Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Գանատայի խորհրդարանի Գանատա-Արցախ խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար եւ ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Ռէյչըլ Հարտըր յատուկ նամակ մը յղած է Գանատայի արտգործ նախարար Ֆրանսուա Ֆիլիփ Շամփայնին, որուն մէջ դատապարտած է Արցախի վրայ ատրպէյճանական լայնամաշտապ յարձակումները, որոնք կը թիրախաւորեն Ստեփանակերտի եւ ընդհանրապէս Արցախի խաղաղ բնակչութիւնը՝ չյարգելով միջազգային օրէնքի նուազագոյն սկզբունքները։
Ռէյչըլ Հարտըր իր նամակին մէջ կոչ կ’ուղղէ արտգործ նախարար Ֆիլիփ Շամփայնին, որպէսզի ան հատու կերպով դատապարտէ Ատրպէյճանի բռնարարքներն ու յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը, փոխանակ հրադադարի յորդորներ կատարելու:
Հարտըր մանաւանդ կը շեշտէ, որ նախագահ Ալիեւ ոտնակոխ կ’ընէ ՄԱԿ-ի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակի բոլոր օրէնքներն ու ճիգերը:
«Գանատան կ’աջակցի Հելսինքեան պայմանագիրով ամրագրուած ինքնորոշման իրաւունքի եւ ոյժի չկիրառման Մինսկի եզրափակիչ որոշումին: Ուստի, յանուն Գանատայի հայ համայնքին, կը յորդորեմ, հրադադարի կոչերու կողքին, խստօրէն դատապարտել ատրպէյճանական զինեալ յարձակումներն ու բռնութիւնները», կը շեշտէ Ռէյչըլ Հարտըր իր նամակին մէջ։
Նշենք, որ Գանատա-Արցախ խորհրդարանական խմբակցութեան հիմնադիր ժողովը կայացած է 9 Մարտ, 2019-ին, Գանատայի մայրաքաղաք Օթթաուայի մէջ, որուն ներկայ գտնուած են շարք մը երեսփոխաններ, պաշտօնատարներ եւ ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչները:
horizonweekly.ca