Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայուն կեանքը անգամ մը եւս (հաշիւը կորսուած է) ահաւոր ցնցումի ենթարկուեցաւ Հոկտեմբերի առաջին շաբաթավերջին, երբ ազերիական աղբիւրներ ճակատաբաց ցուցադրեցին Պաքուի իշխանաւորներուն ոճրային մէկ նոր «սխրագործութիւնը»: Մարդիկը առանց այլեւայլի հայուն ու աշխարհին յիշեցուցին, թէ Ատրպէյճան ո՛չ մէկ ձեւով ետ կը մնայ իր «եղբօրմէն»՝ Թուրքիայէն, պետական ոճիրներ կը գործէ եւ վստահ է, որ անպատիժ պիտի մնայ Թուրքիոյ պէս (իսկ դարպասողները շարք բռնած են):
Ցուցադրութեան հանուեցաւ ժապաւէն մը, ուր հայ զինուորներ կը գնդակահարուին բացայայտօրէն: Չմոռնանք, որ Ատրպէյճան քանի մը շաբաթ առաջ հայ զինուորագրեալ կին մըն ալ տանջամահ սպաննած էր՝ քստմնելի խողխողումի ենթարկելով, նմանապէս խոր յուզում յառաջացնելով հայութեան կեանքին մէջ (անմիջապէս արձանագրենք, որ իւրաքանչիւր հայ զինուորի կորուստը նոյն խորութեամբ կը յուզէ ողջ հայութիւնը):
Ստեղծուած փոթորիկը աննախընթաց կերպով կլանեց Հայաստանի իշխանութեան շրջանակները: Վարչապետ, ներկայացուցիչներ, նախարարութիւն եւ այլք՝ Ատրպէյճանը ամբաստանեցին իբրեւ ոճրագործ, յուշագիրներ յղեցին միջազգային ատեաններ, պահանջելով, որ Պաքուի վարիչները դատապարտուին, հաշիւ պահանջուի անոնցմէ:
Առաջին անկարկով, կը ստեղծուի այն դրական տպաւորութիւնը, թէ Երեւանի իշխանական վերնախաւին մէջ դրական տեղաշարժ մը տեղի կ’ունենայ դէպի իրատեսութիւն: Թէեւ վերջին շաբաթներուն Ատրպէյճանի դէմ քանիցս դժգոհութեան եւ դատապարտանքի խնդրանքով խօսքեր հնչեցին, սակայն իրական գետնի վրայ դէպքերը շարունակեցին ընթանալ «ամէն գնով խաղաղութիւն կ’ուզենք»ի տրամաբանութեամբ: Հարցը հոն հասաւ, որ նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան արձագանգեց իշխանաւորներուն (իր հովանաւորեալներուն) «տրամաբանութեան», յայտարարելով, որ Հայաստանի համար առաջարկուած փաստաթուղթը ստորագրելէ այլ ելք չկայ (անշուշտ չնախընտրեց ըսել, թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ հոս հասանք), ով որ ալ ըլլայ իշխանութեան վրայ՝ կրնայ ստիպուած ըլլալ աւելի՛ վատն ալ ստորագրելու:
Նպատակ չունինք այստեղ քննարկելու նման սնանկաբանութիւններ. Երեւանի մէջ պարտուողականութիւնը մերժող բազմաթիւ ձայներ բարձրացան: Այսուամենայնիւ, Կիրակի օր իրարու յաջորդած՝ Ատրպէյճանը քննադատող, միջազգային ընտանիքէն դատապարտում պահանջող ձայները մտածել կու տան, որ իշխանաւորներու աչքը (թերեւս) սկսած է բացուիլ, անոնք ալ հիմա ընդդիմադիրներուն պէս կը տեսնեն, որ խաղաղութեան միակողմանի ցանկութիւնները (չըսելու համար ցնորքները) անվաղորդայն են, երբ դիմացդ ունիս Թուրքիոյ կռթնած Ատրպէյճան մը, որ միայն վերջին քանի մը շաբաթներուն գրեթէ ամէն օր նոր ոճիրներ կը գործէ, մահ, աւեր կը տարածէ, քանի մը դիի եւ պատանդի վերադարձին դիմաց, բազմապատկած է պատանդներու «դրամագլուխը», առանց բառերը ծամծմելու, նոր հող-զիջում կը պահանջէ Հայաստանէն: Իշխանաւորներուն այս յայտարարութիւնները՝ Ատրպէյճանը ոճրագործ անուանելը այլապէս լուռ խոստովանութիւն է, որ խաղաղութիւնը հիմա շա՜տ աւելի հեռու փախչած է, քան այն օրերուն, երբ շինծու պարսաւանքներ կ’արձակուէին ընդդիմադիրներու հասցէին, թէ՝ անոնք պատերազմ պիտի բերեն: Հիմա բոլոր կոյրերը կրնան տեսնել, որ Արցախը տալով՝ խաղաղութիւն չեկաւ, Հայաստանէն ալ պատառիկներ կը խլուին, ազերիական անշպար ոճիրները կը կրկնապատկուին:
Հայը կը սպասէ, որ այս ալիքը բարձացում արձանագրէ յառաջիկայ օրերուն, ոճրագործը արդարութեան բերելու պահանջները չըլլան «վաղանցուկ ախորժակ»-ի ցուցադրութիւն: Բոլոր ձեռքերը գո՛րծնապէս դէպի միացում շարժին:
***
Ոճրային կրկնուող արարքները տրամաբանօրէն ենթադրել պիտի տային, թէ Հայաստանի վարիչները իրենց ոտքը գետին պիտի դնեն, վերջ տան անբովանդակ եւ անիմաստ թռիչքներուն, եւ խօսքին պիտի ընկերացնէին գործնական քայլեր:
Ակներեւ է, որ հակառակ բանակին անզէն եւ անկարող ըլլալուն մասին բազում զրոյցներուն, ազերիական վերջին յարձակումները ըստ ամենայնի կը գտնեն քաջարի դիմադրութիւն (գոնէ այդ ցոյց կու տան պաշտօնական տեղեկութիւնները): Այո՛, ունինք զոհ եւ կորուստներ՝ գերի ու կորսուած զինուորներ, սակայն ազերիական շօշափելի յառաջխաղացքի մասին տեղեկութիւն չկայ, եւ սա գօտեպնդող բան է: Անգլերէն խօսք մը կ’ըսէ. «Եթէ լուր չկայ, ատիկա արդէն լաւ լուր է» (No news, good news!): Ո՛չ մէկ հայ պիտի ցանկար, որ այս տեղեկութիւնները սխալ դուրս գային, ինչպէս եղան 44-օրեայ պատերազմի օրերուն, երբ պաշտպանութեան նախարարութիւնը սուտի տարածումը վերածեց այլանդակ վարքագիծի: Իւրաքանչիւր հայ նաեւ կը յուսայ, որ բանակին եւ սահմաններուն զինումը, պաշտպանական միջոցներու բարեշրջումը ընթացք առնեն, «դրամ ունինք բայց մեզի զէնք չեն ծախեր»ը սխալ դուրս գայ: Այլ խօսքով, բանակը, ժողովուրդին եւ համայն Սփիւռքին զօրակցութեան կողքին, ի վերջոյ ունենայ նաեւ իշխանաւորներուն գործնակա՛ն աջակցութիւնը: Իսկ բանակը քանիցս ապացուցած է, որ (ի հեճուկս այս իշխանաւորներուն սնամէջ հաւաստիքներուն եւ թշնամիին գերիվեր կարողականութիւններուն), կարողութիւնը ունի համեստ միջոցներով իսկ սխրանք արձանագրելու: Սա զգացական խօսք չէ, վերջին տասնամեակները վկայութիւններ արձանագրած են, սակայն հիմա… մոռացութեան կը տարուին:
