Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Քեսապ հայաւանը կը գտնուի Միջերկրական ծովուն հարեւանութեամբ՝ Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը՝ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Իսկէնտէրուն (այժմ` Հաթայ) նահանգին սահմանագիծին վրայ։ 2014ի մարտ 21ին` առաւօտուն, Քեսապի բնակչութիւնը տեղահան կ’ըլլար, երբ յանկարծակիօրէն թրքական բանակի զօրանոցներու ճիշդ տակէն ու անոնց օժանդակութեամբ ահաբեկչական խումբեր՝ «Ահրար ալ Շամ» եւ անոնց դաշնակից խմբաւորումներ («Ճապհէթ ալ Նուսրա»ի մաս կազմող, թուրքմէն, թուրք, աֆղան, չէչէն, ազերի եւ այլ զինեալներ), կը ներխուժէին Քեսապ երեք կողմերէ, մինչ բնակչութիւնը (հայ ու ոչ հայ) ազատ մնացած միակ՝ չորրորդ կողմէն կը յաջողէր մազապուրծ դուրս գալ լարուած թակարդէն՝ պաշարումէն, որոնք կը միտէին պատանդ վերցնել շրջանը իր բնակչութեամբ՝ հաւանաբար քաղաքական սակարկումի մտնելով շրջանային ուժերուն հետ, ապա հայաթափել, ինչպէս որ Թուրքիան յաջողած էր Սուրիոյ՝ Թուրքիոյ հետ սահմանագիծին վրայ գտնուող հայաշատ գիւղերը դատարկել հայութենէն:
Քեսապի այս տեղահանութիւնը երրորդն էր մօտ 110 տարուայ ընթացքին: Առաջինը 1909ի Ատանայի կոտորածներուն ընթացքին էր, երբ Քեսապ շրջանի տուներ հրկիզուելէ ետք բնակչութիւնը (բացարձակապէս հայեր), 164 զոհ տալով, կը տեղահանուէր, երկրորդը՝ 1915ին, երբ Մեծ եղեռնը կուլ կու տար անոր 7000է աւելի բնակչութեան 5000ը:
Երրորդ տեղահանութենէ ետք քեսապցիք երեք ամիս (84 օր) կ’ապաստանէին Լաթաքիա, համանուն նահանգին կեդրոնական քաղաքը, 60 քմ Քեսապէն հարաւ, Լիբանան՝ Պէյրութ, եւ Այնճար ու Հայաստան:
Սուրիոյ ազգային բանակին կողմէ ազատագրուելէ ետք` 2014ի յունիս 14ին, Քեսապի բնակչութիւնը սկսաւ տուն վերադառնալ` գտնելու իր ընդհանրապէս կողոպտուած եւ երբեմն կիսաքանդ բնակարաններն ու հաստատութիւնները: Տեղահանութեան այս բռնարարքին զոհերուն թիւը, բարեբախտաբար, չ’անցաւ 6ը (որոնցմէ 2ը` հայորդիներ), սակայն քանդուեցաւ անոր ենթակառոյցը, որ շուտով կարելի եղաւ վերականգնել պետութեան կողմէ կամ անոր օժանդակութեամբ, իսկ կողոպտուած հաստատութիւնները (դպրոցներ, եկեղեցիներ, տնտեսական հաստատութիւններ եւ այլն), խոպան ու անմշակ մնացած պտղատու այգիներն ու անձնական բնակարանները վերականգնելու գործընթացը երկար ժամանակ ու մեծ ճիգ խլեց բնակչութենէն անցնող վեց տարուան ընթացքին:
Այստեղ միջանկեալ ընդգծենք, որ ոչ միայն Քեսապի «սփիւռքէն» (մասնաւորաբար ԱՄՆ, Գանատա, Արաբական ծոցի երկիրներ եւ այլն), այլեւ համայն հայութենէն փութացած օժանդակութիւններուն միջոցաւ կարելի եղաւ կարճ ժամանակի մէջ վերականգնել Քեսապի վարժարանները, հացատուն-փուռը, ժողովրդային սառնարանը (սառնարանի բաժնետիրական ընկերութիւն) եւ կարգ մը եկեղեցիներ, իսկ անձնական հաստատութիւնները աւելի ուշ վերականգնեցան:
Այս միջանկեալ ընդմիջումին կը փափաքիմ կցել քեսապահայութեան երախտապարտութեան արտայայտութիւնը` համայն հայութեան նեցուկին ու օժանդակութեան համար, առանց որուն անկարելի պիտի ըլլար վերականգնումը իրագործուած ծաւալով ու արագութեամբ կատարել:
Կողոպտուած երկրագործական սարքերուն առնչաբար բարեսիրական կողմերէ ստացուեցան թրաքթէօրներ եւ այլ անհրաժեշտ գործիքներ, որոնք աննշան վարձքի մը փոխարէն, համագործակցականի կարգով ու ոգիով, փոխնիփոխ կը տրուին գիւղատնտեսութեամբ զբաղողներուն, ինչ որ այդ մարզին կապուած անհատներուն ոչ միայն մղեց կալուածները մշակելու գործին, այլեւ այդ մարդիկը կառչած պահեց հողին:
Յաջորդ տարիներուն կարելի եղաւ վերականգնել վաճառատուներուն եւ հիւրանոցներուն, ճաշարաններուն, զբօսաշրջութեան ու ամառանոցի ծառայող հաստատութիւններուն մեծ մասը:
Օդափոխութեան եկողներուն թէ մնայուն բնակչութեան խաղաղ գոյակցութիւնը յաճախ խափանուեցաւ Քեսապէն 20 քմ հեռու գտնուող զինեալ ահաբեկիչ խմբաւորումներուն կողմէ, որոնք յաճախ հրթիռներ տեղացուցին Քեսապի վրայ, սակայն, բարեբախտաբար, առանց կարենալու զոհեր խլել, նոյնիսկ ապրելու, խաղաղ ապրելու կամքը ընկճել:
Սակայն պատերազմական պայմանները, երկրին մէջ տիրող անգործութիւնը` մէկ կողմէն, միւս կողմէն` աշխատող մարդուժի սակաւութիւնը բազմատեսակ տագնապներ առթեցին, մանաւանդ ժխտական անդրադարձ թողուցին երիտասարդութեան վրայ:
Անոնցմէ մէկ մասը, կանչուած զինուորական ծառայութեան, երկարաժամկէտ մնաց (մաս մը ցարդ կը մնայ 8 եւ աւելի տարի) բանակին մէջ: Ուրիշներ, խուսափելով այս իրավիճակէն, դուրս եկան երկրէն: Այլ շերտ մը ապրուստը ապահովելու նպատակով, գործի փնտռտուքի համար թէ բարձրագոյն ուսման ձգտումով մեկնեցաւ երկրէն: Անշուշտ, այս երեւոյթը յատուկ չէ միայն Քեսապին, այլ համասուրիական է: Բարեբախտաբար, Քեսապի հայ երիտասարդութեան հանգրուանները եղան Լիբանան կամ Հայաստան, իսկ ոմանք հասան հեռաւոր երկիրներ` Գանատա, Աւստրալիա: Երիտասարդութեան վերոյիշեալ կացութիւնը իր հետքը թողուց ընկերային վիճակի վրայ: Սակաւ դարձան պսակներն ու ամուսնութիւնները` խախտելով ընտանիքներ կազմելու բնականոն ընթացքը, ինչ որ իր ժխտական անդրադարձը թողուց Քեսապի հայկական վարժարաններուն թուական պատկերին վրայ: Տասնեակ մը ընտանիքներ լքեցին Քեսապը, որոնց մէկ մասը հասաւ Գանատա, իսկ միւսը՝ Աւստրալիա:
Նախքան 2014ի տեղահանութիւնը Քեսապ հաստատուած էին մի քանի տասնեակ ընտանիքներ` գալով մասնաւորաբար մօտակայ Եագուպիէ շրջանէն (Քեսապէն մօտ 100 քմ հեռու` Իտլիպ նահանգին մէջ` թրքական սահմանին մօտ) կամ տագնապահար Հալէպէն, բռնագրաւուած Ռաքքայէն, նոյնիսկ Տէր-Զօրէն: Անոնք եւս քեսապահայութեան հետ տեղահան եղան. եագուպիահայերուն մեծ մասը վերադարձաւ Քեսապ, իսկ միւսները, ցաւոք, անվերադարձ մեկնեցան այլուր:
