Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
«Դաշնակցութիւն ժողով արեց,
Շուն Թալէաթին մահ որոշեց,
Թեհլիրեանին բախտը բացուեց
Գինի լի՛ց, ընկե՛ր ջան…»
Երբ որեւէ հայ մտաբերէ կամ արտասանէ Սողոմոն Թեհլիրեան անունը, անոր միտքի հորիզոնին վրայ կը ծագի Թալէաթ Փաշա անունը, որովհետեւ Թեհլիրեանի անունը կապուած է Ցեղասպանութեան գլխաւոր հեղինակներէն մէկուն ահաբեկումին:
Թալէաթի մահապատիժի հեղինակին նուիրուած «Գինի լի՛ց» երգը, որ տասնամեակներէ ի վեր կը հնչէ իրերայաջորդ սերունդներու շուրթերէն, խորքին մէջ սեղմ պատմութիւնն է ոճիրին ու պատիժին: Իսկ պատմութիւնը ծանօթ է. Ս. Թեհլիրեան եղաւ առաջին բազուկը, որ գործադրութեան դրաւ հայութեան ծառայ եւ առաջնորդ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատժիչ որոշումներէն մէկը, Պերլինի մէջ օր ցերեկով գետին փռելով Իթթիհատի ոճրագործներու խմբակին պարագլուխը, 15 Մարտ 1921-ին:
Թեհլիրեան եւ անոր սերունդը ահաբեկիչներ էին, ո՛չ այն իմաստով, որ տարածուած է աշխարհով մէկ, երբ ահաւոր ոճիրներ կը գործուին անմեղներու դէմ եւ իրագործողներուն կը տրուի «ահաբեկիչ» որակումը: Հայ ահաբեկիչը ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վերջ, Արդարութեան պահանջատէր եւ եւ զինուոր, Թեհլիրեանի բառերով՝ մարդ կը սպաննէ, սակայն ոճրագործ մարդասպան չէ: Այս սերունդին արարքներուն տրուած՝ «Նեմեսիս» անունը պատահական չէր:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ «ՆԵՄԵՍԻՍ»Ը
Խորքին մէջ, Սողոմոն Թեհլիրեան մէկն էր այն փոքրաթիւ ընտրեալներէն, որոնք առաքելութիւնն ու պատիւը ունեցան պատժելու Ցեղասպանութեան հեղինակները:
Դաշնակցութիւնն ու անոր դրօշին տակ խմբուած ընտրեալները գործի անցան՝ պատմութենէն եկող սխրալի պատգամներ կրկնելու եւ բարեփոխելու յանձնառութեամբ: Եթէ Աւարայր գացողները Յազկերտին ըսած էին՝ «Քու սուրդ, մեր պարանոցը», հայ արդարահատոյցներ մարմնաւորեցին «Մեր սուրը եւ պետական ոճրագործներուն պարանոցը» սկզբունքը: Անոնք համոզուած էին, որ «Հայը կորչելու ազգ չէ ի սպառ»: Անոնց մէջ կ’եռար Մսրայ Մելիքի հարուածները ստացած Սասունցի Դաւիթի՝ «դեռ կենդանի եմ» բացագանչութիւնն ու Սուր Կէծակին Արդարութեան լծելու կամքը: Անոնք ներշնչուած էին անմահ Աբովեանի այն հպարտանքով, որ արտայայտուած էր «Վէրք Հայաստանի»ի յառաջաբանին մէջ, «Այդ որո՞ւ վրայ սուր կը բարձրացնէք, հայոց մեծ ազգը չէ՞ք ճանչնար» բացագանչութեամբ…
Հայկական ու միջազգային աշխարհները, 1915-ի Ապրիլէն սկսեալ ու յաջորդ տարիներուն, օրը օրին հետեւած էին իթթիհատական ոճրագործներու ծրագրած ՊԵՏԱԿԱՆ ՈՃԻՐՆԵՐՈՒՆ իրականցման: Տուած էինք աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն զոհ (այս թիւը երբեք ալ չի կրնար նսեմացնել Սուլթան Համիտի օրերէն սկսեալ ու քեմալական Թուրքիոյ մէջ շարունակուած ջարդերուն եւ հալածանքներուն զոհերուն թիւը. անշուշտ կրնանք երթալ Համիտէն ալ առաջ), կորսնցուցած՝ մեր պատմական հայրենիքին մեծագոյն բաժինը՝ Արեւմտեան Հայաստանն ու Կիլիկիան, իսկ փրկուողները ցրիւ եկած էին աշխարհով մէկ, հետեւանքները ի զօրու են մինչեւ այսօր: Աշխարհին համար այդ օրերուն իսկ յստակ էր, թէ ինչպիսի՜ տարողութեամբ ոճիր մը տեղի կ’ունենար, կազմակերպուած՝ պետութեան մը կողմէ, գործադրուած՝ պետական մարդոց եւ պետութեան հովանին վայելող համակարգերու ձեռքերով, մասնակցութեամբ ժողովուրդին:
Պատերազմ էր, բաւարար պատրուակ՝ որ աշխարհը չկարենար միջամտել ու կասեցնել սպանդը (երէկ, աշխարհը նոյն լռութիւնը պահեց 44-օրեայ պատերազմին, երբ աշխարհամարտ չկար…):
Երբ Ա. Աշխարհամարտը վերջ գտաւ ու հաշուեփակի գործողութիւնները ընթացք առին, սուլթանական Թուրքիան շարունակող՝ Իթթիհատական կառավարութիւնը հաշուետուութեան կանչուեցաւ: Ոճիրին ծալքերը բաց էին. Ցեղասպանութեան պատասխանատուները դատարան կանչուեցան եւ անոնց դէմ մահավճիռ արձակուեցաւ: Եթէ առաջին մահապատիժները արձակուած էին շատ աւելի կանուխ, պատերազմի սկզբնական շրջանին, Դաշնակիցներուն կազմած ատեանին որոշումով, պատերազմէն ետք, 1919-ին եւ 1920-ին, մահապատիժ արձակողներն էին թրքական զինուորական ատեան մը, ապա նաեւ Իթթիհատի կառավարութեան յաջորդ թրքական կառավարութիւնը: Այդ օրերուն նոր հրապարակ եկած Մուսթաֆա Քեմալն ալ ինքզինք դասեց դատապարտողներուն ցանկին, թէեւ չբարեփոխեց ոճրայինվարքագիղը: Այս բոլորը փաստագրուած են պատմութեան անյեղլի տոմարներուն մէջ:
Մահապատիժ արձակելը՝ աղէկ, բայց պէտք էր նաեւ զայն գործադրել: Ոճրագործները մնացին անպատիժ՝ մէկէ աւելի պատճառներով: Նախ, անոնք յաջողած էին կծիկը դնել եւ ապաստանիլ այլ երկիրներ՝ Եւրոպա, Ռուսիա եւ Կեդրոնական Ասիա: Թուրքիոյ դէմ պատերազմող դաշնակիցները գործնապէս մատը մատին չզարկին, որովհետեւ տարուած էին Օսմանեան կայսրութեան մնացորդը բաժնեկցելու, միաժամանակ՝ Թուրքիոյ նոր իշխանութիւնը սիրաշահելու մրցակցութիւններով: Ուրեմն, մահապատիժները մնացին դարակներու մէջ, իրողապէս մատնուեցան մոռացութեան:
Հայութեան դիմաց կը մնար երկընտրանք մը. մատնուիլ ձեռնածալութեան եւ անյուսութեան, կամ ալ «սեփական եղունգով քերել գլուխը»: Եւ ահա, ինչպէս որ «Մեծ Մարդասպան»ին դէմ տասնամեակներ առաջ «առիւծի նման ոտքի կանգնած էին ճան ֆետայիներ»ը, առաջնորդութեամբ Հայկական Յեղափոխութեան առաջատար դրօշակիր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, նոյնպէս ալ հայութիւնը որոշեց իր ձեռքով հետապնդել իր արդար դատը, պատիժի ենթարկել Ցեղասպան Վոհմակը, նոյնինքն Դաշնակցութեան որոշումով:
Հ.Յ.Դ. Գերագոյն ժողովը, 1919-ին, որոշեց գործի անցնիլ եւ հայու ձեռքով պատժել ոճրագործները: Դաշնակցութիւնը մահապատիժ սահմանեց իթթիհատական խունթային դէմ: Ծնունդ առաւ «Նեմեսիս» գործողութիւնը, որուն կազմակեպումն ու իրականացումը վստահուեցաւ խումբ մը ֆետայիներու եւ քաղաքական գործիչներու, մտաւորականներու:
Այդ օրերու պայմանները բնականաբար տարբեր էին մեր այսօրուան պայմաններէն: Եթէ Թուրքիայէն փախուստ տուած ու հոս-հոն ապաստանած ոճրագործներուն հետքը պէտք էր գտնել, ատիկա կը կարօտէր աներեւակայելիօրէն դժուար աշխատանքի, բացարձակ գաղնապահութեան, որպէսզի որսը չարթննայ եւ չխուսափի վճիռէն, նաեւ՝ ի մտի ունենալ, թէ ո՛չ մէկ երկիր պիտի ուզէր, որ իր հողին վրայ կատարուէր նման պատժիչ գործողութիւն մը…:
«Նեմեսիս»ի կազմակերպման պարտականութիւնը ինկաւ բուռ մը քաջերու ուսերուն: Անոնք կը կոչուէին Արմէն Գարօ, Շահան Նաթալի, Գրիգոր Մերճանոֆ, Լիպարիտ Նազարեան, Հրաչ Փափազեան, Սողոմոն Թեհլիրեան, Արշաւիր Շիրակեան, Արամ Երկանեան, Միսակ Թորլաքեան, Ստեփան Ծաղիկեան եւ ուրիշներ: Աշխատանքը ունէր հետախուզական՝ հետք գտնելու եւ պրպտումի-հետապնդումի բաժին մը, որուն պիտի հետեւէր մահապատիժին գործադրութիւնը: Մահապարտներն էին Թալէաթ, Էնվէր, Սայիտ Հալիմ, Ճեմալ, Նազըմ, Պեհաէտտին Շաքիր եւ վոհմակին միւս անդամները:
Մահապատիժներուն գործադրութիւնը սկսաւ պարագլուխ Թալէաթի «գլուխը ուտելով»: Երկարատեւ պրպտումներէ ետք, Թալէաթի հետքը գտնուեցաւ Պերլինի մէջ, Ս. Թեհլիրեանի ցուցմունք տրուեցաւ երթալ Գերմանիոյ մայրաքաղաքը եւ կատարել ստուգում, իրականացնել մահապատիժը: Ան Պերլին հասաւ Դեկտեմբեր 1920-ին եւ մօտաւորապէս 3 ամիսներու հետապնդումէ եւ նախապատրասութենէ ետք, զգետնեց Թալէաթը: Միւս ոճրագործներուն մահապատիժները, արձակուած՝ նմանապէս Դաշնակցութեան կողմէ, իրականացան յաջորդաբար, այլ ոստաններու մէջ:
Այսօր ալ հոգիներ խռովող ու կամք խրախուսող էջեր են Թելիրեանի եւ միւս արդարահատոյցներուն՝ Շիրակեանի եւ Թորլաքեանի յուշերը, որոնք արձանագրուեցան տասնամեակներ ետք, ցոլացնելու համար իրենց համեստութիւնն ու ազգին զինուորը ըլլալու գիտակցութիւնը: Եթէ պահ մը առանձնացնենք Թալէաթը մէկ փափմուշտով զգետնած՝ Թեհլիրեանի պատմածը, կը զգանք, որ ան իր ատրճանակը կրակած է Թաթուլ Վանանդեցիին ինքնավստահութեամբ. «Եթէ հարուածը իմս է, չ’ապրիր…»
«ԿՏԱԿ»ԻՆ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՄԸ՝ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄՈՎ
Սողոմոն Թեհլիրեանի արարքը կրնայ դասուիլ անձնական վրիժառութեան ցանկին, սակայն միայն այդ չէր: Ան Ցեղասպանութեան զոհ տուած էր իր ընտանիքին գրեթէ բոլոր անդամները, ուրեմն, կրնար կրնայ դիտուիլ իբրեւ անոնց վրէժը առնողը: Սակայն այդպէս չէ: Ան, նահատակուած Թեհլիրեան ընտանիքի մէկ ներկայացուցիչը ըլլալով հանդերձ, պատժող ձեռքն էր Հայ ժողովուրդին, որուն դատին պաշտպանութեան դրօշը պարզած էր Դաշնակցութիւնը՝ բոլոր արդարատենչ ֆետայիներն ու ազատամարտիկները իր շուրջ համախմբելով աւելի քան երեք տասնամեակ առաջ:
Աւելի՛ն, անոր հրահանգուած էր փախուստ չտալ մահապատիժը գործադրելէ ետք, այլ դառնալ այն խորհրդանիշը, որ դատուելով՝ դատարան պիտի տանէր ոճրագործ պետութիւնն ու անոր ղեկավարները: Այդպէս ալ եղաւ: Ս. Թեհլիրեանի դատավարութիւնը օրին ստեղծեց միջազգային այն արձագանգը, որ կը սպասուէր մահապատիժը արձակողին կողմէ…: Արդիւնքը եղաւ կրկնակիօրէն դրական. Թուրքիոյ դաշնակից Գերմանիոյ դատական ատեանը անպարտ հռչակեց Թեհլիրեանը, անոր ձեռքը նկատելով Արդարութեան գործիք մը: Խորքին մէջ, Թեհլիրեանի արարքը, դատավարութիւնն ու անպարտ արձակումը վիպական շատ բան ունին, թէեւ լիովին իրականութիւն է: Եւ պատահական չէ, որ ռահվիրայի անոր դերը ներշնչման աղբիւր եղաւ գրողներու եւ ժապաւէնի արտադրիչներու, նաեւ, տասնամեակներ ետք՝ հայկական «Նեմեսիս»ը վերստին արթնցնողներուն, նոյնինքն Արցախեան Պայքարին ու թուրք-ազերիներուն դէմ արդար յաղթանակները կերտողներուն…
Ս. Թեհլիրեանի եւ վիճակակիցներու արարքները՝ հայկական «Նեմեսիս»ը բազմաթիւ անջնջելի ու անժամանցելի պատգամներ թողուց յաջորդ սերունդներուն, որոնք ո՛չ միայն երգ հիւսեցին անոնց մասին, այլ սորվեցան, որ հայը ունի իր արդար իրաւունքները հետապնդելու իրաւունքն ու կարողութիւնը, իր Դատին տիրութիւն ընող կուսակցութիւն մը եւ անոր նուիրեալ զինուորները: Այսօր տարբեր չէ:
Ցեղասպանութենէն փրկուած հայ սերունդը սովորաբար կը բնորոշուի իբրեւ խլեակ, այսինքն՝ վիզը ծուռ, տկար ու անողնայար էակ: Թեհլիրեաններու արդարահատոյց արարքները պատճառ դարձան, որ Հայը շտկէ իր կռնակը, բարձրացնէ ճակատը եւ նախ ինքն իրեն համար յայտարարէ, որ ահաւոր ոճիր մը չի կրնար անպատիժ մնալ, մոռացութեան դարակը ձգուիլ: Դաշնակցութեան այդ աննման զինուորները գիտակցութիւն ու հպարտութիւն վերականգնեցին մասնաւորաբար սփիւռքացած զանգուածին մէջ, որ անդրադարձաւ, զգաց, թէ անտէր ու թողլքուած-մոռցուած հաւաքականութիւն չէ, այլ ունի առաջնորդող, տիրութիւն ընող սերունդ մը, իր պահանջներն ու իրաւունքը մարմնաւորող, անոնց ծառայութեան լծուած կուսակցութիւն մը: Եւ ո՛չ մէկ կասկած, որ «Նեմեսիս»ը մէկ լրացուցիչն էր Ցեղասպանութեան օրերուն կազմակերպուած մեր հերոսամարտերուն, մեծ մասամբ կազմակերպուած նո՛յն Դաշնակցութեան կողմէ, սրբագործուած՝ բազում ֆետայիներու արիւնով:
«Նեմեսիս»ը, ինչպէս նշեցինք, իրականացաւ Դաշնակցութեան որոշումով, կազմակերպուեցաւ ու գործադրուեցաւ անոր յանդուգն ազատամարտիկներուն կողմէ, սակայն անոր արդիւնքը լոկ Դաշնակցութեան սեփականութիւնն ու պարծանքը չէ, այլ, մեր բոլոր անձնուէր հերոսներու սխրանքներուն պէս՝ անիկա կը պատկանին ՈՂՋ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ: Ու պատահական չէ, որ նոյնինքն Մարտ 1921-ին, հայկական բոլոր կուսակցութիւններուն մամուլը միաձայն գոհունակութեամբ ողջունեցին Թեհլիրեանի իրագործումը, հայութեան բոլոր հոսանքները հազիւ 25-ամեայ երիտասարդը հաւասարապէս նկատեցին իրենցը, իսկ ամբողջ Հայ ժողովուրդը զայն ու սերնդակիցները որդեգրեց իբրեւ իր հարազատ զաւակները: Թեհլիրեան, Շիրակեան եւ միւս արդարահատոյցները կը պատկանին ամբողջ հայութեան, ներշնչման աղբիւր են ու փարոս՝ մեր բոլոր սերունդներուն, Հայաստանի, Արցախի թէ Սփիւռքի չորս ծագերուն:
Սողոմոն Թեհլիրեան եւ «Նեմեսիս» առաքելութեան լծուած սերունդը պատահականօրէն համախմբուած անհատներ չէին, այլ անոնք ունէին մարտական անցեալ:
Ս. Թեհլիրեան մասնակցած էր հայեր ջարդող թուրքերուն դէմ ֆետայական կռիւներու, մէկ բջիջն էր այդ փաղանգը կազմող ֆետայիներու բանակին, որոնցմէ շատեր անուանի են, ուրիշներ կը կանգնին «անծանօթ զինուորներու» շարքին: աւարտէն ետք, ան պատժողի իր «կրակի մկրտութիւնը» ստացած էր Պոլսոյ մէջ, իթթիհատական ոճրագործներուն դէմ Դաշնակցութեան արձակած մահապատիժէն առաջ, երբ քաղաքին կուսակցական գերագոյն մարմինին որոշումով, գնդակահարած էր ՀԱՅ ԴԱՒԱՃԱՆ մը, որ կը կոչուէր Յարութիւն Մկրտիչեան (խաֆիէ Արթին): Սա մէկն էր այն սեւ-հոգի հայերէն, որոնք ծառայութիւն մատուցած էին թուրք ցեղասպաններուն: Խաֆիէ Արթին Թալէաթին ներկայացուցած էր անուանացանկը աւելի քան 250 հայ մտաւորականներու եւ երեւելի դէմքերու, որոնք զոհ գացին Ապրիլեան Եղեռնին: Թեհլիրեանի նման, Ա. Շիրակեան եւս «Նեմեսիս»էն առաջ մահապատիժի ենթարկած էր դաւաճան ու կրօնափոխ հայ մը՝ Վահէ Իհսան: Նոյն մկրտութենէն անցած էր նաեւ Արամ Երկանեան: Այդ արարքները ցոյց տուած էին, որ Դաշնակցութիւնը, իբրեւ Հայ ժողովուրդի կամքին հարազատ արտայայտիչը, չի կրնար ներել հայութեան դէմ ոճիր գործողին, ո՛չ ալ ազգուրաց հայանուն դաւաճաններուն: Այս կամքը մարմին ստացած էր Թուրքիոյ ու Կովկասի մէջ, նա՛եւ Ցեղասպանութենէն առաջ, նոյն կամքը ի զօրու է այսօր եւս:
Իսկ ի՞նչ կեանք ունեցան այդ արդարահատոյցները՝ սխրանքներէն ետք:
Մեր ժողովուրդը պաշտամունքի առարկայ դարձուց զանոնք, իսկ իրենք ալ արժանի մնացին իրենց կոչումին: Իւրաքանչիւրը իր ճակտի քրտինքով կերտեց իր սեփական կեանքը, շարունակեց կուսակցութեան ու անոր ճամբով ծառայել հայութեան ու Հայաստանին: Նախընտրեցին հեռու մնալ լուսարձակներէ եւ փառաբանանքէ, մինչեւ իսկ խոգսափեցան խօսելէ-պատմելէ իրենց արարքներուն մասին…: Ո՛չ մէկը փորձ ըրաւ դիրք կամ պատուանդան գրաւելու, այլ գործեց համեստօրէն, լուսարձակներէ հեռու, ինչպէս իրենցմէ կը սպասէր «Նեմեսիս»ը կազմակերպող կուսակցութիւնը: Բնականաբար անոնք ունեցան իրենց յարգանքի արժանի տեղն ու խօսքը:
Ս. Թեհլիրեանի կեանքը եղաւ երկար թափառումներու շրջան մը. անոր ու ընտանիքին յաջորդական բնակավայրերը եղան Միացեալ Նահանգներ, Սերպիա, Մարոք (Քազապլանքա), Փարիզ եւ դարձեալ Միացեալ Նահանգներ (Սան Ֆրանսիսքօ):
Կեանքը կնքեց 1960-ին, երբ միայն 64 տարեկան էր: Թաղուած է Ֆրեզնոյի մէջ, ուր քանի մը տարի ետք կանգնեցաւ իր արարքը խորհրդանշող յուակոթող մը, դարձաւ նոր ժամանակներու ուխտավայր: Կարելի է իր մասին արձանագրել բառեր՝ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի «Քաջորդւոյն թաղումը» քերթուածին հետեւողութեամբ. «Ո՜վ երիտասարդ. ազգիդ համար պայքարեցար, դուն շա՛տ ապրեցար»:
Փաստօրէն, Ս. Թեհլիրեան եւ իր սերունդը մեզի հետ են այսօր, կը շարունակեն ապրիլ ու վերապրիլ իւրաքանչիւր սերունդի սրտին, հոգիին ու պահանջատիրական կամքին մէջ: Անոնք պիտի ապրին, այնքան ատեն որ կ’ապրի Հայ ժողովուրդը: Ա. Շիրակեանի բառերով՝ անոնք հաւատարիմ կտակարարներն էին մեր միլիոնաւոր նահատակներուն, իրենց կարգին անջնջելի կտակներ թողած են մեզի, կտակներ՝ որոնք եթէ երէկ հաւատարիմ գործադրողներ ունեցան վերանորոգուած «Նեմեսիս»ի օրերուն ու Արցախեան Պայքարին, այսօր եւս, անոնց կտակը նոյն հնչեղութեամբ կը հասնի ազգին ու ազգային գաղափարախօսութեան հաւատարիմ բոլոր հայերուն, որոնք հող ու զինուոր կորսնցուցին 44-օրեայ պատերազմին ու անկէ առաջ: Անջնջելի է մանաւանդ Ցեղասպանին հետնորդներն ու թշնամիին տուրք տուողները հաշուետուութեան կանչելու, արդար պատիժի ենթարկելու անոնց կտակը:
Ու եթէ սկզբնապէս նոյնինքն թուրքերու կողմէ մեղադրուած ու դատապարտուած Թալէաթները օր մըն ալ «յարութիւն» առին իրենց համաթուրանականութեան ժառանգորդ՝ նոր ոճրագործներու երկրին մէջ, հռչակուեցան «ազգային հերոս» (նոյնը կ’ընէ մեծ ոճրագործին կրտսեր եղբայրը՝ Ազրպէյճան՝ հայեր մորթոտող ի՛ր ոճրագործ զաւակներուն համար), հայութեան առաքելութեան մաս կը կազմէ ո՛չ միայն հաւատարիմ մնալ արդար հատուցման Թեհլիրեաններու կտակին, այլ նաեւ հայկական «Նեմեսիս»ը իրականացնողներուն արժանի կոթողները կանգնեցնել Հայաստանի քաղաքներու կեդրոնական վայրերուն մէջ (ցարդ կանգնած յուշարձանները լուսանցքայնացուած են), որպէսզի Երեւանի Պանդէոնը այցելող նոր սերունդները նաեւ տեսնեն ու հասկնան, թէ որո՞նց մասին կ’երգէ այնքան սիրուած ու տարածուած՝ «Գինի լի՛ց»ը, թէ ի՞նչ պէտք է հասկնայ անոր իւրաքանչիւր տունին նախադասութիւններէն: Դաշնակցական թէ իւրաքանչիւր հայ՝ խորապէս ըմբռնեն, որ Թեհլիրեանները անջնջելի եւ անժամանցելի պատգամներ ունին բոլորիս, իսկ մենք կոչուած ենք դառնալու անոնց կտակին հաւատարմատարները:
hairenikweekly.com