Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
«Ասպարեզ», ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի Գործեր, տնտեսական զարգացում եւ տնտեսութիւն յանձնախումբը 9 Յուլիսին վաւերացուց նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի կողմէ ներկայացուած թիւ 302 բանաձեւը, որ կ՛առաջարկէ վերաբանալ Քալիֆորնիա-Հայաստան առեւտուրի գրասենեակը:
Բանաձեւին ի նպաստ նշեալ յանձնախումբին առջեւ վկայութիւն տուած Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան յոյժ կարեւոր նկատեց Հայաստանի եւ Քալիֆորնիոյ միջեւ տնտեսական յարաբերութեանց սերտացումը, որուն մեծապէս պիտի նպաստէ նման գրասենեակ մը:
Յիշեցնենք, որ նահանգային Ծերակոյտը Մայիսին միաձայնութեամբ վաւերացուց ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինոյի կողմէ ներկայացուած թիւ 302 բանաձեւը, որ կ՛առաջարկէ վերաբանալ Քալիֆորնիա-Հայաստան առեւտուրի գրասենեակը:
«Թիւ 302 բանաձեւը պիտի պաշտօնականացնէ Հայաստանի եւ Քալիֆորնիոյ միջեւ առեւտրական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները։ Հայաստան արդէն իսկ առեւտրական կարեւոր գործակից մըն է եւ նահանգին հետ երկարատեւ եւ ամուր կապեր հաստատած է», կը յայտնէ Փորթանթինօ:
Բանաձեւին նպատակն է՝ Հայաստան հաստատուելիք գրասենեակը տնտեսապէս բարգաւաճող Արեւմտեան Ասիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի տարածքին մէջ Քալիֆորնիոյ առեւտրական ներկայացուցչութեան վերածել, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Հայաստան ներկայիս ճանչցուած է 120 երկիրներու կողմէ, որոնցմէ առաւել քան 70ին հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած է: Գրասնեակը նաեւ պիտի նպաստէ կրթական մարզին մէջ յարաբերութեանց սերտացման:
Նշենք, որ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը այս ծրագիրը ջատագոված էր Քալիֆորնիոյ նախկին եւ ներկայ նահանգապետներուն պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջաններուն եւ այս նպատակով նահանգային օրէնսդիրներու՝ դէպի Հայաստան ճամբորդութիւն մը կազմակերպած էր:
Փորթանթինոյի կողքին, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի թիւ 302 բանաձեւին գլխաւոր համահեղինակներն են ծերակուտականներ՝ Սքաթ Ուիլք, Մըլիսա Հուրթատօ, Սքաթ Ուինըր եւ Հենրի Սթըրն եւ խորհրդարանի անդամներ Օթըմ Պրուք եւ Էվըն Լօ: