Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ինը օրուան սկաուտական յայտագիրներէ, մրցանքներէ, մշակութային ճոխ առօրեայէ եւ բանակավայրէն դուրս կատարուած այցելութիւններէ ետք, Շաբաթ, 29 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 6-ին, Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» բանակավայրին մէջ իր աշխատանքները աւարտեց համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 12-րդ բանակումը, յիշատակելի նոր էջ մը աւելցնելով 105-ամեայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի արդի պատմութեան մէջ։
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 12-րդ բանակումին փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը կատարուեցաւ ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեանի, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբայրներ Վիգէն Աւագեանի, Օշին Փիրումեանի, Դաւիթ Յակոբեանի, Արմանտ Քիլիճեանի, Ֆէտի Խաժակ Գազանճեանի եւ քոյր Թալին Օրտողլեանի։
Իրենց ներկայութեամբ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումի փակման արարողութիւնը պատուեցին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիգրան Պապիկեան, Իրանի Հայ Մշակութային «Արարատ» Կազմակերպութեան ատենապետ Սոֆի Ջաղարբէկեան, Հ.Օ.Մ.-ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Մարօ Քէշիշեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ եղբայրներ Բագրատ Եսայեան եւ Իշխան Եղիայեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի ընտանեկան պարագաներ, ազգային բարերար Գաբրիէլ Չէմպէրճեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի բարեկամներ եւ արտասահմանէն ժամանած մեծաթիւ ծնողներ։
Փակման արարողութիւնը ընթացք առաւ Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն կատարողութեամբ եւ բանակումի հերթապահ Արամ Գայսէրեանի ողջոյնի կարճ խօսքով։
Փակման արարողութեան առաջին խօսքը արտասանեց ընդհանուր խմբապետ Պօղոս Մահպուպեան։ Ան արժեւորումը կատարեց բանակումին իննօրեայ աշխատանքներուն եւ նշեց, որ այսուհետեւ բանակումին մասնակիցները կը պարտաւորուին իրենց յիշատակները եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վեհ նպատակը տարածել իրենց շրջաններուն մէջ:
Իր խօսքը բանակող սկաուտներուն ուղղելով, Պօղոս Մահպուհեան ըսաւ. «Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նպատակին անմար ջահը այս պահէն սկսեալ ձեզի կը փոխանցենք, որպէսզի ձեր կարգին շարունակէք երթը եւ զայն փոխանցէք յաջորդող սերունդներուն: Կը խորհինք թէ պիտի դառնաք արժանի յանձնառուները ձեզի տրուած այս իրաւունքին: Շարունակեցէ՛ք երթը ձեր անձնական երազները իրականացնելով, եւ թող Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական դաւանանքը դառնայ ձեր մշտական ուղեցոյցը»:
Իբրեւ վերջին հրահանգ, Պօղոս Մահպուպեան թելադրեց. «Խստօրէն արգիլուած է ձեր եռանդը կորսնցել։ Մի՛ վախնաք մեծ երազելէ։ Երազելը շատ լաւ բան է։ Սակայն պէտք է զգուշանալ, որովհետեւ… երբեմն-երբեմն երազները կրնան իրականանալ»:
Այս առիթով կատարուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական բարձրագոյն կարգի տուչութիւն 34 քոյր-եղբայրներու, որոնք անցնող երկուքուկէս տարիներուն առցանց դասախօսութիւններով, ապա՝ բանակումի ընթացքին մէկ օրուան վրայ երկարած յատուկ հանդիպումով տիրացան «Արարատեան» կարգի գիտելիքներուն, մշակեցին եւ գործադրեցին սկաուտական ծրագիրներ եւ ի վերջոյ արժանացան իրենց աշխատանքին արդար արգասիքը նկատուող «Արարատեան» կարգի փողկապին եւ մետալին, զորս փակման արարողութեան ընթացքին ստացան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբայրներու կողմէ։
Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի խօսքը փոխանցեց վարչութեան ատենապետ քոյր Սանտրա Վարդանեան։ Ան նշեց, որ ընկալեալ սովորութիւն է եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բարձր գիտակցութեան դրսեւորում է կրկնել, թէ միութենական աշխատանքի համար պէտք չէ շնորհակալութիւն յայտնել, բայց ես կը փափաքիմ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնել այն բոլոր Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներուն, որոնք իրենց պարտականութեան բարձր գիտակցութեամբ, ամիսներ շարունակ եւ բանակումի ընթացքին, աշխատեցան Հայրենիքի եւ Արցախի այս չափազանց բարդ պայմաններուն մէջ կազմակերպելու եւ իրականութիւն դարձնելու համար համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 12-րդ բանակումը։
