե­րուն, այն­պէս ինչ­պէս ե­րե­սուն տա­րի շա­րու­նակ կանգ­նե­ցաւ մեր ար­ծո­ւա­բոյ­նի կող­քին։

Ան­կախ ո­րե­ւէ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցէն, ան­կախ Ա­սիոյ կամ Եւ­րո­պա­յի քա­ղաք­նե­րու մէջ՝ փակ դռնե­րուն ե­տեւ ար­ծար­ծո­ւած «ռու­սա­կան» կամ «ա­րեւմ­տեան» պայ­մա­նա­գի­րի մը յա­ռաջմ­ղու­մէն, Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դը, եւ ա­նոր կող­քին ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը, ի­րա­ւունք ու­նին տե­ղեակ ըլ­լա­լու բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի բո­վան­դա­կու­թե­նէն, ու­ժա­յին կեդ­րոն­նե­րուն կող­մէ պար­տադ­րո­ւող պայ­ման­նե­րէն, ո­րոնք կը փոր­ձեն ո­րո­շել Ար­ցա­խի ա­պա­գան, ա­ռանց հա­շո­ւի առ­նե­լու Ար­ցա­խի ի­րա­ւա­տի­րոջ, իր սե­փա­կան հո­ղին վրայ ծնունդ ա­ռած հա­յուն։

Այդ ա­պա­գան չի կրնար ա­պա­հո­վո­ւած ըլ­լալ Ատր­պէյ­ճա­նի ինք­նիշ­խա­նու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ, պար­զա­պէս ո­րով­հե­տեւ այն պի­տի ա­ռաջ­նոր­դէ Ար­ցա­խի հա­յա­թափ­ման, ցե­ղաս­պա­նու­թեան կրկնու­մին ու միան­գա­մընդ­միշտ ա­նոր պատ­մա­կան ու ի­րա­ւա­կան կորս­տեան։ Ա­ւե­լի քան հա­րիւր տա­րի շա­րու­նակ բա­ցա­յայտ ե­ղած է թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­յա­ջինջ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ե­րե­սը՝ թէ՛ ան­ցեալ դա­րաս­կիզ­բին, թէ՛ վեր­ջին ե­րես­նա­մեա­կի ըն­թաց­քին Ար­ցա­խի հա­յու­թեան կրած տան­ջանք­նե­րուն ու սպան­դին դառն հե­տե­ւանք­նե­րով։

­Խա­ղա­ղու­թեան ո՛չ մէկ պայ­մա­նա­գիր, սահ­մա­նագծ­ման ու սահ­մա­նա­զատ­ման ո՛չ մէկ ծրագ­րում, ա­ռա­ւել եւս Ատր­պէյ­ճա­նի ինք­նիշ­խա­նու­թիւ­նը ճանչ­նա­լու ո՛չ մէկ փութ­կոտ քայլ, պէտք է ան­տե­սէ Ար­ցա­խի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը, ա­նոր բնակ­չու­թեան ա­զատ եւ ան­կաշ­կանդ ապ­րե­լու բաղ­ձան­քը ու հա­յու­թեան եր­կա­րա­մեայ պայ­քա­րի իղ­ձերն ու ե­րազ­նե­րը։

Այ­լեւս ժա­մա­նա­կը հա­սած է, որ­պէս­զի ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ապ­րող մեր քոյ­րերն ու եղ­բայր­նե­րը ա­ռաջ­նոր­դո­ւին Ար­ցա­խի հա­յու­թեան պայ­քա­րի ու գո­յա­տեւ­ման վճռա­կամ ո­գիով, ա­նոնք եւս ոտ­քի կանգ­նին եւ մեր­ժեն ո­րե­ւէ պայ­մա­նա­գիր, որ պի­տի վտան­գէ Ար­ցա­խի ա­պա­գան։ ­Յու­սա­հա­տու­թեան մթնո­լոր­տը, որ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն հայ­րե­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը տա­րա­ծե­ցին հայ­րե­նի­քի ժո­ղո­վուր­դին մէջ, պէտք է իր տե­ղը տայ պայ­քա­րու­նակ ու պա­հան­ջա­տէր այն ո­գիին, որ հա­մա­կեց ողջ հա­յու­թիւ­նը 1988-ի վե­րա­զարթ­նու­մի օ­րե­րուն։

Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ցու­ցա­բե­րած միաս­նա­կա­նու­թեան ո­գին, ինք­նին ա­ռաջ­նոր­դող ու­ղի մը կը բա­նայ հայ­րե­նի­քի եւ սփիւռ­քի հա­յու­թեան առ­ջեւ, դառ­նա­լով մեկ­նա­կէ­տը պա­հան­ջա­տի­րու­թեան նոր եր­թին, որ­պէս­զի հա­յու­թիւ­նը վե­րագտ­նէ իր ա­ւան­դա­կան մար­տու­նա­կու­թեան ո­գին ընդ­դէմ ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան եւ ետ մղէ ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի ինք­նիշ­խա­նու­թեան վրայ սպառ­նա­ցող թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան վտան­գը։

­Յու­նա­հա­յու­թիւ­նը, իր ամ­բողջ ու­ժե­րով եւ հա­մա­խումբ կե­ցո­ւած­քով, իր ան­սա­կարկ զօ­րակ­ցու­թիւ­նը կը յայտ­նէ Ար­ցա­խի մարտն­չող հա­յու­թեան, թեւ ու թի­կունք կը շա­րու­նա­կէ մնալ սահ­մա­նին վրայ կանգ­նած հա­յոր­դիին, ա­մէն պա­րա­գա­յին զօ­րա­շար­ժի են­թար­կե­լով իր ողջ կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը, ի խնդիր մե՛ր Ար­ցա­խի ինք­նո­րոշ­ման եւ ան­կաշ­կանդ գո­յա­տեւ­ման։

1988-էն ետք, Ար­ցա­խը ան­գամ մը եւս ցոյց կու տայ վե­րա­կանգ­նու­մի լու­սա­ւոր ու­ղին։

«Ազատ օր»