Վերոյիշեալներուն Քեսապի մէջ տրուեցան բնակարաններ: Անոնց բնակարանային, կենցաղային, կրթական եւ այլ հարցերով կեանքի կոչուած էր Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի Քեսապի գործադիր մարմինը, ուր ներկայացուած էին ժողովուրդին բոլոր հատուածները (միութիւններ, յարանուանութիւններ եւ այլն):
Քեսապի տեղահանութեան առաջին իսկ օրերէն եւ ցայսօր այս եւ նման հարցերով կը շարունակէ զբաղիլ վերոյիշեալ գործադիր մարմինը, որ միաժամանակ իրաւատէրն է իրեն յանձնուած գիւղատնտեսական սարքերուն: Մարմինը կը շարունակէ նպաստաբաժանումի առաքելութիւնը, երբ բարեսիրական կազմակերպութիւններ կը փափաքին օժանդակութիւն հասցնել ժողովուրդին:
Անշուշտ, կան նաեւ հայկական այլ բարեսիրական կառոյցներ, որոնք իրենց կարգին կ’աշխատին օժանդակել ժողովուրդին` հասնելով անոր առողջապահական կարիքներուն (բժշկական տարրալուծարան, շրջուն դարմանատուն-ինքնաշարժ եւ այլն), ինչպէս նաեւ կենցաղային այլ նպաստներ մատուցելով:
Սուրիոյ տագնապին հեղինակներէն Արեւմուտքը, գլխաւորութեամբ ԱՄՆին, տնտեսական պաշարումի եւ շրջափակումի ենթարկած է երկիրը` պատճառ դառնալով, որ տնտեսական սուր տագնապ յառաջանայ, որմէ զերծ չեն Քեսապն ու քեսապցին:
Սուրիական դրամանիշ լիրան մեծ անկում արձանագրեց օտար դրամանիշներուն համեմատ` պատճառ դառնալով, որ սղաճ տեղի ունենայ: Շրջափակումը պատճառ դարձաւ, որ կենսական նիւթերը, վառելանիւթը եւ այլ անհրաժեշտութիւններ ապահովելու գործընթացը խիստ դժուարութեանց բախի: Պատերազմի տասնամեակի այս հանգրուանին Սուրիոյ տնտեսական գործակից մնացած են արեւելեան գործընկերներ Ռուսիան, Չինաստանը, Պարսկաստանը եւ կարգ մը այլ երկիրներ, որոնք եւս ենթակայ են տնտեսական պաշարումի:
Այս իրավիճակին մէջ զանազան նիւթերու ներածումն ու արտածումը կը բախին զանազան արգելքներու: Այսպէս, գիւղատնտեսական մթերքներու շուկան մնացած է միայն տեղականը. արտածում գրեթէ չկայ, ինչ որ յանգած է գիներու անկման: Քեսապի արտադրած գիւղատնտեսական մթերքները եւս ենթակայ են նոյն ճակատագրին` ազդելով ժողովուրդի տնտեսական կարողականութեան վրայ:
Ասոր վրայ բարդուեցաւ 2019ի կլիմայական աղէտը, երբ գարնան կարկուտն ու սառնամանիքը փճացուցին նոր ծաղկած ծառերը, իսկ 2020ին ի յայտ եկած covid-19ի՝ քորոնայի վարակը եկաւ աւելի վատթարացնելու ժողովուրդին նիւթական վիճակը:
Այսօրուան դրութեամբ ժողովուրդը, հետեւելով միջազգային թէ շրջանային քաղաքատնտեսական վերիվայրումներուն, կառչած կը մնայ լուսաւոր վաղուան երազային յոյսին: Իսկ վերջերս ԱՄՆի կողմէ «Կայսրի օրէնքի» (Caezer’s Law) որդեգրումով, որ կը թէժացնէ ցարդ կիրարկուած շրջափակումը` սպառնալով սովի մատնել սուրիացի ժողովուրդը, հարցական կը մնայ, թէ քեսապահայութիւնը (իմա՛ նաեւ սուրիահայութիւնը) որքան կրնայ տոկալ եւ չտարուիլ նոր արտագաղթի գայթակղութեան, բան մը, որ վերջին 3-4 տարիներուն կանգ առած էր:
Տնտեսական, պատերազմական իրավիճակն ալ, անշուշտ, իր անդրադարձը թողած է ու պիտի թողու Քեսապի կրթական կեանքին վրայ: Իսկ Covid-19ի վարակը եկաւ աւելի ծանրացնելու վարժարաններուն վիճակը, երբ մանաւանդ կը սպառնայ նաեւ Քեսապի «սփիւռքին», որ վարժարաններուն գոյատեւման գլխաւոր գրաւականն էր:
Մտահոգիչ երեւոյթ է Քեսապի «սփիւռքին» մէջ գտնուող, մասնաւորաբար ԱՄՆի եւ Արաբական ծոցի երկիրներուն մէջ աշխատանքի մեկնած քեսապցիներուն նիւթական դժուարին կացութիւնը: Անոնք իրենց նիւթաբարոյական ներդրումով կը շարունակէին օժանդակել Քեսապի կրթամշակութային կեանքին եւ կառոյցներուն: Անոնք կ’օգնէին նաեւ իրենց հարազատներուն: Անոնց տնտեսական ու նիւթական կարողութեանց նահանջը կրնայ սպառնալ Քեսապին, եթէ այս թափով ու ուժականութեամբ շարունակուի այդ նահանջը:
Քեսապ, որ անցեալ դարուն կէսէն ի վեր սուրիահայութեան նախասիրած ամառանոցն էր, ապա դարձած էր Սուրիոյ համայն ժողովուրդին նախասիրած վայրերէն մին, տեղի կ’ունենային Սուրիոյ հայկական միութիւններուն տարեկան ամառնային ճամբար-բանակումները: Բանակողներուն եւ անոնց պարագաներուն Քեսապ բարձրանալը Քեսապի հայկական դիմագիծին վրայ գոյն ու քաղցր բոյր կու տայ: Այսօր սուրիահայութեան թիւի նուազումը անպայման իր մուգ շուքը պիտի թողու այդ վառ գոյնին ու քաղցր բոյրին վրայ: Սակայն այսօր Քեսապի մէջ վերոյիշեալ կազմակերպութիւններուն այդ բանակումները վերստին կազմակերպելու կամքը նոր լիցք պիտի պարգեւէ վերը նկարագրուած դժուարութիւններուն դէմ պայքարող քեսապահայութեան:
Քեսապի մէջ գործող կազմակերպութիւնները, ՀՕՄի, ՀՄԸՄի, Համազգայինի, ՀԲԸՄի եւ այլոց մասնաճիւղերը, երբ հանդիպին իրենց բաժնեկից միւս մասնաճիւղերուն, անպայման նոր ուժականութեամբ պիտի լիցքաւորուին:
Այս տողերու աւարտին, որպէս վերջաբան, կը փափաքիմ եզրակացնել, որ, հակառակ 10 տարուան պատերազմի թողած հետքերուն, հակառակ միջազգային թէ շրջանային վերիվայրումներուն եւ սպառնալիքներուն, Քեսապը` իբրեւ Կիլիկեան հայկական թագաւորութեան վերջին բեկորը, իր վերջին յոյսը, գոյատեւումի յոյսը եւ ապաւէնը կը նկատէ միասնական հայութիւնը, համայն հայութիւնը` Սփիւռքի, Հայաստանի ու Արցախի մէջ:
Կ’ընդօրինակեմ ու կը կրկնեմ դաշնակցական մտաւորականին խոսքը. «Սփիւռքը Հայաստանին համար, Հայաստանը Սփիւռքին համար»։
Քեսապ կը գոյատեւէ հայրենիքին եւ Սփիւռքի եղբայրներուն զօրակցութեամբ:
Կարօ Վ. Մանճիկեան
«Դրօշակ», թիվ 9 (1643), սեպտեմբեր, 2020 թ.