Շարունակելով, քոյր Սանտրա Վարդանեան շնորհակալութիւն յայտնեց այն եզակի համախմբումին համար, որ կրնայ ապահովել միայն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նման համաշխարհային կազմակերպութիւն մը, եւ որուն շնորհիւ մենք՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներս անգամ մը եւս փաստեցինք, որ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը ո՛չ մէկ իրավիճակ եւ ո՛չ մէկ իշխանութիւն կրնայ սասանել։ Մենք՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներս, ինչպէս բանակումին կարգախօսը կը յուշէ, խրոխտ ենք, խիզախ ենք եւ միշ՛տ պատրաստ դիմագրաւելու մարտահրաւէրները ու խնդիրները, աւելի մեծ եւ կարեւոր նպատակներու իրագործման ճամբուն վրայ։
Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի ատենապետը մաղթեց, որ բանակողները Հայրենիքէն իրենց հետ տանին նոր լիցքեր, եռանդ ու խինդ, աւելի մեծ նուիրումով կատարելու Հ.Մ.Ը.Մ.-ականի իրենց պարտականութիւնները։ «Կը փափաքիմ դարձեալ յիշեցնել, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Արցախի ներկայացուցիչը իր շրջապատին մէջ՝ կոտրելով այն լռութիւնը, որ որդեգրուած է, բարձրաձայնելու այն խնդիրները, որոնք այս պահուն կը դիմագրաւեն մեր քոյրերն ու եղբայրները Արցախի մէջ եւ անդրադառնալու այն բոլորին, ինչ որ կը կատարուի մեր հայրենիքին շուրջ», հաստատեց քոյր Սանտրա Վարդանեան։
Փակման արարողութիւնը ընդգրկեց յուշանուէրներու բաշխում՝ քանի մը հանգրուանով։ Նախ, բանակումին նշանակով յուշանուէրներ յանձնուեցան բանակումի օժանդակ մարմինի անդամներուն եւ բժշկական անձնակազմին։ Ապա, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը յուշանուէրներու փոխանակում կատարեց մասնակից պատուիրակութիւններու խմբապետներուն հետ։ Իսկ երրորդ հանգրուանով, Կեդրոնական Վարչութիւնը յուշանուէրներ յանձնեց բանակումի գործադիր մարմինի եւ խմբապետական կազմի անդամներուն եւ փակման արարողութեան ներկայ հիւրերուն։
Խօսք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան սկաուտականի ներկայացուցիչ Ֆէտի Խաժակ Գազանճեան եւ բանակումի իննօրեայ յայտագիրները ներկայացնելով յայտնեց, որ «Այս բոլորը կատարուեցան եւ պիտի շարունակուին կատարուիլ համա Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մեծ ջանքով եւ շրջաններու հսկայական ճիգով, մէկ հիմնական նպատակ ունենալով՝ մեր մէջ միշտ վառ պահել հայու ոգին, հայութեան պատկանելիութիւնը, հայ մշակոյթը, հայ լեզուն եւ հայութեան եւ հայրենիքին համար զոհուած տղոց յիշատակը»:
Գազանճեան յատուկ կերպով յիշեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արցախի սկաուտները, որոնք թշնամական պաշարումի պատճառով զրկուեցան բանակումի մասնակցութեան իրաւունքէն։ Ան ըսաւ. «Արցախի՛ սկաուտներ, դուք մեր առօրեայ հանդիպումներուն, աշխատանքներուն, խարուկահանդէսներուն ընթացքին հոգիով ու սրտով մեզի հետ էիք, յոյսով ենք, որ յառաջիկայ ծրագիրներուն անպայման կը միանանք ֆիզիքապէս»։ Գազանճեան գնահատեց նաեւ բանակումի յաջողութեան համար Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի ի գործ դրած ճիգերը եւ դրուատիքի խօսքեր արտասանեց բանակողներուն, որոնք կարողացան շաղուիլ յատուկ խնամքի կարօտ «Հրաշք» պատանի եւ երիտասարդ տղոց ու աղջիկներուն հետ, ստեղծել ընկերային մթնոլորտ եւ սկաուտական ոգիով գործակցիլ միասնաբար։
Ապա, Գազանճեան շնորհակալութիւն յայտնեց բանակումի յաջողութեան նպաստած խմբապետական կազմին եւ գործադիր մարմնի խմբապետներուն, որոնք «աշխատեցան եւ ծառայեցին անխնայ, բանակումի ընթացքին ստեղծեցին ամուր շղթայ մը, զոր երբեք կարելի չէր կոտրել՝ ի պատիւ իրենց մէջ տիրող համագործակցութեան ոգիին. անոնք ի սպաս դրին իրենց բոլոր գիտելիքները եւ փորձառութիւնները, զորս ստացած էին իրենց շրջաններէն եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 12րդ բանակումը յաջողցուցին եւ յաջողեցան»։
