կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-03-15 15:04
Հասարակություն

«Խաչիկ Պապիկեան» Հիմնադրամի Յանձնախումբը Կոչ Կ՛ուղղէ` Արցախի Վերաբերող Ուսումնասիրութիւններու Ձեռնարկելու

«Խաչիկ Պապիկեան» Հիմնադրամի Յանձնախումբը Կոչ Կ՛ուղղէ` Արցախի Վերաբերող Ուսումնասիրութիւններու Ձեռնարկելու

Մեծի Տանն Կիլիկիկոյ կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի յանձնախումբի առցանց նիստը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 14 մարտ 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին` գլխաւորութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ ատենապետութեամբ Երուանդ Փամպուքեանին: Նիստին մասնակցեցան փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, Շահան Գանտահարեան, Կիրօ Մանոյեան եւ Խաչիկ Տէտէեան:

Ժողովը գոհունակութեամբ հաստատեց վերջերս լոյս տեսած «Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակ» խորագիրով եւ փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանի խմբագրութեամբ հատորը: Այս հատորը ժողովածուն է մարտ 2018-ին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած գիտաժողովին ներկայացուած նիւթերուն: Հատորին բովանդակութիւնը երաշխաւորուած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի Գիտական խորհուրդին կողմէ:

Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց այս հրատարակութեան որակեալ եւ գիտական բովանդակութիւնը:

Զեկուցուեցաւ, որ լոյս տեսած է նաեւ Ռաֆայէլ Տը Նոկալես Մենտեզի «Չորս տարի մահիկին տակ» խորագրեալ գիրքին արաբերէն թարգմանութիւնը, զոր կատարած է դոկտ. Հուրի Ազէզեան:

Հրատարակութեան պատրաստութեան յանձնուած են Օսքար Լոփեզ Կոլտարասենայի «Տի Արմինիըն Քալչըրըլ Ճենոսայտ» (Հայոց մշակութային ցեղասպանութիւն) եւ դոկտ. Խաչատուր Ստեփանեանի «Հայաստանում խորհրդային իշխանութեան Հաստատման Հիմնահարցը սփիւռքահայ հասարակական քաղաքական մտքի գնահատմամբ 1920-130 թթ» հատորները:

Նկատի ունենալով, որ վեհափառ հայրապետին կողմէ այս տարին հռչակուած է «Արցախի տարի», ժողովը յատուկ օրակարգով քննարկեց Արցախին յատկացուած պատմական, մշակութային եւ քաղաքական բնոյթի գիտահետազօտական ուսումնասիրութիւններ հրատարակելու անհրաժեշտութիւնը:

Ժողովականները նպատակայարմար նկատեցին, որ յատկապէս քաղաքական-դիւանագիտական բնոյթի եւ տագնապի լուծման բանակցութիւններու վերաբերող օտարալեզու հրատարակութիւններու եւ այս նիւթերուն շուրջ համաժողով կազմակերպելու համար նախագիծեր պատրաստուին:

Արդարեւ, այս հաղորդագրութեամբ կոչ կ՛ուղղենք, որ յատկապէս արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ սպաներէն լեզուներով Արցախի մասին բազմաթիւ ոլորտներու ուղղութեամբ ուսումնասիրութիւններ ապահովուին եւ յանձնուին յանձնախումբին` հրատարակութեան նպատակով:

aztagdaily.com