***
Բան մը փոխուած ըլլալու, կեցուացք, այսինքն՝ դատապարտողի կեցուածքը գործնապէս արտայայտելու առիթ մըն էր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ Ժընեւի մէջ նախատեսուած հանդիպումը՝ Կիրակի, 2 Հոկտեմբերին, եւրոպացի «կնքահայրերու» հովանիին տակ: Անիկա եղաւ երկրորդը՝ 20 Սեպտեմբերէն ի վեր (Նիւ Եորքի հանդիպումը): Հանդիպումի նախօրեակին, նոյնինքն Հայաստանի դիւանագիտութեան պետը քանիցս քննադատական արտայայտութիւններ ունեցաւ ազերիներուն ռազմական, ոչ-խաղաղասիրական ընթացքին մասին: Այս տողերը արձանագրելէ առաջ, անոր զուգընթաց եւ վերջակէտը դնելու պահուն՝ քանիցս փորձեցինք իմանալ, թէ ի՞նչ ծնած է հանդիպումէն: Մեր սպասումը մինչեւ ուշ գիշեր մնաց անպատասխան: Նորագոյն ոճիրին հրապարակումէն առաջ, Երեւանի խաղաղասէրները հաստատած էին, որ քննարկման պիտի դրուի, Ատրպէյճանի (համար շահաբեր) առաջարկներուն հիմամբ, խաղաղութեան համաձայնագիրին պատրասութեան հարցը:
Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ, երբ Ատրպէյճան սկուտեղի վրայ ԳՈՐԾԵԼՈՒ առիթ մը ընծայած էր Հայաստանի, հրապարակելով իր նորագոյն ոճիրներուն փաստը, սպասելի էր, որ հայկական կողմը, իբրեւ գործնական արտայայտութիւն իր դժգոհութեան եւ արդար ընվզումին, առնուազն յայտարարէր, թէ կ’առկախէ հանդիպումը (խզումը այլ ընտրանք էր): Չէ՞ որ հայկական կողմը քանիցս պահանջած էր, որ ազերիական ուժերը պէտք է հեռանան Հայաստանի հողերէն, զօրակիցներ ալ գտած էր, թէ ազերիները չեն կրնար ուժով լուծումներ պարտադրել եւ պէտք է վերադառնան «ելման գիծ» (հոս կայ քննարկելի այլ հարց, սակայն կանգ չառնենք անոր վրայ, որովհետեւ «ելման գիծ»ը պէտք է ըլլայ այն իրական սահմանագիծը, որ ազերիներուն կողմէ հրկիզուեցաւ ճիշդ երկու տարի առաջ: Այս պահանջը թող ո՛չ ոք ծայրայեղական, չափազանցեալ եւ անիրատես որակէ):
Բանակցութեան առկախում տեղի չունեցաւ: Քանի մը տողնոց լուրը հաղորդեց, որ հանդիպումը սկսած է: Վերջացած ըլլալուն մասին ալ բան չհաղորդուեցաւ… աւելի քան 5 ժամ ետք: Աւելին, օրակարգի վրայ կը մնայ Փրական, ուր կը նախատեսուի Փաշինեան-Էրտողան հանդիպում մը:
…Կրկնենք հարցումը. ի վերջոյ բան մը պիտի փոխուի՞, Հայաստանին ու հայութեան ի նպաստ գոնէ մանր շարժում մը ծայր պիտի առնէ՞, իշխանաւորներուն եւ զանոնք պաշտողներուն միտքերն ու աչքերը պիտի բացուի՞ն, թէ ապականած գետը նոյն թափով պիտի շարունակէ հոսքը: Յամենայնդէպս, լաւին յոյս կապելը մեղանչում չէ: Կը յուսանք երգել «Առաւօտ լուսոյ…»:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