Փակման արարողութեան եզրափակիչ պատգամը փոխանցեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան։
Պատգամին սկիզբը Նաճարեան նշեց, որ «Փակման այս արարողութիւնը պարզապէս հրաժեշտ չէ, այլ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի աշխարհասփիւռ համակիրներուն համար վկայութիւն է, հաստատում է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հանդէպ ցուցաբերուող ազգային միասնութեան եւ հաւատքին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի աշխատանքներուն հանդէպ մեծ վստահութեան՝ Հայրենիքի, Արցախի թէ Սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ»:
Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց բանակումի խմբապետական կազմին, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի վարչութեան, բանակումի օժանդակ անձնակազմին, սկաուտական «Արարատեան» կարգի կազմակերպիչ կորիզին եւ բանակումի մասնակից շրջաններու պատուիրակութիւններու պատասխանատուներուն, որոնց բոլորին միասնական եւ հսկայական ճիգերով կարելի եղաւ սկաուտական եւ միութենական այս մեծ իրագործումը կատարել։ Եղբ. Վաչէ Նաճարեան չմոռցաւ յիշելու նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արցախի սկաուտները, անոնք՝ որոնք «իրենց գոյատեւումով օրինակ են մեր բոլորին եւ կը շարունակեն արժեւորել պայքարի խորհուրդը եւ ազատ, անկախ ու ամբողջական Հայաստանի մեր յաւերժական տեսլականը»։
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ բանակումին ընդհանուր գնահատումը կատարելով, Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը յայտնեց, որ «Հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն, երբ կը կանգնինք այստեղ, Հ.Մ.Ը.Մ. կը փաստէ, որ աւելի քան պարզ կազմակերպութիւն մըն է։ Հ.Մ.Ը.Մ. ունի 105 տարուան ժառանգութիւն եւ կը շարունակէ զօրանալ անցնող իւրաքանչիւր օրուան ընթացքին։ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 12-րդ բանակումը վկայութիւնն է ապագայ հայ տիպար քաղաքացիներ պատրաստելու, յաջող ղեկավարներ դաստիարակելու, տարբեր գաղութներու միջեւ կամուրջներ կառուցելու եւ Սփիւռքը Հայրենիքին կապելու ու մանաւանդ՝ հայկական իրականութեան մէջ հպարտութեան զգացում սերմանելու աշխատանքին»:
Շարունակելով, Վաչէ Նաճարեան նշեց. «Թող այս բանակումը ծառայէ իբրեւ փարոս՝ լուսաւորելու գալիք սերունդներու ճանապարհը: Երբ վերադառնաք ձեր երկիրները, ձեզի հետ տարէք այստեղ ձեռք բերած փորձառութիւնները, բարեկամութիւնները եւ սորված միութենական արժէքները: Ձեր դերը՝ իբրեւ մասնակից այս բանակումին, կ՚երթայ այս բանակավայրի սահմաններէն անդին։ Եղէք մեր ազգի պատմութեան յաջորդ էջին դրական փոփոխութիւններուն կորիզը՝ միշտ օգնելով ուրիշին, բարձրանալով եւ բարձրացնելով: Ձեր դաստիարկութենէն մեկնած՝ օրինակ եղէք, ձեր քաջութեամբ, նուիրուածութեամբ եւ յարատեւող ոգիով։ Աշխարհը թող ականատեսը ըլլայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը բնորոշող միասնութեան ուժին, որովհետեւ միասնաբար, իբրեւ կամաւոր բանակ, կրնանք յաղթահարել ամէն խոչընդոտ եւ այդ ուժը դնենք ի սպաս մեր ազգի յարատեւութեան, որպէսզի ան յաղթական դուրս գայ իրեն սպառնացող բոլոր մարտահրաւէրներէն»:
Հուսկ, Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը իր պատգամը եզրափակեց ըսելով. «Թող Հ.Մ.Ը.Մ.-ի բոցը յաւիտեան վառ այրի ձեր սրտերուն մէջ։ Վարձքը կատար բոլորին եւ մեր ժամադրութիւնը չորս տարի ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի երկրորդ հարիւրամեակի երկրորդ բանակումին»։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին պատգամէն ետք, երեկոյեան ժամը 7.30-ին, բանակումին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի քայլերգներով վար առնուեցան բանակավայրին մէջ ինը օրը ծածանած դրօշակները։ Ըստ ընդունուած կարգի, երկիրներու դրօշակները յանձնուեցան բանակումի հերթապահ Արամ Գայսէրեանին, իսկ բանակումին դրօշակը՝ բանակումի ընդհանուր խմբապետ Պօղոս Մահպուպեանին։
Փակման պաշտօնական արարողութեան յաջորդեց ազգագրական-տոհմիկ երգերու համերգ՝ կատարողութամբ երգիչ Ներսիկ Իսպիրեանի։ Համերգը աւարտեցաւ ազգային-յեղափոխական երգերով եւ հայութեան «խրոխտ, խիզախ եւ միշտ պատրաստ» կամաւոր բանակը մնալու յանձնառութեամբ։