Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
405 ընդդէմ 11 ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ, 29 հոկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը կատարեց պատմական քուէարկութիւն մը` վերջ դնելով Անգարայի 35-ամեայ կիրարկած վեթոյին` Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտացի յիշատակին դէմ, մերժելով ամերիկեան մեղսակցութիւնը Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած այդ ոճիրին ժխտման մէջ եւ կոչ ուղղելով իրազեկուելու Հայոց ցեղասպանութեան մասին, որ ուղղուած է կանխելու ժամանակակից վայրագութիւնները:
Թիւ 296 բանաձեւը, որ ապրիլ 2019-ին ներկայացուած էր Ներկայացուցիչներուն տան բանականութեան յանձնախումբի նախագահ Ատամ Շիֆի եւ Ֆլորիտայի Հանրապետական Կաս Պիլիրաքիսի կողմէ, վերջին շաբաթներուն նոր թափ ստացաւ, յատկապէս` հիւսիսային Սուրիա Թուրքիոյ ներխուժումէն ետք: 22 հոկտեմբերին, քուէարկութեան օրէն շաբաթ մը առաջ, սկսան լուրեր տարածուիլ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ առնուելիք հաւանական քայլին մասին: «Վստահ եմ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը գոհ չէ այս ծրագիրներէն, բայց մենք ալ գոհ չենք Թուրքիոյ կառավարութենէն», լրագրողներուն յայտնեց Ներկայացուցիչներու տան արտաքին գործերու յանձնախումբի նախագահ Էնճըլ:
Եւ սկսաւ քուէարկութեան յետհաշուարկը
Քուէարկութենէն 7 օր առաջ. Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը գործողութեան դիմելու կոչ կ՛ուղղէ, Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբը իր աջակցութիւնը կը յայտնէ, թիւ 296 բանաձեւը ընդունելու դաշինքը կ՛ընդլայնի
Քոնկրեսի ճակատին վրայ մինչ Ներկայացուցիչներու տան մեծամասնութեան ղեկավարը կը յայտարարէր, որ թիւ 296 բանաձեւը պիտի ընդգրկուի Ներկայացուցիչներուն տան յաջորդ շաբթուան օրակարգին վրայ, Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի առաջատար հովանաւորներ Ատամ Շիֆ եւ Կաս Պիլիրաքիս եւ Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի միացեալ ղեկավարութիւնը սկսան կոչ ուղղել իրենց գործընկերներուն` վերջ տալու ամերիկեան մեղսակցութեան Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման մէջ եւ Ամերիկան վերադարձնելու իր ճշգրիտ տեղը Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ: Քոնկրեսի անդամ Աննա Էշու, որուն ասորի-հայ հայրը եւ հայ-ամերիկացի մայրը վերապրած են Հայոց ցեղասպանութենէն, ներկայացուց շատ անձնական եւ կրքոտ պահանջ մը` անյապաղ գործողութեան դիմելու:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի շրջանային եւ տեղական մասնաճիւղերը յաջողեցան կապ հաստատել բոլոր 435 քոնկրեսական գրասենեակներուն հետ` հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու, հանդիպումներու եւ նամակներու միջոցով: Հայ դատի յանձնախումբի արագ պատասխանող համակարգը, որ զօրակցողներուն թոյլ կու տայ անմիջական գործողութեան դիմելու` ճնշում բանեցնելու համար հայկական ամերիկեան շահագրգիռ կողմերուն վրայ, կ՛աշխատէր ամբողջ թափով` աւելի քան 10.000 նամակներ ուղարկելով քոնկրեսական գրասենեակներուն` առաջին 48 ժամուան ընթացքին: Հայ դատի յանձնախումբի արագ կապ հաստատելու տեղական արշաւը ուղղակիօրէն հազարաւոր ընտրողներ կը կապէր իրենց օրէնսդիրներուն, մինչ Հայ դատի յանձնախումբը կը թարմացնէր իր հարթակը, որպէսզի կարելի ըլլայ ընդունիլ մեծ թիւով ե-նամակներ եւ հեռաձայնային կապեր` քուէարկութեան առաջնորդող օրերուն ընթացքին: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան եւ Արեւելեան շրջաններու ներկայացուցիչները ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի միջոցով կոչ կ՛ուղղէին լայնածաւալ հայ-ամերիկեան քաղաքացիական մասնակցութեան: Ամերիկայի ՀՅԴ երիտասարդական միութեան Արեւելեան եւ Արեւմտեան մասնաճիւղերը զօրաշարժի կոչ կ՛ուղղէին ընկերային ցանցերուն վրայ: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի տնօրէն Արամ Համբարեան առօրեայ դրութեամբ նորութիւններ կը ներկայացնէր Ուաշինկթընէն:
Շաբաթավերջին Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի 20 անդամներ եւ կամաւորներ ուղղուեցան ամերիկեան տարբեր նահանգներ` միակ առաքելութիւն ունենալով հանդիպիլ բոլոր 435 քոնկրեսականներուն հետ, անոնց տեղեկութիւններ տալ, պատասխանել անոնց հարցումներուն եւ ստուգել անոնց աջակցութեան աստիճանը 29 հոկտեմբերի քուէարկութեան համար` հիմնուելով ընտրողներու աջակցութեան վրայ, որ ստացած էին ոչ միայն անցեալ շաբաթ, այլ` 3 տասնամեակներու մնայուն ճիգերու շնորհիւ:
Երկուշաբթի առաւօտեան, հանդիպելէ ետք Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի կեդրոնատեղիին մէջ, յանձնախումբին կառավարական գործերու տնօրէն Թերեզա Երիմեան գործողութեան խումբերը առաջնորդեց Քափիթոլ Հիլ, ուր կատարուեցան մնայուն հանդիպումներ քոնկրեսականներուն հետ, որոնք տեւեցին բանաձեւ թիւ 296-ի մինչեւ վերջին քուէն:
Շատ մը պարագաներու, մինչ խումբի անդամները կը մտնէին քոնկրեսականներու գրասենեակները իրենց տեսակէտները ներկայացնելու, գրասենեակի անձնակազմը հեռաձայն կը ստանար տարածքի ընտրողներէն, որոնք օրէնսդիրէն կը պահանջէին «Այո քուէարկել թիւ 296 բանաձեւին»: Կային հանդիպումներ, որոնց ընթացքին խումբերը ջերմօրէն կ՛ընդունուէին intern կամ աշխատակազմի օգնականին կողմէ եւ շուտով կ՛առաջնորդուէին թիւ 296 բանաձեւին վրայ աշխատող պաշտօնեային մօտ: Կարգ մը գրասենեակներու մէջ, երկու վայրկեանուան ընթացքին, անձնակազմի բազմաթիւ անդամներ անոնց վստահեցուցին, որ` «հարց մը պիտի չըլլայ, եւ դուք «Այո» ակնկալեցէք»:
Կար նաեւ միւս երեսը. Թեքսասի քոնկրեսական Էտի Պըրնիս Ճոնսըն դասական օրինակ մըն է: Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի համայնքային կապերու համակարգող Սիմոն Մաղաքեան թուիթըրեան գրառումին ընդմէջէն յայտնած էր, որ քոնկրեսական Ճոնսընի աշխատակազմի ղեկավարը` Մուրաթ Կոքչիքտեմ յայտարարած էր, որ քոնկրեսականը վստահաբար «Ոչ» պիտի քուէարկէ բանաձեւին` իբրեւ զօրակցութիւն իր թուրք պաշտօնեային: Մաղաքեան պաշտօնեային յայտնեց, որ իր ծնողքէն մէկուն մեծ մայրը Ցեղասպանութեան ժամանակ փրկուած էր շնորհիւ թրքական արմատներ ունեցող կնոջ մը, որուն իբրեւ պատասխան` թուրք պաշտօնեան գրած էր, որ` «ան դաւաճան էր»: Քոնկրեսական Ճոնսըն, որ «ձեռնպահ» քուէարկեց, Ներկայացուցիչներու տան միակ անդամն էր, որ բանաձեւին հակասող խօսք կը ներկայացնէր:
Մինչ հանդիպումներու թիւը կը բարձրանար, խումբի անդամները անհամբեր ձեւով արձանագրութիւն կը պահէին եւ նորութիւններ կը հաղորդէին մեր ազգային, շրջանային գրասենեակներուն եւ տեղական մասնաճիւղերուն, որպէսզի գործի անցնին: Ընտրողները այն շրջաններէն, ուր Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը տակաւին որոշում չէր կայացուցած, կը քաջալերուէին հեռաձայնելու, որպէսզի իրենց համայնքին ձայնը լսելի դառնար:
Դաշնակիցներ` յունական, ասորական/քաղդէական, քրիստոնէական համայնքներուն մէջ, ներառեալ` Հելլենական ամերիկեան ղեկավարութեան խորհուրդը, Ամերիկեան հելլենական հիմնարկը, Ամերիկեան հելլենական կրթական եւ յառաջդիմական կազմակերպութիւնը, Քրիստոնեաներու պաշտպանութիւն կազմակերպութիւնը, Ֆիլոս ծրագիրը, Պահանջ` գործողութեան դիմելու կազմակերպութիւնը եւ բազմաթիւ ուրիշներ հրապարակեցին յայտարարութիւններ, գրութիւններ` թերթերու մէջ եւ իրենց համայնքի գործողութեան պահանջի միջոցով կոչ ուղղեցին աջակցելու բանաձեւին: Հրէական-ամերիկեան կազմակերպութիւններ, ներառեալ` Ամերիկեան-հրէական յանձնախումբը եւ Հակա-զրպարտութեան լիկան, որոնք անցեալին դէմ արտայայտուած են նման օրէնսդրութեան, նամակներ ուղարկեցին քոնկրեսական գրասենեակներուն եւ ընկերային ցանցերու միջոցով իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին այս բանաձեւին:
Քուէարկութենէն մէկ օր առաջ. Ներկայացուցիչներու տան կանոնակարգի յանձնախումբը ճամբայ կը հարթէ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ թիւ 296 բանաձեւի քննարկման համար
Երկուշաբթի, 28 հոկտեմբերի երեկոյեան, մինչ քոնկրեսական գրասենեակները տակաւին հեռաձայններ կը ստանային, Հայ դատի յանձնախումբը բաժնուեցաւ երկու խումբի. անոնք, որոնք պիտի շարունակէին քոնկրեսական այցելութիւնները, եւ անոնք, որոնք պիտի մասնակցէին Ներկայացուցիչներու տան կանոնակարգի յանձնախումբի նիստին, ուր քոնկրեսականներ պիտի որոշէին, եթէ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւը պիտի քննարկուէ՞ր:
Բոլոր բանաձեւերը, որոնք Ներկայացուցիչներու տան կը ներկայացուին, պէտք է ունենան «կանոն», որուն միջոցով նկատի կ՛առնուին: Կանոնակարգի յանձնախումբի նախագահ Ճիմ ՄաքՔովըրն կատարեց լսումի նիստին բացման խօսքը, որուն մէջ ըսաւ հետեւեալ յատկանշական խօսքերը. «Թիւ 296 բանաձեւը առիթ մըն է Ներկայացուցիչներու տան` բարձրաձայնելու Հայոց ցեղասպանութեան հարցը եւ վերջապէս ճանչնալու, որ իրականութեան մէջ պատահածը ցեղասպանութիւն էր: Հակառակ որ գործադիր մասնաճիւղը տարիներու ընթացքին հրապարակած էր յայտարարութիւններ եւ Քոնկրեսը ընդունած էր բանաձեւեր այս հարցին առնչուող, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը մեր ներկայ ժամանակներուն փոխանցած էր բոլոր փաստերը եւ ճիշդ անուանումը տուած էր պատահածին: Կը բաւէ` մեղմաբանութիւններ օգտագործուին, փաստերը կարեւոր են, ճշմարտութիւնը խօսիլը կարեւոր է, եւ եթէ մեր պատմութեան մէջ անցեալի մութ էջերը չճանչցուին, անոնք դատապարտուած են կրկնուելու»:
Նախագահ Էնճըլ, Ներկայացուցիչներու տան արտաքին գործերու յանձնախումբի աւագ անդամ Քրիս Սմիթ եւ ներկայացուցիչ Էշու ներկայացուցին հզօր վկայութիւններ, թէ ինչո՛ւ թիւ 296 բանաձեւը պէտք է առանց յանձնախումբի քննարկութեան ուղղակիօրէն ներկայացուի Ներկայացուցիչներու տան` անյապաղ քննարկման համար:
«Մեզմէ շատեր մտահոգ են աշխարհի տարբեր մասերու մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններով: Հայոց ցեղասպանութիւնը ցեղասպանութիւն է, եւ մեզմէ շատեր անկեղծօրէն մտահոգ են նաեւ այլ ժողովուրդներով, ներառեալ` քիւրտերով: Ատիկա հիմա տեղի կ՛ունենայ, եւ Թուրքիա կրկին հիմնական դերակատարն է: Եւ, կը կարծեմ, որ եթէ նախապէս երբեք յարմար ժամանակը չկար այս հարցին անդրադառնալու, այժմ վստահաբար յարմար ժամանակն է», ընդգծեց նախագահ Էնճըլ:
«Թուրքիան կը սպառնայ այլ երկիրներու: Անոնք մեզի կը սպառնան: Երբ 2000 թուականին կը մասնակցէի լսումի նիստի մը եւ առջեւս ունէի երկու կողմերը` հայերը եւ թուրքերը, Թուրքիոյ դեսպանը մեզի սպառնաց Ինճիրլիքով: Անկեղծօրէն, ՕԹԱՆ-ի մէջ այսպիսի բարեկամ մը ունենալով` ո՞վ պէտք ունի թշնամիներու», հարց տուաւ ներկայացուցիչ Սմիթ:
Բանաձեւի ընթացակարգին հակադրուեցան քոնկրեսական Ռոպ Ուտոլ եւ կանոնակարգի յանձնախումբի աւագ հանրապետական անդամ Թոմ Քոլ, որոնք նշեցին, որ թիւ 296 բանաձեւը ուղղակիօրէն կը յանձնուի Ներկայացուցիչներու տան` առանց արտաքին գործերու յանձնախումբի լսումին: Նախագահ ՄաքԿովըրն, նախագահ Էնճըլ եւ ներկայացուցիչ Սմիթ պատասխանեցին` ըսելով, որ տարիներու ընթացքին քոնկրեսական բազմաթիւ լսումներ կատարուած են Հայոց ցեղասպանութեան հարցին վերաբերող, եւ այս բանաձեւը կը վայելէ թէ՛ ատենապետ Էնճըլի եւ թէ՛ արտաքին գործերու յանձնախումբի աւագ հանրապետական Մայք ՄաքՔոլի աջակցութիւնը:
Կանոնակարգի յանձնախումբի այլ անդամներ արտայայտուեցան ի նպաստ բանաձեւին: Ներկայացուցիչ Ժոզեֆ Մորել նշեց իր աջակցութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւին, երբ կը ծառայէր Նիւ Եորք նահանգի համաժողովին մէջ, ներկայացուցիչ Տոնա Շալալա` ծագումով լիբանանցի, ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս իր մարոնի ընտանիքը տեղահանուած էր Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին: Ներկայացուցիչ Տեպի Լեսքօ ընդգծեց, որ ինք բանաձեւին հիմնական համահովանաւորն է եւ կ՛աջակցի անոր ընդունման, եւ ներկայացուցիչ Մարի Կէյ Սքենլըն յայտնեց, որ ինք Հայոց ցեղասպանութեան մասին իրազեկուած է Փենսիլվանիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող արխիւներէն եւ Ֆիլատելֆիոյ կեդրոնական քաղաքին մէջ տեղադրուած Մհերի արձանէն:
Վերջաւորութեան կանոնակարգի յանձնախումբը յանձնարարեց «փակ» կանոն. կը նշանակէ, որ ոչ մէկ փոփոխութիւն պիտի առաջարկուի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ, եւ բանաձեւի քննարկման համար պիտի յատկացուի մէկ ժամ:
Լսումի նիստէն ետք ներկայացուցիչներ Էշու եւ Սմիթ` Հայոց ցեղասպանութեան օրէնսդրութեան տասնամեակներու զօրակցողները արցունքոտ աչքերով կը գրկախառնուէին ամերիկահայ գործիչներուն հետ, որոնք բարձր գնահատած էին անոնց ղեկավարութիւնը այս հարցին մէջ` բարձր ակնկալութիւն ունենալով, որ լիարժէք Ներկայացուցիչներու տունը պիտի քննարկէ այս բանաձեւը:
Քուէարկութեան օրը. Հայոց ցեղասպանութեան թիւ 296 բանաձեւ. քննարկումը կանոնակարգին վերաբերեալ
29 հոկտեմբերի առաւօտեան, Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի քննարկման օրը, լիարժէք Ներկայացուցիչներու տան կողմէ, ժամը 8-ին կամաւորները եւ անձնակազմը հանդիպում ունեցան Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակին մէջ` Համբարեանի եւ Երիմեանի հետ, նախքան ուղղուիլը դէպի Հիլ` այցելելու քոնկրեսական գրասենեակներ, որոնք տակաւին չէին կողմնորոշուած, թէ ինչպէ՛ս պիտի քուէարկէին:
Ընտրողներուն հեռաձայնային կապերը` Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի քոնկրեսականներուն հետ արագ կապ հաստատելու հարթակին միջոցով, ստացան յանկարծակի խթանում, երբ Քիմ Քարտաշեան Թուիթըրի վրայ կատարեց գրառում մը` աջակցութիւն յայտնելով Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւին եւ իր հետեւորդները քաջալերեց այցելելու anca.org/call կայքէջը եւ կապ հաստատելու իրենց օրէնսդիրներուն հետ: Հայ դատի յանձնախումբի Տեղեկատուական արհեստագիտութեան տնօրէն Ներսէս Սեմերճեան թարմացուց Հայ դատի յանձնախումբի հեռաձայնային կապեր ստանալու հարթակը, որպէսզի կարելի ըլլայ քաղաքացիական մասնակցութեան աճին համապատասխանեցնել:
Ներկայացուցիչներու տունը օրուան իր պաշտօնական օրակարգին չսկսած` ներկայացուցիչ Պրետ Շըրմըն կատարեց 1 վայրկեաննոց յայտարարութիւն մը. «ժամանակն է, որ ցեղասպանութիւնը ճանչցուի, որովհետեւ ցեղասպանութեան ժխտումը վերջին արարքն է ցեղասպանութեան: Նախ` դուն կ՛ոչնչացնես ժողովուրդ մը, ապա կը փորձես ոչնչացնել անոնց յիշատակը եւ, վերջապէս, կը փորձես ոչնչացնել անոնց ոչնչացման յիշատակը: Բայց ցեղասպանութեան ժխտումը նաեւ առաջին քայլն է նախորդ ցեղասպանութեան», ընդգծեց Շըրմըն:
Նոյն ձեւով, ներկայացուցիչ Քաթրին Քլարք յայտնեց հետեւեալը. «Այսօր ես կանգնած եմ իմ շրջանի ընտրողներուս հետ, բայց յատկապէս` Ուոթըրթաուն, Մասաչուսեցի ընտրողներուն հետ, ուր կը գտնուի հայկական սփիւռքի բարգաւաճող գաղութ մը, եւ կը պահանջեմ, որ ընդունուի թիւ 296 բանաձեւը եւ ընդունուի այս ոճրագործութիւնը մարդկութեան հանդէպ, ինչպէս որ է` ցեղասպանութիւն»:
Կէսօրին Հայ դատի յանձնախումբի անձնակազմը եւ կամաւորներու խումբերը հաւաքուած էին Ներկայացուցիչներու տան սրահին մէջ` ուղղակիօրէն դիտելու քոնկրեսական քննարկումը: Այնտեղ կը գտնուէր այլազան բազմութիւն մը, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսիսեան, Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան, Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, Հայ դատի յանձնախումբի անձնակազմը եւ կամաւորները, ամերիկահայեր` տարբեր կազմակերպութիւններէ, ինչպէս նաեւ` վեթերան զօրակցողներ եւ 7 տարեկանէն վեր մանուկներ:
Կէսօրուան ժամը 12:39-ին նախագահ ՄաքԿովըրն սկսաւ քննարկումը «կանոն»-ին շուրջ` հաստատելու համար յանձնախումբին կատարած յանձնարարականները գիշեր մը առաջ: «Կանոն»-ի ընդունումը պիտի հարթէր ճամբան, որպէսզի Ներկայացուցիչներու տունը նոյն օրը քննարկէ թիւ 296 բանաձեւը: Ձախողութիւնը պիտի սպաննէր նաեւ բանաձեւը: Վեթերան զօրակցողները գիտէին, որ 1985-ին եւ 1987-ին Հայոց ցեղասպանութեան նախկին օրէնսդրութիւնը ձախողած էր, քանի որ «կանոն»-ին դէմ քուէարկուած էր, ուրեմն քննարկման այս բաժինը հիմնական էր:
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի` Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Պատմական Քուէարկութեան Ուղղուած Քայլ Առ Քայլ Աշխատանքը
Քննարկումներու կրճատուած տարբերակը.
Ներկայացուցիչ Մայքըլ Պըրկըս. «Մինչ կայ պատմական նախադէպ` ընդունելու Հայոց ցեղասպանութիւնը, այսպիսի բանաձեւ մը ընդունիլը այսօր կրնայ բարդացնել կացութիւնը ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցի մը հետ: Նախապէս ատիկա պատճառ դարձած էր ցոյցերու Ինճիրլիք ռազմաօդային խարիսխին մէջ եւ շուրջը, եւ ազդած էր զինուորականներուն վրայ, որոնք հոն տեղակայուած են: Հակառակ անոր որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու փափաքը գնահատելի է, սակայն այս իրադարձութիւնները պատահած են 100 տարի առաջ: Յստակ չէ, թէ ինչո՛ւ մենք շտապ ձեւով կ՛ուզենք քննարկել այս բանաձեւը»:
Ներկայացուցիչ Ճիմ ՄաքԿովըրն. «Ես յուսախաբ եմ եւ որոշ չափով վիրաւորուած` այն խօսքին պատճառով, որ ասիկա կարեւոր հարց մը չէ: Յիշեցնեմ անոր, որ 1,5 միլիոն հայեր սպաննուեցան Օսմանեան կայսրութեան կողմէ եւ նոր ձեւաւորուող Թուրքիոյ կողմէ: Անոր յիշեցնեմ, որ անհամար` հարիւր հազարաւոր մարդիկ ստիպուած եղան փախչելու ճնշումներուն պատճառով: Անոր յիշեցնեմ նաեւ, որ ասիկա Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան պաշտօնական քաղաքականութիւնը չէ»:
Ներկայացուցիչ Տոնա Շալալա. «Իմ մեծ հայրս եւ մեծ մայրս լքեցին Օսմանեան կայսրութիւնը նոր սկսած ցեղասպանութեան ժամանակ, բայց անոնց ազգականները նոյն բախտը չունեցան: Իմ մեծ հայրս եւ մեծ մայրս մարոնի համայնքին կը պատկանէին: Ես կը յիշեմ` երբ մեծ մայրս արցունքոտ աչքերով կը խօսէր իր հայ ընկերներուն եւ շատ մը մարոնիներու եւ ամալեքիթներուն մասին, որոնք ջարդուեցան Օսմանեան կայսրութեան կողմէ: Իբրեւ երեխայ` ես կը յիշեմ արցունքները եւ տառապանքը մեր հայ դրացիներուն եւ այլ համայնքներու, որոնց արցունքները չեմ կրնար սրբել»:
Ներկայացուցիչ Ճուտի Չու. «Ես նոր վերադարձայ Հայաստանէն, ուր այցելեցի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանը: Չեմ կրնար տեսած նկարներս միտքէս հանել. հայ կիներ եւ երեխաներ ջարդուած` զանգուածային գերեզմաններու մէջ, հայ ղեկավարներ կախուած` իբրեւ օրինակ ծառայելու ուրիշներու, հայեր բռնի մահուան ճամբու դրուած` առանց ուտելիքի կամ ջուրի: Հայոց ցեղասպանութիւնը վերջապէս ճանչնալու այս բանաձեւը պէտք էր աւելի շուտ ներկայացուէր, որովհետեւ կան մարդիկ իմ շրջանիս մէջ, ինչպէս` Ժոզեֆ «Պէպօ» Մանճիկեանը: Երբ անոր ծանօթացայ, ան 104 տարեկան էր, բայց իր աթոռին վրայէն ինծի պատմեց իր ընտանիքի բազմաթիւ անդամներուն մասին, զորս կորսնցուցած է Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ: Պէպօ մահացաւ նախքան այս օրը տեսնելը: Ան չէ մոռցած զանոնք, եւ ոչ ալ` մենք»:
Ներկայացուցիչ Ֆրանք Փալոն. «Մարդկութեան դէմ այս ոճիրը պիտի ծառայէ իբրեւ նախագիծ` իրագործուած այլ ցեղասպանութիւններու նացիական համակեդրոնացուած ճամբարներուն մէջ, ինչպէս նաեւ` Լեհաստանի, Գերմանիոյ արեւելեան Եւրոպայի ջարդերուն, եւ նորագոյնը` Պոսնիոյ եւ Ռուանտայի: Այս բանաձեւին ընդունումը կարեւոր քայլ մըն է իրազեկութեան համար եւ աշխարհին ցոյց տալու, որ մենք յանձնառութիւն ունինք մարդկային իրաւունքներու եւ իւրաքանչիւր մարդու կեանքի արժանապատուութեան հանդէպ»:
Ներկայացուցիչ Լինտա Սանչեզ. «Սրտաճմլիկ է, որ ոմանք կը նախընտրեն ժխտել մեր անցեալը, քան` դասեր քաղել պատմութեան մէջ այս ցաւալի պահէն: Ատիկա նախատինք է այն միլիոնաւոր մարդոց, որոնք մեռան եւ այն միլիոնաւոր մարդոց, որոնք իրենց կեանքը վտանգի տակ դրին, որպէսզի փախչին վայրագութիւններէն: Ժխտելը շատ դիւրին է, աւելի դժուար է ճշմարտութեան դիմաց կանգնիլը, եւ ատիկա ընելը ճիշդ արարքն է: Երբ մենք վերստին կը գրենք մեր պատմութեան ամէնէն սեւ էջերը, թոյլ կու տանք, որ անոնք կրկին պատահին: Միացեալ Նահանգներ չեն կրնար մեղսակից ըլլալ այս ժխտումին»:
Ներկայացուցիչ Ըրլ Պլումենաուր. «Պարո՛ն նախագահ, տարիներ շարունակ մենք այս նիւթին շուրջը դարձած ենք: Ատիկա բարդ է թուրքերուն հետ մեր յարաբերութեան մէջ, որ փորձեցինք ունենալ: Բայց ցեղասպանութեան ժխտումը չէ օգնած լուծելու այս խնդիրները: Ատիկա չէ փոխած թուրքերու վերաբերմունքը: Նայեցէք, թէ այսօր ի՛նչ կը պատահի քիւրտերուն հետ: Այս սարսափելի հանգրուանը չընդունիլը բեռ մըն է մեր բոլորին համար. պէտք է աջակցիլ մարդկային իրաւունքներուն, ճշմարտութիւնը ընդունիլ, հարցը փակել եւ մխիթարութեան զգացում տալ այն ժողովուրդին, որ տառապած է այս սարսափելի արարքին պատճառով, եւ հաստատել, որ մենք միասնական ենք այս ցեղասպանական գործողութիւններէն դէմ կենալով»:
Ներկայացուցիչներու տունը ընդունեց «կանոն»-ը խիստ կուսակցական քուէարկութեամբ` 223 ընդդէմ 191-ի, սպասուած արդիւնք մը, քանի որ «փակ» կանոնները միշտ խիստ քաղաքականացուած են: Մեծամասնութեան կուսակցութիւնը (այս պարագային` դեմոկրատական), որ քուէարկեց ի նպաստ, իսկ փոքրամասնութեան կուսակցութիւնը (այս պարագային` հանրապետական) դէմ քուէարկեց:
Հայոց ցեղասպանութեան թիւ 296 բանաձեւի քուէարկութեան օրը. բանաձեւին քննարկումը
Յետմիջօրէի ժամը 2:19 – Ասիկա Ներկայացուցիչներու տան քննարկումն էր, որուն ամէն ոք կը սպասէր. գլխաւոր քննարկումը Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւին` առաջնորդելով բանաձեւին քուէարկութեան: Նախագահ Էնճըլ բացաւ նիստը` վարելով խօսք առնող դեմոկրատներու քննարկումները, իսկ Քրիս Սմիթ` հանրապետականներուն քննարկումները: Ստորեւ կը ներկայացնենք շարք մը խօսքեր.
Ներկայացուցիչ Էլիոթ Էնճըլ. «Ամերիկացի բազմաթիւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, դիւանագէտներ, որոնց շարքին Օսմանեան կայսրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու այդ օրերու դեսպան Հենրի Մորկնթաու եւ ապա նախագահ Ռոնալտ Ռիկըն այս բռնութիւնները իրաւացիօրէն իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչցած են: Ժամանակն է, որ մենք սխալը սրբագրենք: Միայն մեր պատմութեան ամէնէն մութ մասերու վրայ լոյս սփռելով կրնանք սորվիլ չկրկնել ատոնք: Եւ տեղի ունեցածը պատշաճ կերպով ընդունիլը, ճանչնալը անհրաժեշտ քայլ է զոհերուն համար»:
Ներկայացուցիչ Քրիս Սմիթ. «Բանաձեւին մէջ նոյնպէս կը նշուի, որ Միացեալ Նահանգներ մեծ դեր ունեցած են մարդասիրական օգնութեան ջանքերուն մէջ եւ, անշուշտ, «Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց» օգնութեան գործակալութիւնը փրկած է տասնեակ հազարաւոր հայեր եւ ուրիշներ: Իրականութեան մէջ պատմաբան Հաուըրտ Սաչար նշած է, որ այդ գործակալութիւնը «բառացիօրէն գրեթէ ամբողջ ժողովուրդ մը ողջ պահեց», եւ ատիկա արտացոլուած է բանաձեւին մէջ: Այդուհանդերձ, այսօր Հայոց ցեղասպանութիւնը 20-րդ դարու միակ ցեղասպանութիւնն է, որմէ վերապրածները, ընտանիքը եւ բոլոր անոնք, որոնց համար կարեւոր է այս խնդիրը, ենթարկուած են ցեղասպանութեան ժխտման զանգուածային, լաւապէս ֆինանսաւորուած, յարձակողապաշտ արշաւի շարունակական զայրոյթին: Այդ արշաւը կը վայելէ պետական իշխանութեան` այս պարագային Թուրքիոյ կառավարութեան բացայայտ աջակցութիւնը եւ շռայլ ֆինանսաւորումը»:
Մեծամասնութեան առաջնորդ Սթենի Հոյեր. «Այս բանաձեւը, պարո՛ն նախագահ, կը ճանչնայ դար մը առաջ հայ ժողովուրդին դէմ ցեղասպանութիւն իրականացնելու սարսափելի եւ համակարգուած ջանքերը: Կարելի չէ ժխտել Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ ապացուցուած է պատմական փաստաթուղթերու եւ ցեղասպանութենէն փրկուածներու սերունդներու հոգիներուն մէջ տակաւին գտնուող յուզական սպիներով: Ատիկա Օսմանեան կայսրութեան կողմէ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին եւ ատկէ ետք իրականացուած ցեղային զտումներու արշաւ էր, եւ ատիկա յանգեցուց թիրախաւորուած այլ խումբերու կողքին` 1,5 միլիոն հայերու մահուան»:
Ներկայացուցիչ Ատամ Շիֆ. «Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու համար միշտ ճիշդ ժամանակն է, բայց ատիկա յատկապէս այդպէս է այսօ՛ր: Որովհետեւ, երբ մենք կը տեսնենք Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ սարսափած քիւրտ ընտանիքներու պատկերները` բեռցնելով իրենց ունեցուածքը ինքնաշարժներու կամ կառքերու մէջ եւ փախչելով իրենց տուներէն, ուղղուելով ոչ մէկ տեղ` բացի թրքական ռումբերէն եւ ասպատակող զինեալներէն, ինչպէ՞ս կրնանք իսկապէս ըսել, որ դար մը առաջ կատարուած ոճիրները մարդկութեան դէմ կը գտնուին անցեալին մէջ: Չենք կրնար: Մենք չենք կրնար առանձնացնել եւ ընտրել, որ մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիրներէն ո՞ր մէկուն մասին խօսիլը պատշաճ է: Մենք մեղմաբանութիւններով չենք կրնար ծածկել մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը: Մենք չենք կրնար լռութեան մատնուիլ օտար ուժի կողմէ»:
Ներկայացուցիչ Աննա Էշու. «Ասիկա խորապէս անձնական հարց է ինծի համար: Ես հայ-ասորական ծագում ունեցող միակ անդամն եմ Քոնկրեսին մէջ եւ հայկական ժառանգութիւն ունեցող երեքէն մէկը` Ներկայացուցիչներու տան մէջ, կարծեմ ամբողջ Քոնկրեսին, ծերակոյտին եւ խորհրդարանին մէջ: Ձեզմէ ոմանք գիտեն, որ իմ ընտանիքիս անդամներէն ոմանք զոհերու շարքին էին, եւ ծնողքս իրենց ընտանիքներուն հետ փախան Ամերիկա: Ինչպէս իմ հայրս ըսած է, «Լաւագոյն գաղափարը, որ երբեւէ ծնած է, Ամերիկան է»:
Ներկայացուցիչ Քարոլին Մալոնի. «104 տարի առաջ, 1,5 միլիոն հայեր սպաննուեցան Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ընթացքին: Այդ ժամանակէն ի վեր աշխարհի զանազան երկիրներէ ժամանած հայկական համայնքները, ներառեալ` իմ շրջանիս բնակիչները, ստիպուած եղած են պայքարիլ յանուն ճանաչման եւ արդարութեան` Թուրքիոյ ժխտման դէմ, արտայայտուած բազմաթիւ միջոցներով` սկսեալ Կիպրոս թրքական ուժերու ապօրինի ներխուժումէն, մինչեւ քիւրտերու դէմ եղած դաժան յարձակումները Թուրքիոյ սահմաններէն ներս եւ դուրս»:
Ներկայացուցիչ Ճեքի Սփիր. «Նոյնիսկ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը ըսաւ, որ հայերը անցած են մարդկութեան ամէնէն մեծ ողբերգութիւններէն մէկէն: Իրանի նախկին փոխնախագահը նշած է, որ օսմանեան Թուրքիոյ կառավարութիւնը գործադրած է ցեղասպանութիւնը 1915-ին: Եթէ մեր թշնամիները կրնան խօսիլ այդ մասին, եթէ անոնք կրնան կողմնորոշուիլ, անշուշտ մենք ալ կրնանք: Հայոց ցեղասպանութիւն, մենք այստեղ պէտք է ըսենք, այդ տեղի ունեցած է եւ այլեւս երբեք չի կրկնուիր: Մենք պարտաւոր ենք կատարել այդ յանձնառութիւնը»:
Ներկայացուցիչ Կաս Պիլիրաքիս. «Ցեղասպանութիւնները, ուր եւ երբ ալ տեղի ունենան, չեն կրնար անտեսուիլ, անկախ անկէ, անոնք տեղի ունեցած են 20-րդ դարուն մէջ օսմանեան թուրքերո՞ւ կողմէ, թէ՞ 20-րդ դարու կէսերուն Երրորդ Ռայխի եւ Տարֆուրի կողմէ: Ցեղասպանութիւնը պէտք է ճանչցուի այնպէս, ինչպէս որ է. պատուհաս մարդկային ցեղի: Ցեղասպանութիւնը ցեղասպանութիւն է, պարո՛ն նախագահ, նոյնիսկ եթէ ատիկա մեր, այսպէս կոչուած, ռազմավարական դաշնակիցներուն կողմէ ծրագրուած եւ գործադրուած է»:
Ներկայացուցիչ Տէյվիտ Սիսիլին. «Ապագայ ցեղասպանութիւնները եւ զանգուածային վայրագութիւնները կանխելու համար շատ կարեւոր է, որ մենք երբեք չմոռնանք այն դէպքերը, որոնք տեղի ունեցած են արդէն: Շատ երկար ժամանակ մենք արտասահմանեան շահերուն թոյլ տուած ենք լոպիինկ ընել Միացեալ Նահանգներուն մէջ` ի շահ այլ կողմ դառնալու եւ ամբողջովին չճանչնալու Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը: Այդ մէկը այսօր կ՛աւարտի»:
Ներկայացուցիչ Ճիմ Քոստա. «Այս վերապրածներէն շատերը բնակութիւն հաստատեցին իմ շրջանի Սան Խոաքին Հովիտին մէջ, ուր անոնք կ՛ապրէին, եւ անոնց երեխաները կը վայելէին ազատութեան օրհնութիւնները եւ կ՛ապրէին Ամերիկեան երազը: Այս անհաւատալի, բազմազան Հովիտը, որ ես պատիւ ունիմ ներկայացնելու, մենք երբեմն կ՛անուանենք իբրեւ նշանաւոր հայ հեղինակ Ուիլիլըմ Սարոյեանի հող: Ֆրեզնոյի պետական համալսարանը Միացեալ Նահանգներու միակ համալսարանն է, որ ունի Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան, շատ սրտաշարժ յուշարձան մը` անոնց նախնիներուն նուիրուած»:
Ներկայացուցիչ Թետ Լիու. «Միացեալ Նահանգներ բնաւ պէտք չէ վախնան ճշմարտութիւնը ըսելու, բայց մենք երկար ատեն չճանչցանք Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այդ մէկը այսօր կ՛աւարտի: Ներկայացուցիչներու տունը պաշտօնապէս պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը»:
Ներկայացուցիչներու տան բանբեր Նենսի Փելոսի. «Ես կը կանգնիմ միանալու իմ պաշտօնակիցներուս ` 20-րդ դարու մեծ վայրագութիւններէն մէկուն` Օսմանեան կայսրութեան կողմէ աւելի քան 1,5 միլիոն հայ տղամարդոց, կիներու եւ երեխաներու համակարգուած սպանութեան հանդիսաւոր յիշատակման»:
Ներկայացուցիչ Ճոն Սարպէյնզ. «Այդուհանդերձ, Սուրիոյ քիւրտերու դէմ Թուրքիոյ գործողութիւնները ամրապնդեցին այն փաստը, որ մեզմէ շատերը շատոնց գիտէին. Էրտողանի Թուրքիան չի հանդուրժեր մարդկային իրաւունքները կամ կրօնական ազատութիւնը, այլ փոխարէնը` կը տարածէ բռնատիրութիւնը, ուր որ կ՛երթայ: Էրտողանի արհամարհանքը ժողովրդավարութեան եւ դաշնակիցի նկատմամբ ցուցադրուեցաւ 2 տարի առաջ, երբ անոր թիկնապահները յարձակեցան խաղաղ ցուցարարներու վրայ ճիշդ հոս` մեր երկրի մայրաքաղաքին մէջ»:
Ներկայացուցիչ Պրենտա Լորանս. «Հայազգի բազմաթիւ ամերիկացիներու համար, որոնք այսօր կը շարունակեն ամրապնդել մեր երկիրը, մենք կը պատուենք այդ ներդրումները պատմութեան անկեղծ յայտարարութեամբ` 1,5 միլիոն հայերու կոտորածը ճանչնալով իբրեւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն»:
Ներկայացուցիչ Շէյլա Ճեքսըն Լի. «Ես իմ զօրակցութիւնս կը յայտնեմ, որպէսզի Միացեալ Նահանգներ վերջապէս ստանձնեն այս դիրքորոշումը: Արիւնահոսութիւնը եւ ցեղասպանութիւնը պէտք չէ հանդուրժուին, անկախ անկէ, թէ որքա՛ն ժամանակ ետք մենք հասանք ատոր: Եւ այսպէս, ես կը կանգնիմ այն բառերուն հետ, որոնք մենք այժմ իբրեւ Միացեալ Նահանգներ կը յիշատակենք Հայոց ցեղասպանութեան` պաշտօնական ճանաչման եւ յիշատակի միջոցով: Մենք պիտի մերժենք այն ջանքերը, որոնք կ՛ընդգրկեն, կը ներգրաւեն կամ այլ ձեւով կ՛առնչեն Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան կամ որեւէ այլ ցեղասպանութեան ժխտման»:
Ներկայացուցիչ Էտի Պեռնիս Ճոնսըն. «Այս հակարդիւնաւէտ բանաձեւը չի պատմեր շրջանի ամբողջական պատմութիւնը Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն, եւ կը վերաբանայ վէրք մը շրջանին մէջ` յոյներու, թուրքերու, հայերու, քիւրտերու եւ այլ ցեղային խումբերու միջեւ: Կողմնակից ըլլալով այս խումբերէն մէկուն նախընտրած պատմութեան, առանց հաշուի առնելու շրջանի այլ ցեղային խումբերու տրամադրած տեղեկատուութիւնը, պիտի ըլլայ ձախողութիւն մը` կատարելու մեր պատշաճ ջանքը եւ լսելու բոլոր կողմերը պատմական նշանակութիւն ունեցող այս հարցին մէջ: Այս բանաձեւին վերաբերեալ ոչ մէկ լսում եղած է, եւ ան յայտնուած է Ներկայացուցիչներու տան մէջ` առանց վերջնական տեսք առնելու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին գործերու յանձնախումբին մէջ»:
Ներկայացուցիչ Կրէյս Նափոլիթանօ. «Ինծի համար պատիւ է, որ աջակցած եմ այս բանաձեւին Քոնկրեսին մէջ իմ պաշտօնավարութեանս ամբողջ ընթացքին: Հակառակ անոր որ պէտք չէր այսքան երկար տեւէր, բայց այսօր պատմական օր է, քանի որ Ներկայացուցիչներու տունը վերջապէս կ՛ընդունի Հայոց ցեղասպանութիւնը` ճանչնալով հայ ժողովուրդին օգնելու համար մեր կառավարութենէն շատերու հերոսական ջանքերը եւ պատուելով այս ողբերգութեան զոհերու յիշատակը»:
Հայոց ցեղասպանութեան թիւ 296 բանաձեւի քուէարկութիւնը
Յետմիջօրէի ժամը 5:00. Նախագահող պաշտօնատարը` ներկայացուցիչ Ճէյսըն Քրաու պաշտօնապէս բաց կը յայտարարէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան նիստը, կոչ կ՛ընէ կարդալու Հայոց ցեղասպանութեան թիւ 296 բանաձեւի նախաբանը եւ Քոնկրեսի անդամներուն կու տայ 15 վայրկեան` քուէարկելու համար:
Քոնկրեսի սրահին եւ Միացեալ Նահանգներու ամբողջ տարածքին մէջ գտնուող հայերը անհամբեր կը հետեւէին քուէարկութեան` արդիւնքը տեսնելու համար: 15 վայրկեանի մեծ մասին ընթացքին շատ քիչեր քուէարկած էին: Հետեւողները մտահոգ էին արդիւնքին համար: 15 վայրկեանը եկաւ ու անցաւ, անդամներուն մեծամասնութիւնը տակաւին չէր քուէարկած: Քանի որ ատիկա այդ ժամուն առաջին քուէարկութիւնն էր, ժամկէտը երկարաձգուեցաւ: Կարելի էր տեսնել Քոնկրեսի անդամները, որոնք կը զրուցէին` սպասելով քուէներուն: 218 թիւը յաղթանակի կախարդական թիւը կրնար ըլլալ: Երբ թիւերը սկսան բարձրանալ` 210 – 216 – 218 – 221, սրահին մէջ ուրախութեան ճիչեր սկսան լսուիլ` երեխաներու առաջնորդութեամբ: Քոնկրեսի երկու ամերիկահայ անդամներ` Ճէքի Սփիր եւ Աննա Էշու գրկախառնուած էին: Հանրապետականներն ու ժողովրդավարականները, որոնք յաճախ տարակարծութիւններ կ՛ունենան աւելի լայն քաղաքական հարցերու շուրջը, իրարու ձեռք կը սեղմէին` իբրեւ շնորհաւորութիւն: Մինչ թիւը կը բարձրանար` 300 – 350 – 400… նախագահին մուրճը հարուածեց եւ քուէարկութեան արդիւնքը յայտարարուեցաւ. 405 կողմ, 11 դէմ եւ 3 ձեռնպահ:
Ցնծութեան գոչիւնը կը լսուէր սրահին մէջ: Քոնկրեսի անդամներ, ներառեալ` նախագահ Նենսի Փելոսին, կ՛ողջունէին Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին գործիչները: Ուրախութիւնը կը տարածուէր ընկերային ցանցերու միջոցով` ամբողջ երկրին եւ աշխարհին մէջ: Քանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական դպրոցներու աշակերտներ, որոնք դադրեցուցած էին դասերը` հետեւելու համար հոլովոյթին, ուրախ կը ցատկռտէին: Հայ դատի յանձնախումբի Ֆէյսպուքի եւ Թուիթըրի էջերը պայթեցան` արձագանգելով Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան որոշումին:
Երեսունհինգ տարի ետք Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը բացարձակ ուժով յայտարարեց Հայոց ցեղասպանութեան ազնիւ յիշատակին իր զօրակցութիւնը` խորտակելով այս ոճրագործութեան կապուած Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան դէմ Թուրքիոյ վեթոն:
Հանրապետական Էշու եւ Շալալա Ներկայացուցիչներու տունէն դուրս եկող ամերիկահայերուն հետ ձեռք կը սեղմէին` տօնելով Քոնկրեսի սկզբունքային դիրքորոշումը:
Սրահին մէջ գտնուողներէն շատերը կարճատեւ տօնակատարութեան համար կ՛ուղղուէին Հայաստանի դեսպանատուն: Բայց Հայ դատի յանձնախումբի տասնեակ հազարաւոր կողմնակիցներ` Քափիթոլ Հիլի վրայ եւ Միացեալ Նահանգներու ամբողջ տարածքին մէջ, արդէն իսկ իրենց հայեացքները ուղղած էին դէպի յաջորդ մարտահրաւէրը` ծերակոյտի կողմէ ընդունումը այդ բանաձեւին (Ծերակոյտ Բանաձեւ 150):
Եւ ճշմարտութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան արդարութեան համար Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին պայքարը կը շարունակուի:
ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