Փոխարժեքներ
27 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 390.88 |
EUR | ⚊ | € 411.09 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.71 |
GBP | ⚊ | £ 492.12 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.53 |
Ֆրանսայի ծերակոյտը 25 նոյեմբերին ձայներու մեծամասնութեամբ որդեգրեց «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին» բանաձեւը, որ կը պարունակէր, ֆրանսական կառավարութեան ուղղուած Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու կողքին, շարք մը այլ հայանպաստ կոչեր, ինչպէս` ազրպէյճանական ուժերն ու անոնց աջակցող կազմաւորումները անյապաղ հեռացնել 27 սեպտեմբերի զինուորական գործողութիւններուն սկիզբէն ետք գրաւուած տարածքներէն, բոլոր ջանքերը գործադրել բանակցային հոլովոյթին վերսկսելու, 1994 թուականին գծուած սահմանները ապահովելու, ինչպէս նաեւ` հայ բնակչութեան անվտանգութիւնն ու տեղահանուած անձերու վերադարձի իրաւունքը ապահովելու համար:
Հոյակապ ու հայերուն սրտին խօսող, սակայն իրողապէս ոչ իրապաշտ կոչեր` նկատի ունենալով գետնի վրայ ստեղծուած առարկայական պայմանները. իրողութիւն մը, զոր նիստի ընթացքին հայերու վիրաւոր «ես»-ը շոյող գեղեցիկ խօսքեր արտասանող եւ բանաձեւին «թեր» քուէարկած ծերակուտականները վստահաբար քաջ գիտէին:
Ֆրանսայի ծերակոյտին քայլը, ինչպէս ամերիկացիները կ՛ըսեն` «Շատ քիչ, շատ ուշ» էր: Պատերազմի ամբողջ ընթացքին ֆրանսական կողմը կառչած մնաց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահի կարգավիճակէն բխող «անկողմնակալութեան», բացառութեամբ պատերազմի սկիզբը Մաքրոնի կարգ մը յայտարարութիւններուն, որոնց գործնական արդիւնքը մարդասիրական օժանդակութեան տրամադրումը եղաւ: Հարկ է նաեւ նշել, որ ըստ կարգ մը տեղեկութիւններու, ազրպէյճանական կողմը պատերազմէն առաջ եւ ընթացքին ֆրանսական արտադրութեամբ արբանեակներէ օգտուած է հայկական ուժերու դիրքերու ճշդման համար, մինչ Փարիզ, ատոր զուգահեռ, հայկական կողմին միայն մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրեց: Երեւոյթ մը, որ հարցականներ կը ստեղծէ եւ կասկածի տակ կ՛առնէ այդ անկողմնակալութեան արժէքն ու անկեղծութիւնը: Զոհին ու նախայարձակին, իրաւունքին ու անիրաւութեան միջեւ երկարատեւ անկողմնակալութեան քաղաքականութիւն մը, որ զայն կիրարկողները մեղսակից կը դարձնէ ազրպէյճանական յանցագործութիւններուն ու բռնագրաւումին:
Ծերակոյտին քայլը ֆրանսական կողմին մեղքը քաւելու համար հայ ժողովուրդին «բարոյական յաղթանակ» մը պարգեւելով` զայն սփոփելու եւ անոր խոր ցաւը մեղմացնելու փորձ մըն է, սակայն նմանօրինակ կոչ մը, «թուղթի կտոր» մը, զայն որդեգրելու ցուցադրական քայլը չի կրնար ազգային աղէտին ահաւորութիւնը նոյնիսկ փոքրագոյն չափով նուազեցնել, ալ ո՛ւր մնաց, երբ անիկա կառավարութեան կողմէ մերժուած է:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
aztagdaily.com