Փոխարժեքներ
04 10 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 387.05 |
EUR | ⚊ | € 427.46 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.07 |
GBP | ⚊ | £ 507.73 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.66 |
Արձանագրենք, որ մեր ժամանակակից պատմութեան ծանրագոյն պահերն են, որոնք կ՛ապրինք ազգովին: Հերոսական Արցախին կը պարտադրուի զինեալ ուժերու լուծարում եւ համարկումի օրակարգ: Ստեփանակերտի ներկայացուցիչները շուտով կը մեկնին Պաքուի կողմէ որոշուած վայր` Ազրպէյճանի սահմանադրութեան շրջանակներուն մէջ բանակցելու ցեղային զտումի քաղաքականութիւն կիրարկող բռնատիրական վարչակարգի ներկայացուցիչներուն հետ:
Աշխարհը կոչերով, արտակարգ նիստ գումարելու որոշումներ կայացնելով, մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու պատրաստակամութիւն յայտնելով, նոյնիսկ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումներ կայացնելով կը հետեւէր արցախահայութեան դէմ կիրարկուող ցեղասպանական քաղաքականութեան:
Մարդասիրական աղէտի ստեղծում, անցակէտերու տեղադրում, ամբողջական շրջափակում եւ հետեւող արար` պատերազմական գործողութիւններով յարձակում Արցախի ոչ միայն զինուորական կէտերուն, այլ նաեւ բնակավայրերուն, քաղաքացիական հաստատութիւններու եւ ընդհանրապէս քաղաքներու եւ բնակչութեան վրայ:
Այս շղթայական գործողութիւնները Արցախի ամբողջական հայաթափման ծրագիրին մաս կը կազմեն, որ կը կիրարկուի 21-րդ դարուն, քաղաքակիրթ աշխարհի եւ միջազգային բազում օրէնքներով ցեղասպանական արարքներ կանխարգիլելու կոչուած մարդկութեան եւ պետութիւններուն աչքին առջեւ:
Ցեղասպանական քաղաքականութեան իւրաքանչիւր արարին, Երեւանը ոչ միայն համարժէք չարձագանգեց, այլեւ ընթացաւ զիջումէ զիջում: Նախ դադրեցուց պետական պաշտօնեաներու այցելութիւնները Արցախ, իր հռետորաբանութենէն դուրս հանեց Արցախի Հանրապետութիւն բառեզրը, ապա` շրջանցեց ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը, յետոյ յայտարարեց, որ դուրս կը բերէ իր զօրքերը արցախեան տարածքներէն: Աւելի՛ն. պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Արցախը կը ճանչնայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ:
Մէկ կողմէ ահազանգելով ցեղասպանական քաղաքականութեան եւ հայրենազրկումի վտանգը, միւս կողմէ միակողմանիօրէն զիջելով, Պաքուին տրամադրեց սանձարձակ ռազմական յանցագործութիւններ իրականացնելու եւ իր իսկ կողմէ ստորագրուած համաձայնութիւնները ոտնահարելու կարելիութիւնները:
Ռուսերու միջնորդութեամբ եւ երաշխաւորութեամբ կայացած նոյեմբերեան համաձայնութիւնը ամբողջովին չեղարկուած է իրողապէս: Միջնորդութեան ղեկը աշխարհաքաղաքական այլ ուժերու չփոխանցելու մօտեցումով Մոսկուան շարունակեց չէզոքութեան եւ հաւասար հեռաւորութեան խաղը, որ նաեւ ռուսական շահերը հարուածեց այս պարագային:
Ազրպէյճանական անցակէտեր տեղադրուեցան, անցակէտերէն քաղաքացիներ առեւանգուեցան, Արցախը ամբողջական շրջափակումի ենթարկուեցաւ եւ հրադադարը շփման գիծի երկայնքով ոչ միայն խախտեցաւ, այլ նաեւ ռազմական գործողութիւններ սանձազերծուեցան:
Հաւաքական Արեւմուտքը այս բոլորին մէջ յայտարարեց անվտանգութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան երաշխաւորման գործիքներու մասին, սակայն դէտերով, փաստահաւաք առաքելութիւններով եւ կարիքներու ուսումնասիրութեան գործուղումնային խումբերով բաւարարուեցաւ: Նոյնիսկ Եւրոպայի մարդու իրաւունքներու կամ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումներու ոտնահարումին ականատեսի դիրքերէ հետեւեցաւ: Պատժամիջոցները բացակայեցան: ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդը չհամաձայնեցաւ պարտադիր որոշում կայացնելու սկզբունքին շուրջ:
Ազրպէյճանը անպատժելիութեան ընդհանուր մթնոլորտին մէջ եւ այդ իրականութեան դիմաց պարտադրեց համարկումի օրակարգը:
Ահա ա՛յս պայմաններուն եւ հանգամանքներուն մէջ է, որ սեպտեմբեր 21-ը խորհրդածութիւններու կ՛առաջնորդէ հայ քաղաքական միտքը կամ ընդհանրապէս հայ մարդը: Իրողապէս Արցախին կը սպառնայ Նախիջեւանի ճակատագիրը:
Վերանկախացումը մտածել կու տայ անկախացումին եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտումի պայմաններուն մասին: Անոր եւս պարտադրուեցան համաձայնագրեր, բռնագրաւուեցան տարածքներ: Սակայն այդ սերունդը յաջողեցաւ անձեւ քաոսէն կերտել անկախութիւն եւ պետականութիւն, որովհետեւ գիտցաւ համախմբել ազգը եւ անկարելին կարելի դարձնել:
Աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւնները կը կրկնուին: Չի կրկնուիր սակայն այդ սերունդը, այդ պատճառով ալ անձեւ քաոսէն հրաշքներ չեն կերտուիր, այլ քաոսի խորացում կը գրանցուի:
Մենք պէտք է նայինք Անկախութեան հռչակագիրին, որուն իրաւադրոյթները կ՛ամրագրեն մայիս 28-եան իրաւաժառանգորդ ըլլալու հանգամանքը:
Անկախութեան հռչակագիրը կը խօսի Արցախի` Հայաստանին վերամիաւորման, համայն հայութեան իղձերու կնեսագործման եւ պատմական արդարութեան վերականգնման հրամայականներու մասին:
Արցախը հռչակագրային այդ դրոյթներուն մաս կը կազմէ: Եւ մենք ազգովին անպայման կը կենսագործենք թէ՛ պատմական արդարութիւնը, թէ՛ համայն հայութեան իղձերը եւ թէ՛ Արցախի վերամիաւորումը:
Այդ հրամայականին նախապայմանը սակայն Առաջին Հանրապետութեան կերտիչներու ոգիով պետութեան ղեկին յայտնուելիք իշխանութիւնն է:
«Ազդակ»