Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հ.Յ.Դ. Շուէտիոյ «Հիւսիսեան» կոմիտէն կը դատապարտէ Հայաստանի Հանրապետութեան գործող իշխանութեան ապօրինի վերաբերմունքը և ոստիկանութեան բռնարարքները ՀՀ քաղաքացիներու եւ եկեղեցականներու նկատմամբ։
Ոստիկանութեան դրսեուորած լկտի վերաբերմունքը կը վկայէ պետական մակարդակով իրականացուող ահաբեկչութեան մասին եւ յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ Հայաստանի մէջ ոտնահարուած են ժողովրդավարութիւնն ու մարդու իրաւունքները, քաղաքացիաքան իրաւունքներ հանդիսացող բոլոր միջոցները` ինչպիսին են ազատ տեղաշարժի և հաւաքներու իրաւունքն ու խօսքի ազատութիւնը։
Ազատ ցուցարարներու, խումբ մը դաշնակցականներու եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի նախագահ, ՀՀ Աժ պատկամաւոր Աշոտ Սիմոնեանի հանդեպ կատարուած հարձակումները, ապօրինի բռնութիւններն ու ուժի կիռարումները, բոլոր աշխարհին ցոյց կու տայ ոստիկանական անօրինակ խայտառակ վարքագիծը:
Այս բոլորի կողքին նոր խայտառակ երեւոյթ մը եւս կ’աւելնայ` ծրագրուած բռնութիւնները Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կղերականներու նկատմամբ:
ՀՀ Առաջին Անկախութեան տօնի առթիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ու Մայր աթոռ միաբաններու Սարդարապատի Հուշահամալիր այցի ժամանակ, վարչակարգի անվտանգութեան ծառայողներն ու ոստիկանութեան արգելանքները եւ անվայել պահուածքը մեծագոյն վիրաւորանքն են վեհափառ հայրապետին, եկեղեցականներուն եւ մանաւանդ հաւատաւոր ողջ հայ ժողովուրդի նկատմամբ: Հայ Առաքելական եկեղեցին հայ ժողովուրդի, Հայաստանի իշխանութեան եւ հայրենքի կողքին մէկ բռունցք եղած է, Հայ ազգի բոլոր յաղթանակներուն մասնակից դարձած ու պետականութեան չգոյութեան պայմաններուն առաջնորդած ու տէր կանգնած է հայ ազգին:
Այս սրբութիւնները պղծող նզովեալները շատ լաւ պէտք է գիտակցին, որ ոչ մէկ ապօրինութիւն անպատիժ կը մնայ։
Առ այդ, ՀՅԴ Շուէտիոյ «Հիւսիսեան» կոմիտէն կոչ կ’ուղղէ անյապաղ դադարեցնել խաղաղ ցոյցերու մասնակցող ժողովուրդին դէմ գործադրուող ապօրինութիւններն ու ոստիկանական կազմակերպուած բռնարարքները։
«Հայ, Հայրենիք, Հայաստան ու Աստուած» կարգախօսով շարունակել պայքարը հանուն ազատ, անկախ, հզոր ու ժողովրդավար պետութեան կերտման ի խնդիր։
Հ.Յ.Դ. Շուէտիոյ «Հիւսիսեան» կոմիտէ