Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Յուլիս 14ին, Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը յատուկ նամակ մը մը յղեց Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա Ֆիլիփ Շամփայնին` արտայայտելով գանատահայ համայնքի խոր մտահոգութիւնը՝ ի տես Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանը խախտելու եւ ռազմական ներթափանցումի փորձ կատարելու ատրպէյճանական զինեալ ուժերու յարձակապաշտ գործողութիւններուն, յատկապէս շեշտելով, որ ատրպէյճանական հրետանիին թիրախ կը դառնան հայկական բնակավայրերն ու խաղաղ բնակչութիւնը։
Հայ Դատի Յանձնախումբը կը յայտնէ նաեւ, որ ռազմական կացութեան սրման ընթացքը տարածաշրջանին մէջ նոր պատերազմի մը հաւանականութիւնները կը բարձրացնէ, որուն կրնան զոհ երթալ անմեղ քաղաքացիներ: Ռազմական այս գործողութիւնները սկսան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այն յայտարարութենէն ետք, երբ ան յայտարարեց, թէ միջազգային միջնորդական ջանքերը և Հայաստանի հետ բանակցային գործընթացը «անիմաստ» է: Հակառակ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ հնչած հրադադարի պահպանման միջազգային կոչերուն, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն նախայարձակ գործողութիւններու դիմելու գործընթացքը՝ սպառնալով պատերազմի վերսկսման և խախտելով միջազգային ընդունուած օրէնքները:
Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականության որեւէ խախտում անընդունելի է և պետք է հաստատօրէն դատապարտումի արժանանայ Գանատայի և միջազգային հանրութեան կողմէ: Աւելին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան այն յայտարարութիւնը, ուր Անգարան անվերապահ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ ատրպէյճանական բանակի ապօրինի զինուորական գործողութիւններուն՝ պէտք է համապատասխան դատապարտումի արժանանայ:
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը նամակը կ՚եզրափակէ նախարար Շամփայնին յանձնարարելով դատապարտել Պաքուի նախայարձակ գործողութիւնները եւ շարունակել Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը անխախտ պահելու Գանատայի քաղաքականութիւնը: Յանձնախումբը գանատացի նախարարին կոչ կ՚ուղղէ կարճ ժամանակամիջոցին Հայ Դատի յանձնախումբին հետ հեռակապային հանդիպման, քննարկման բովէ անցնելու շարք մը հրատապ հարցեր։
Նշենք, որ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նամակէն օրինակներ յղուած են Գանատայի խորհրդարանի բազմաթիւ անդամներու։ Յանձնախումբը միաժամանակ հետեւողանանօրէն հաղորդակցութեան մէջ է Գանատայի Արտաքին գործոց նախարարութեան գերատեսչուեան գրասենեակին հետ։
horizonweekly.ca