Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»ի յանձնախումբի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 16 Յունուար 2023-ին, Վեհարանի մէջ։ Նիստին նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Կաթողիկոսը։ Մասնակցեցան ատենապետ Երուանդ Փամպուքեան, փրոֆ․ Աշոտ Մելքոնեան, Շահան Գանտահարեան, Խաչիկ Տէտէեան եւ հեռակայ՝ Խաչիկ Տէր-Ղուկասեան։
Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր արժեւորումը կատարեց «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական հիմնադրամ»ի վերջին հրատարակութիւններուն եւ շեշտը դրաւ յատկապէս ժամանակակից խնդիրներուն հետ աղերս ունեցող ուսումնասիրութիւններ կամ գիտահետազօտական աշխատասիրութիւններ հրատարակելու կարեւորութեան վրայ։
Ապա, նիստը կեդրոնացաւ Լօզանի դաշնագիրի հարիւր ամեակին առիթով կազմակերպուելիք իրաւաքաղաքական բնոյթի քննարկումներ կազմակերպելու անհրաժեշտութեան վրայ։ Այստեղ, մէկ կողմէ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու բարձրացման իրաւական կէտեր նկատի առնելու հարց կայ, միւս կողմէ սակայն՝ Լօզան-տարածքային իրաւունքներ հակասութեան հետ հաշուի նստելու խնդիր։ Հետեւաբար, թէ՛ պատմագիտական եւ թէ՛ իրաւագիտական յաւելեալ խորհրդակցութիւններ կայացնելու անհրաժեշտութիւնը կայ, այս առիթը Հայ Դատի ուղղութեամբ ճիշդ բարձրացնելու եւ համապատասխան հնչեղութիւն ապահովելու առումով։
Որոշուեցաւ անգլերէնի թարգմանել հայրենի ծանօթ թրքագէտ փրոֆ․ Ռուբէն Սաֆրաստեանի քեմալական Թուրքիոյ վերաբերող հրատարակուած եւ նոյն հրատարակութեան ընդլայնուած եւ նոր նիւթերով հարստացած աշխատասիրութիւնները։ Միաժամանակ, դոկտ. Հուտա Ֆահըսի արաբերէն լեզուով հայ-թրքական յարաբերութիւններու թեմայով աւարտաճառը որոշուեցաւ լոյս ընծայել։ Մօտիկ ապագային նաեւ պիտի հրատարակուի The Armenian Cultural Genocide խորագիրով ուսումնասիրութիւնը։
«Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»ի յանձնախումբը կը շարունակէ ընդունիլ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն հայալեզու թէ օտարալեզու պատմաքաղաքական նիւթեր եւ գիտահետազօտական աշխատանքներ եւ կը ծրագրէ կազմակերպել յատուկ յոբելինական առիթներու գիտաժողովներ՝ համախմբելով հայ գիտական եւ քաղաքական միտքի ներկայացուցիչները։
aztagdaily.com