կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-07-17 15:15
Սփյուռք

Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը կոչ կ՛ուղղէ պատասխանատուութեան հրաւիրելու Ատրպէյճանն ու Թուրքիան

Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը կոչ կ՛ուղղէ պատասխանատուութեան հրաւիրելու Ատրպէյճանն ու Թուրքիան

Կիրակի, 12 Յուլիս 2020-ին, ատրպէյճանական զինեալ ուժեր Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիսարեւելեան շրջանի Տաւուշի մարզի սահմաններ թափանցելու փորձ մը կատարեցին՝ բռնութիւն կիրարկելով, զինադադարի դրութիւնը, Ժընեւի ուխտերու պահանջները եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կանոնները կոպտօրէն խախտելով եւ խաղաղ բնակչութեան ուղղութեամբ ծանր հրետանային համակարգով, ականանետերով եւ այլ զինատեսակներով կրակոցներ արձակելով։

Հայոց բանակի քաջարի զինուորները ետ մղեցին յարձակումը եւ վար առին իսրայէլեան արտադրութեան անօդաչու սարք մը, որ տրամադրուած էր Ատրպէյճանին՝ իբրեւ թէ լոկ հետախուզական աշխատանքներու համար։

Նոյն ժամերուն թրքական իշխանութիւնները, յատկապէս Թուրքիոյ նախագահը եւ պաշտպանութեան նախարարը, հրահրելով լարուածութիւնը եւ խրախուսելով Ատրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութիւնն ու ծաւալապաշտ նկրտումները, հանդէս եկան ատրպէյճական բանակին յարձակումները խրախուսող հրապարակային յայտարարութիւններով։

Ատրպէյճանն ու Թուրքիան անգամ մը եւս արհամարհեցին ՄԱԿ-ի սկզբունքներն ու ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն Արցախեան հարցին խաղաղ լուծման ուղղուած ճիգերը՝ բացայայտօրէն արտայայտելով տարածաշրջանի երկիրներ ներթափանցելու իրենց համակարգուած գործակցութիւնը։

Թուրքիան, յատկապէս անոր ներկայ իշխանութիւնները, ուրանալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ շարունակելով այլամերժութիւնը հրահրող իրենց քաղաքականութիւնը, կը մնան անպատիժ։ Աւելին․ անոնք միջազգային ընտանիքին համբերութիւնն ու լռութիւնը շահագործելով Միջին Արեւելքի, հիւսիսային Ափրիկէի եւ հարաւային Կովկասի երկիրներ ներթափանցելու եւ տեղւոյն ժողովուրդները իրարու դէմ լարելով Օսմանեան կայսրութեան տարածքները վերականգնելու, ապա նաեւ թրքացման քաղաքականութիւնը պարտադրելու սկզբունքներով կ՚առաջնորդուին։

Թուրքիան, 21-րդ դարուն, տարածաշրջանի երկիրներու հողերուն եւ հարստութիւններուն տիրանալու իր ախորժակներուն գոհացում կը փորձէ տալ՝ հրահրելով ցեղային, կրօնական եւ համայնքային լարուածութիւններ՝ ողբերգական վիճակի հասցնելով տուեալ երկիրներու ժողովուրդին կեանքը։

Թուրքիոյ նախագահին ու պաշտպանութեան նախարարին Ատրպէյճանի բանակին Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ շղթայազերծած յարձակումին ամբողջական զօրակցութիւն յայտնող հրապարակային յայտարարութիւնները կը խանգարեն արցախեան հարցին խաղաղ կարգաւորման գործընթացը եւ կը բացառեն Թուրքիոյ ներգրաւումը լարուածութիւններու մեղմացման միտող քաղաքական որեւէ գործընթացի մէջ։ Սուրիոյ տագնապին թրքական միջամտութեան օրինակը վառ ապացոյցն է Թուրքիոյ ծաւալապաշտ եւ միջազգային օրէնքներն ու տագնապի քաղաքական լուծման հոլովոյթը արհամարհող քաղաքականութեան։

Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը կը դատապարտէ Հայաստանի Հանրապետութեան հողային ամբողջականութեան ու գերիշխանութեան նմանօրինակ ոտնահարում եւ միջազգային ընտանիքին ու Արաբական աշխարհին կոչ կ՛ուղղէ` նախայարձակ Ատրպէյճանն ու անոր զօրավիգ կանգնող Թուրքիան պատասխանատուութեան հրաւիրելու եւ անգամ մը եւս հաստատելու, որ ճգնաժամի պայմաններուն մէջ բռնի ուժի կիրարկումը անհետեւանք պիտի չմնայ:

Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբ