կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-02-05 22:55
Հասարակություն

«Չեմ ուզեր, որ մեր օրհներգը փոխուի». Կը գրեն Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի Զ. կարգի աշակերտները

«Չեմ ուզեր, որ մեր օրհներգը փոխուի». Կը գրեն Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի Զ. կարգի աշակերտները

Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի Զ. կարգի աշակերտները ունին իրենց անմեղունակ բայց եւ հետաքրքրական կարծիքները՝ Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգին փոփոխութեան մասին.

Չեմ ուզեր, որ Հայաստանի օրհներգը փոխուի, որովհետեւ ինծի կը յիշեցնէ հայոց ազատութիւնը:

Յարութ Համալեան

Չեմ ուզեր, որ մեր օրհներգը փոխուի, որովհետեւ 100 տարի է, որ այս օրհներգը ունինք եւ մեր պատմութիւնը կը յիշեցնէ, պէտք չունինք ուրիշ մը ունենալու:

Թիա-Մարիա

Չեմ ուզեր, որ մեր օրհներգը փոխուի, որովհետեւ այսքան տարի է, որ բոլոր հայերը այս օրհներգը կ“երգեն, եւ փոխելը՝ օրհներգին իմաստը կը կորսնցնէ:

Սիլվի Քուրթիւքեան

Չեմ ուզեր փոխուի օրհներգը, որովհետեւ 101 տարի ետք յանկարծ որոշեցին օրհներգը փոխել, մինչ այդ բոլոր հայերը գիտեն եւ շատ կը սիրեն զայն:

Սինթիա Մարսէլեան

Ես չեմ ուզեր, որ Հայաստանի օրհներգը փոխուի, որովհետեւ ան մեր պատմութիւնը կը պատմէ:

Թալին Պույիքեան

Չեմ ուզեր փոխուի մեր օրհներգը, որովհետեւ բոլոր հայերը գիտեն եւ կը յիշեն այս օրհներգը, եւ եթէ փոխենք՝ շատ տարբեր պիտի ըլլայ:

Նայիրի Ժուքաքելեան

Ես չեմ ուզեր, որ փոխուի մեր օրհներգը, որովհետեւ նոր օրհներգ սորվիլը դժուար պիտի ըլլայ. օրինակ՝ պիտի ստիպուինք սկիզբը թուղթեր բռնած երգել:

Վիգէն Քէչէճեան

Չեմ ուզեր փոխուի Հայաստանի օրհներգը, որովհետեւ շատ հին եւ արժէքաւոր երգ մըն է:

Նարեկ Վիտէլեան

Օրհներգին փոխուիլը չեմ ուզեր. 100 տարի եղաւ, որ կայ եւ եթէ փոխուի՝ հաւանաբար մոռնանք:

Թալին Իրատեան

Չեմ ուզեր փոխուի մեր օրհներգը, որովհետեւ բառերը կը ներկայացնեն հայ ժողովուրդին փափաքները:

Ճօ

Չեմ ուզեր, որ փոխուի մեր օրհներգը, որովհետեւ երկար ատենէ ի վեր ունինք եւ պէտք է պահենք զայն:

Աշոտ Գաթարոյեան

Ես չեմ ուզեր, որ փոխուի մեր օրհներգը, որովհետեւ տարիներէ ի վեր կ՚երգենք այս օրհներգը, անոր համար ալ պէտք է պահենք զայն:

Ալեք-Անն

horizonweekly