Փոխարժեքներ
21 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Լիբանանեան ազգային կուսակցութիւններու եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու համախմբումին համակարգող խորհուրդը, որուն մաս կը կազմէ ՀՅԴ-ն, եւ համախմբումին մէջ անոր ներկայացուցիչը` Պարոյր Տէր Ղուկասեան կը վարէ փոխատենապետի պաշտօնը, երէկ իր ընթացիկ նիստը գումարեց «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ:
Ներկայ գտնուեցան Հըզպալլայի, Ամալ շարժումի, Ղովմի կուսակցութեան, Պաաս կուսակցութեան, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան եւ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչները:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Արցախի իրավիճակը:
Նիստէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Արցախի դէմ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ գործուած վայրագ յարձակումը, ինչպէս նաեւ այդ յարձակումը կանխող ամիսներու շրջափակումը խստիւ դատապարտելի են: «Արցախի շրջափակումին ու ազրպէյճանական ուժերու ներխուժումին, գործադրած սպանդներուն եւ ոճրային արարքներուն պատճառով է, որ Արցախի հայութիւնը բռնի տեղահանումի ենթարկուեցաւ իր բնօրրանէն», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Համախմբումը ահաւոր նկատեց այս իմաստով ցուցաբերուած միջազգային լռութիւնը, որուն պատճառով արձանագրուեցաւ ժողովրդագրական փոփոխութիւն մը, որ մերժելի է: «Այս լռութիւնը դարձեալ ամօթի կնիք մըն է, որ կ՛աւելնայ միջազգային ընտանիքին հասցէին: Միջազգային հասարակութիւնը, որ ծանօթ է դահիճին եւ անիրաւող կողմին շահերուն զօրակցելու իր կեցուածքներով, ինչպէս է պարագան պաղեստինցիներուն», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Համախմբումը շեշտեց նաեւ, որ զարմանալի չէ այն իրականութիւնը, թէ սիոնական գոյացութիւնը զօրակցած է ազրպէյճանական իշխանութիւններուն: «Այս մէկը փաստ է, թէ աշխարհի վրայ չկայ ոճիր մը, որուն մէջ սիոնականները մեծ դերակատարութիւն չունենան, երբ անոնք կը շարունակեն մարդկութեան արդի պատմութեան ընթացքին ոտնձգութիւններ գործել այլոց հողերուն դէմ, բռնի տեղահանումի ենթարկել ու սպաննել պաղեստինցիները եւ պղծել անոնց սրբութիւնները», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Համախմբումը դատապարտեց հայ-ազրպէյճանական տագնապին մէջ սիոնական գոյացութեան ուղղակի միջամուխ դառնալու իրականութիւնը, որ ոճրային դաշինք կը նկատուի եւ կոպիտ միջամտութիւն` այլ ժողովուրդներու ներքին հարցերուն:
Միւս կողմէ, համախմբումը հաստատեց իր մերժումը Այն Աարի ազրպէյճանական դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցած Արցախի զօրակցութեան ցոյցին ընթացքին լիբանանեան ապահովութեան ուժերուն կողմէ խաղաղ ցուցարարներուն դէմ կիրարկուած անհամաչափ ուժի գործածութիւնը:
«Մեզի համար ուղղակի զարմանք կը պատճառէ լիբանանցի ժողովուրդի տարբեր շերտերուն հանդէպ ցուցաբերուած երկու չափ երկու կշիռի այս վարուելակերպը: Այս վարուելակերպը կողմնակալութիւն է եւ ցեղապաշտութիւն, որ կտրականապէս մերժելի է», կը նշէ հաղորդագրութիւնը: Լիբանանեան ազգային կուսակցութիւններու եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու համախմբումը պահանջեց հետաքննութիւն բանալ ցոյցին ընթացքին արձանագրուած խախտումներուն մասին, ինչպէս նաեւ հաշուետուութեան հրաւիրել այն յանցագործները, որոնք չարիք հասցուցին ապահովութեան ուժերուն դերակատարութեան ու պարկեշտութեան:
«Պէտք է հաստատել, որ բոլոր քաղաքայինները իրաւունք ունին խաղաղ կերպով իրենց տեսակէտը արտայայտելու, յատկապէս` եթէ անիրաւուածները պաշտպանելու շրջագիծին մէջ կ՛իյնան այդ ցոյցերը, ինչպէս նաեւ համահունչ են քաղաքացիներուն բնականոն իրաւունքներուն», կը նշէ հաղորդագրութիւնը: