կարևոր
2746 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-07-18 14:16
Հասարակություն

Հայութեան «Անտանելի Թեթեւութիւն»-ը …

Հայութեան «Անտանելի Թեթեւութիւն»-ը …

«Բայց երբ ուժեղները շատ տկար ըլլան թոյլերը վիրաւորելու համար, թոյլը պէտք է ա՛յնքան ուժեղ ըլլար, որ կարենար ինքզինք ձերբազատէր»:
Միլան Քունտերա (1929-2023)

Սովորական կարդացողէն աւելի՝ լուրջ ընթերցողի՛ն համար վերոյիշեալ նախաբանը, մեր վերնագիրէն սկսեալ, բովանդակալից եւ տեղին կը դառնայ, եթէ յիշենք, որ քանի մը օր առաջ՝ Յուլիս 11-ին, աչքերը փակեց միջազգային գրականութեան վիթխարիներէն՝ չեխ Միլան Քունտերան։

Խոր ծերութեան եւ «գոյութեան անտանելի թեթեւութեան» (իր գլուխ-գործոց նորավէպը՝ «Unbearable lightness of Being») մէջ, անոր կորուստը եղաւ ծանր։

Եթէ բաղդատութեան գիծեր քաշենք Քունտերայի ներկայացուցած՝ գոյութեան անտանելիութեան- թեթեւութեան եւ ներհայաստանեան ներկայ իրավիճակին միջեւ, կը նկատենք, որ դժբախտաբար որքա՜ն նոյնանման «սենարիօ»-ներ ստեղծուած են, եւ դեռ օրէ օր նորեր կը գումարուին նախկիններուն վրայ, յատկապէս 19 Բաղրամեան պողոտայի «վարձակալներու» մեծամասնութեան դերակատարութեամբ:

Անոնք, իբրեւ «պայմանագրեալ քաղաքացիներ», իրենք իրենց իրաւունք տուած են որոշումներ տալու, այդ ալ՝ այնպիսի տրամաբանութեամբ որոշումներ, որոնց եթէ նոյնինքն Քունտերան տեղեակ ըլլար, կրնար շարունակել կեանքի անտանելի թեթեւութիւնը, ու կարկինին տարածքը փոխելով՝ էութեան փոխարէն, ամբողջ հայութիւնը ի մտի պիտի ունենար։

19 Բաղրամեան պողոտայի, այսինքն Ազգային Ժողովի նախագահի աթոռը գրաւած մանկամիտը՝ Ալէն Սիմոնեան, շուտիկութիւն մատնող իր հեգնական ոճով, ամբոխահաճ խօսքերով, կատարելագործուած անտրամաբանութեամբ եւ «անտանելի թեթեւութեամբ» կը խօսի ընդդիմադիր ճակատին մասին, որուն գոյութիւնն ու աշխատանքը (կամ իրողական անդամալուծութեան մատնուիլը) կախեալ են մեծամասնութիւն վայելող «ազգընտիր վարչապետ»-ին ղեկավարած «ՔՊ»-ականներէն։ Պարզ խօսքով, պետականութիւն մը եւ երկիր մը անհետացման ճամբու մէջ դրած ղեկավարութիւն մը, որ կը մտածէ թէ ինք պիտի ստեղծէ իր հաշուին եկող, պարզապէս կամակատար ընդդիմութիւն մը․․․

Մէջբերենք Քունտերայի վերոյիշեալ գիրքէն խօսք մը. «Կ՛ուզեմ, որ անզօր ըլլաս, նոյնքան՝ որքան ես եմ», որ լաւապէս կը համապատասխանէ Հայաստանի առկայ իրավիճակին, մասնաւորաբար Ազգային Ժողովի նախագահին ձաբռտուքներուն լոյսին տակ, առանց մոռնալու անոր պոսին ինքնահակասումներն ու ինքնաժխտումները: Իսկ հայութիւնը պէ՞տք է ուրախ զգայ, որ այս երկուքը եզակի չեն, անոնց «տրամաբանութիւն»-ը որդեգրուած է ՔՊ-ականներու մեծամասնութեան կողմէ, վարակած է «ընտրեալ վարչապետ»-ը պաշտողները, Հայաստանի մէջ թէ այլուր…

Քունտերայի գրիչէն բխած գաղափարներէն արձանագրենք նաեւ հետեւեալը. միակ յարաբերութիւնը, որ կրնայ երջանկացնել ընկերակիցներ, այն է, ուր զգացականութիւնը տեղ չունի, եւ մէկը որեւէ պահանջ չի ներկայացներ միւսին ՝ անոր կեանքին եւ ազատութեան վերաբերող։ Եւ ահա, «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը շաբաթասկիզբին 62 կողմ, 1 դէմ քուէով ընդդիմադիր Թագուհի Թովմասեանը զրկեց Ազգային Ժողովի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնէն։ Հոս ալ «ուրախանալու» առիթ կայ, որովհետեւ քմահաճութիւնը աննախընթաց չէր…

Փաստօէն, անգամ մը եւս, ՔՊ-ականներու մատներուն (անտանելի թեթեւութեամբ) շարժումով՝ Թովմասեան կորսնցուց լիազօրութիւն մը: Պատճա՞ռը: Քանի մը շաբաթ առաջ, յանձնաժողովի մէկ նիստին, երբ կը քննարկուէր մարդու իրաւունքներու պաշտպանի թեկնածուներուի հարցը, իշխանական պատգամաւորներու ու հասարակական եւ քաղաքական գործիչ Էտկար Ղազարեանի միջեւ բուռն վիճաբանութիւն ծագեցաւ. Թովմասեան չէր վարուած ՔՊ-ականներու պէս եւ չէր ընդհատած նիստը, աւելին, քայլ չէր առած, որպէսզի Ղազարեանը ներողութիւն խնդրէ, քանզի ան 2018-ի իշխանափոխութիւնը որակած էր իր ճիշդ անունով՝ ատրպէյճանա-թրքական։

Աւելորդ է ըսել, որ ատիկա պատրուակ մըն էր։ Ամիսներէ ի վեր «Քաղաքացիական Պայմանագիր» մենատիրական խմբակցութիւնը նկատի ունէր որոշում ՝ Թագուհի Թովմասեանի լիազօրութիւնները դադրեցնելու։ Եւ այս մէկը ընդունիլ եւ «մարսել», իբրեւ Ալէն Սիմոնեանի մտայղացած ընդդիմադիր ճակատի մը կազմաւորման գործընթա՞ց․․․

Այսօր, երբ Արցախի շրջափակումը կտրած է աւելի քան վեց ամիսներու տարեշրջան մը եւ շարունակ աւելի կը սաստկանայ, ազերիական քմահաճոյքնեհրը ամէն օր նոր դրսեւորում կը գտնեն, որքա՜ն անտանելի է մեր ղեկավարութեան թեթեւսոլիկութիւնը, մեր ինքնութենէն հրաժարող հայութեան մէկ հոսանքին թեթեւութիւնը։

Աւարտենք Քունտերայի նոյն գործէն այլ նախադասութեամբ մը, որ յստակ պատգամ կ’ուղղէ արցախցիին, հայաստանաբնակին եւ բոլոր անոնց, որոնք նման ճակատագիրի մատնուած են աշխարհով մէկ.

«Այն մարդը, որ կը ցանկայ լքել իր բնակավայրը, դժբախտ մարդ է»։

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական

13 Յուլիս, 2023