կարևոր
4696 դիտում, 9 ամիս առաջ - 2024-01-26 15:59
Հասարակություն

«Հայ ուսանողութիւնը Արցախի համար»՝ ուսումնասիրութիւններու մրցանք

«Հայ ուսանողութիւնը Արցախի համար»՝ ուսումնասիրութիւններու մրցանք

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակը ուրախութեամբ կը հրաւիրէ ձեզ «ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ» ուսումնասիրութիւններու մրցանքի ամփոփիչ միջոցառման, որ տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ Արցախի Հանրապետութեան Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Սպորտի նախարարութեան, Հինգշաբթի 01 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, ՀՅԴ Արամ Մանուկեան Երիտասարդական Կեդրոնէն ներս:

Ծրագրին հիմնական նպատակն էր մէկտեղել հայ ուսանողութեան կարողութիւնը՝ քաղաքական, տնտեսական, ընկերաբանական, իրաւագիտական, մշակոյթի եւ հետաքքնողական լրագրութեան բնագաւառներու մէջ եւ զայն տրամադրելի դարձնել հայանպաստ գործունէութիւն ծաւալող ազդեցիկ հիմնարկներու՝ արդիւնաւէտ օգտագործման համար: Հպարտութեամբ կը յայտնենք որ աւարտական արդիւնքները օգտաշատ են եւ իմաստալից, մանաւանդ Հայութեան դիմագրաւած այժմէական մարտահրաւէրներուն լուծումներ առաջարկելու դիտանկիւնէն ելլելով:

Ծրագրին աշխատասիրութիւն յանձնած են 12 ուսանողներ եւ 1 ուսանողական խմբակ՝ Հայաստանէն, Արցախէն, Լիբանանէն, Իրանէն եւ ԱՄՆ-էն, հետեւեալ նիւթերուն մասին:

1. Արցախի շրջափակման եւ բռնի տեղահանութեան կործանարար անդրադարձը Արցախի մանուկներու իրաւունքներու եւ հոգեվիճակին վրայ:
Խորհրդատու՝ Գեղամ Ստեփանեան, Արցախի Հանրապետութեան Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան, ՀՀ
2. Ազրպէյճանի Քաւիար դիւանագիտութիւնը (caviar diplomacy) Եւրոպայի մէջ:
Խորհրդատու՝ Հեղինէ Էվինեան, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակի տնօրէնուհի, Պելճիքա
3. Ազրպէյճանի եւ Ալիեւի ընտանիքի օտարերկրեայ ներդրումներու հիմնական ուղղութիւնները եւ փտածութեան դրսեւորումները:
Խորհրդատու՝ Յարութ Սասունեան, Քալիֆորնիա Քուրիր պարբերաթերթի գլխաւոր խմբագիր, ԱՄՆ
4. Ազրպէյճանի ուժանիւթի քաղաքականութիւնը (Energy policy) Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի հետ:
Խորհրդատու՝ Եղիա Թաշճեան, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի հետազօտական կեդրոնի գիտաշխատող, Լիբանան
5. Ազգ բանակ գաղափարի իրագործման անհրաժեշտութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:
Խորհրդատու՝ Գեներալ-լեյտենանտ Տիրան Խաչատրեան, ՀՀ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետի նախկին տեղակալ, ՀՀ
6. Ազրպէյճան եւ Իսրայէլ յարաբերութիւններ:
Խորհրդատու՝ Շահան Գանտահարեան, Պէյրութի Ազդակ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, Լիբանան
7. Ազրպէյճանի յարաբերութիւնները Իրանի հետ:
Խորհրդատու՝ Աբրահամ Գասպարեան, Ճէնէսիս Արմինիա կեդրոնի հիմնադիր տնօրէն, ՀՀ
8. Ազրպէյճանի յարաբերութիւնները Վրաստանի հետ:
Խորհրդատու՝ Աբրահամ Գասպարեան, Ճէնէսիս Արմինիա կեդրոնի հիմնադիր տնօրէն, ՀՀ
9. Պատմութեան խեղաթիւրման Ազրպէյճանի քաղաքական եւ ակադեմական փորձերը:
Խորհրդատու՝ Լեռնիկ Յովհաննէսեան, Արցախի Հանրապետութեան Կրթութեան Գիտութեան եւ Սպորտի Փոխ Նախարար, ՀՀ
10. Արցախի հոգեւոր ժառանգութեան պաշտպանութեան հիմնախնդիրը:
Խորհրդատու՝ Հոգեշնորհ Տ. Գարեգին Վարդապետ Համբարձումեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան գրասենեակի ղեկավար, ՀՀ
11. Արցախեան 44 օրեայ պատերազմէն ետք, Արցախահայութեան ուղղուած հայկական մարդասիրական օժանդակութիւնները:
Խորհրդատու՝ Լիլիթ Մարտիրոսեան, Արցախի ՀՕՄ-ի միաւորի ատենապետուհի, ՀՀ

Միջոցառումին ներկայ պիտի ըլլան ծրագրին մասնակցած ուսանողները, խորհրդատուները, կազմակերպիչները, երիտասարդներ, ակադեմական շրջանակներ եւ համաքաղաքացիներ: Պիտի ներկայացուին բոլոր աշխատանքները եւ զանոնք պատրաստած ուսանողները:

Իսկ յաղթող ուսանողները պատկերաւոր կերպով պիտի ներկայացնեն իրենց աշխատասիրութիւնները, եւ գնահատանքի արժանացած աշխատասիրութիւնները պիտի ունենան մէջբերումներ: Առիթ կ’ունենաք նաեւ լսելու եւ վկայութիւններ ստանալու անոնց խորհրդատուներէն:

Աւարտին պիտի տրուին գնահատագիրներ եւ նուէրներ բոլոր մասնակիցներուն: Պիտի յայտարարուին յաղթող ճանչցուած աշխատանքները եւ բաժնուին մրցանակ- կրթաթոշակները:

Առաջին մրցանակ ՝ 1000 ԱՄՆ տոլար
երկրորդ մրցանակ՝ 750 ԱՄՆ տոլար
երրորդ մրցանակ՝ 500 ԱՄՆ տոլար

Հայ ուսանողութիւնը հայանպաստ գործունէութեան մղելու եւ ուղղորդելու մեր ջանքերը պիտի շարունակենք նամանաւանդ այսօր, եւ առաւելաբար Արցախի համար եւ արցախահայութեան իրաւունքներուն պաշտպանութեան ի խնդիր:

Սիրով կը սպասենք բոլորիդ: